Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ. «ԹՐՔՈՒՀԻՆ ԵՒ…» (ԿԱՐՃ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ)

August 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտօ Մուսալեռցիի (Սնապեան) ստեղծագործական աշխատանքին արգասիքն է «Թրքուհին եւ…» գիրքը: 150 էջերով, տպուած` 2011-ին: Հեղինակին լոյս ընծայած առաջին գիրքն է, բաժնուած` երեք մասերու: Առաջին մասին մէջ կը կարդանք կարճ պատմուածքներ, մեծ մասամբ` կեանքի փորձառութենէն քաղուած յուշագրական բնոյթի երկեր:

Երկրորդ մասին տուած է «Դիտանկիւններ» խորագիրը, որ կը վերաբերի առաւելաբար լրագրա-տեղեկատուական գրութիւններու:

Երրորդ բաժինը «Անդրադարձներ» են` նուիրուած հայ կեանքին մէջ պատահած երեւոյթներու, յիշատակելի դէպքերու, ակնարկներու:

Գիրքին առաջին էջին վրայ կը կարդանք «Յառաջաբան»ը, գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանի գնահատականով, յատկապէս` «Թրքուհին» պատմուածքին առնչուած: Յիշենք, որ գիրքին անունը վերցուած է «Թրքուհին» պատմուածքին հետեւողութեամբ:

Յաջորդող էջին մէջ կը կարդանք կենսագրականը հիղինակին, որ 1950-ական թուականներուն աշակերտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, ուր ունեցած է հայագէտ ուսուցիչներ, ուր սիրած է հայոց լեզուն, մշակոյթը, հոգեմտաւոր արժէքները, որոնք զինք մղած են ծառայելու հայ գիրին ու գրականութեան:

Մարտօ Մուսալեռցի-Սնապեան ծնած ըլլալով Մուսա Լեռ` իր մանկութեան եկած է Այնճար, վայելած է Այնճարի բարիքները, նոյն ատեն տառապելով իր ծննդավայրէն արտագաղթած մարդու կարօտաբաղձութեամբ:

Երիտասարդութեան տարիներուն մեկնած է Թեհրան, հոն հաստատուած եւ` ընտանիք կազմած, տիրապետած է կիներու յատուկ դերձակի արուեստին, յաջողած է այս ասպարէզին մէջ, ուրկէ ներշնչուած` գրած է իր յուշերը:

Մարտօ Մուսալեռցին աշխատակցած է Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին` ստորագրելով «Դիտանկիւններ» սիւնակին մէջ, նկատողութիւններ` ազգային թէ ընկերային բնոյթի հարցերու, մատնանշելով դրական եւ բացասական երեւոյթներ:

Երրորդ մասով, էջ 112-149 կը կարդանք «Անդրադարձներ» բաժինը, որ իր խորքով եւ տարողութեամբ կը տարբերի նախորդ էջերու բովանդակութենէն: Այս բաժինին մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ առաւելաբար Խորհրդային Հայաստանի մէջ 70 տարիներու ընթացքին իրագործուած ապազգային եւ հակադաշնակցական տրամադրութիւններու, հայրենի գրողներուն ենթարկուած դաժան ճակատագրին վերաբերեալ վկայութիւններ, անդրադարձումներ: Կը կարդանք Գուրգէն Մահարիի հօրը սպանութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ եւ հաստատումներ, նաեւ անոր սիպերիական կեանքին եւ հակադաշնակցական համոզումներուն մասին: Յուզումով կը կարդանք Ակսել Բակունցի ճակատագրին դառն օրերուն մասին, կը ճանչնանք Բակունցը առաւել մօտիկէն, նոյն ատեն կը վերյիշենք վատ արարքները կարգ մը հայրենի գրողներու, ինչպէս` Նայիրի Զարեանի վերաբերումը, խորհրդային մուրճի հարուածներէն ճզմուած մեր բացառիկ եւ անմահանուն դէմքերու դժբախտութեան վերաբերեալ:

Հետաքրքրութեամբ կարդացինք քանիցս ընթերցուած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» մենագրութեան շուրջ, ուղղուած` 1940-ական թուականներու Գէորգ Աբովներու «սխրագործութեան», որ իր «Դաշնակ շներ» խօսքերով գուցէ փորձած էր նսեմացնել հերոսական պատումներու վերեւ կանգնած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իր սեւագրական փորձերով:

Կարդալով այս էջերը` կ՛անդրադառնանք հեղինակին լուրջ մտահոգութիւններուն` ազգային արժէքներու պահպանման եւ արժեւորման ոլորտին կապակցութեամբ:

Պարզունակ լեզուով, յստակ միտքերով գրուած են Մարտօ Մուսալեռցի-Սնապեանի երկերը. այսուհանդերձ, վերապահութեամբ կ՛անդրադառնանք գիրքին տպագրական անփոյթ օրինակին, սրբագրիչներու անպատասխանատու վերաբերումին` ուղղագրական եւ արեւմտահայերէնի աղաւաղման առնչուած:

Երեւանի մէջ տպուած այս գիրքը անտարբեր վերաբերումի ենթարկուած է, ինչ որ ներելի չէ: Ընթերցողը արհամարհելու տրամադրութիւն է, հեղինակը կատարուած իրողութեան առջեւ դնելու աններելի տրամադրութիւն: Հարկ է ուշադիր ըլլալ եւ չկրկնել նման անախորժ կացութիւններ` ընթերցողին եւ հեղինակին դժգոհութիւն չտալու համար:

Բացի տպագրական այս աններելի շեղումներէ, ընթերցման արժանի գիրք մըն է «Թրքուհին եւ…»ը, որ հեղինակին անձին հետ ծանօթութիւն մը ստեղծելով հանդերձ, մեզ կը տանի ոչ հեռաւոր անցեալի մը պատահարները իմանալու, նոյն ատեն` ծանօթանալու պատահած իրադարձութիւններուն:

Մարտօ Սնապեան վկայութիւններ բերած է իր կենսափորձերով` մարդկային եւ ազգային ճակատագրային իրադարձութիւնները լոյսին բերելով, դիտելու եւ դատելու իր արժանիքով:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդը

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ԾԱՌԱՆ. ՏՈՔԹ. ՍՈՆԱ ԵՂԲԱՅՐԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

ՀԱՅՏ ՓԱՐՔ. ՑՈՐԵՆԸ ՈՐՈՄԻՑ ԶԱՏԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.