
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Նշենք, որ Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ապահովական շարք մը հարցեր, յատկապէս առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու ջանքերը: