Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ սկսան «Հայրենակիցներ» խորագիրը կրող առաջին մարզական խաղերը, որոնց մէջ նկատի առնուած են նաեւ 3×3 պասքեթպոլի մրցումները:
Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի 3×3 պասքեթպոլի հաւաքականը` գլխաւորութեամբ Արեգ Վաթեանի, կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հայաստանի հաւաքականը, որ հանդէս կու գայ Ա. խմբակին մէջ, իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց Ուզպեքիստանին, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ա. հանգրուանին Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Պուլկարիա եւ Փաշքիրիա:
Նշենք, որ առաջին երկու դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: