Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սահմանադրութիւնն Ու Ընտրական Օրէնսգիրքը Պէտք Է Միասին Փոփոխութեան Ենթարկուին» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Մարտ 30, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-29-15Rusdamian«Մեր հիմնարար պահանջներէն մէկը այն է, որ մեր երկրին մէջ պէտք է երկու համակարգ միաժամանակ փոխել` թէ՛ կառավարման համակարգը, թէ՛ ընտրական համակարգը», «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութեան կարելիութեան:

Յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մասին հրապարակած է զեկուցում մը, որուն մէջ նշած է, որ մեր երկիրը մինչեւ 2017-ի  խորհրդարանական ընտրութիւններ պէտք է փոփոխութեան ենթարկէ  ընտրական օրէնսգիրքը: Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանն ալ, այդ զեկուցումին ի պատասխան, յայտարարած էր, որ իրենք կը քննարկեն Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ  փոփոխութիւններ կատարելու հարցը եւ մինչեւ ընտրութիւններ այդ հոլովոյթը պիտի իրականացնեն:

«Մենք այդ հարցը կը  գտնենք թէ՛ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ, թէ՛ անոր զուգահեռ կատարուող հոլովոյթներուն ծիրին մէջ: Մենք ժամանակին Վենետիկի յանձնաժողովին ուղարկած ենք Ընտրական համակարգի փոփոխութեան մեր պատկերացումները, որոնք բաղկացած էին 11 կէտերէ: Մենք կը կարծենք, որ նախ պէտք է ապահովուի ընտրապայքարի հաւասարութիւնը, ինչ որ պէտք է յանգի անոր, որ հրաժարինք  մեծամասնական ընտրակարգէն: Մեծամասնական ընտրակարգը  առաւելութիւն կը տրամադրէ իշխանութիւններուն: Կը ստեղծուի կարելիութիւն, որ իշխանութենէն բացի` ընդդիմութեան ներկայացուցիչներն ալ ունենան կեղծիքներու ծաւալը արձանագրելու կարելիութիւն: Այդ պատճառով պէտք է ընտրողներու ցուցակները հրապարակելու կարելիութիւն տրուի, որ պարզուի, թէ ցուցակներուն մէջ կա՞ն այնպիսի անուններ, որոնք մահացած են կամ Հայաստան չեն գտնուիր, բայց անոնց փոխարէն քուէարկած են»,  ըսաւ  Ա.  Ռուստամեան:

Ռուստամեան նաեւ կը կարծէ, որ պէտք է ապահովել ընտրական համակարգի անկախութիւնը այնպէս, որ ընտրական յանձնաժողովները կարելիութիւն ունենան երթալու ահազանգուող ընտրակեղծիքներուն  ետեւէն: Եւ ոչ թէ այդ մասին յայտնեն ոստիկանութեան, իսկ ոստիկանութիւնն ալ չերթայ կամ ուշ երթայ:

Ա. Ռուստամեանի խօսքով, ընտրական յանձնաժողովները Մարդու իրաւունքներու գրասենեակին նման պէտք է ունենան արագ արձագանգման խումբեր:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի
Վերջին Ուղերձին Մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով  միջազգային հանրութեան ուղղած ուղերձին մէջ  կան հատուածներ, որոնցմէ տպաւորութիւն կը ստացուի, որ անոնք առնուած են Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքէն: Իսկ ընդհանուր առմամբ, անոնք բոլորը հակառակ են հայ ժողովուրդին իղձերուն եւ նպատակներուն:

Այս մասին «Թերթ» կայքին հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Միայն թուրքերը կրնան ըսել, որ «դադրեցէք մեզմէ պահանջել, որ ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը», ատիկա կապել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, «հարցը ձգեցէք  սփիւռքին», «ատիկա Հայաստանի խնդիրը չէ», «զբաղեցէք այսօրուան ձեր խնդիրներով եւ այլն»», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Յիշեցնենք, որ միջազգային հանրութեան ուղղած ուղերձին մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեան նշած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման հարցը Հայաստան պէտք չէ դարձնէ իր արտաքին քաղաքականութեան հիմնաքարը, որ պէտք չէ հայկական սփիւռքին թելադրել իր օրակարգը, որովհետեւ հայ ժողովուրդին աշխարհացրիւ զաւակները, իբրեւ  տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ, հարկատու եւ  ընտրող` իրաւունք ունին ճնշում բանեցնելու կառավարութիւններու վրայ եւ անոնցմէ  պահանջելու ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Միջազգային հանրութիւնը, ընդհակառակն` այս ամէնէն կը ստանայ ազդակ մը, որ հայ ժողովուրդը հարիւր տարի շարունակ չէ հրաժարած իր արդար պահանջներէն: Եթէ ասիկա բացասական ազդակ է, կը նշանակէ, որ այդ ուղղութիւնը ուղղակի ազգի տեսակի վերացման ուղղուած գաղափարախօսութիւն է: Եկէք ոչ ոք նեղացնենք, բոլորին հետ յարմարինք` մոռնալով մեր տեսակն ու նպատակները: Այն ժամանակ ի՞նչ իմաստ ունի մեր գոյութիւնը, թերեւս լուծուինք բոլոր ազգերուն հետ, ցրուինք եւ ապրինք այսպէս անգոյ եւ անտեսակ կարգավիճակով», ըսած է Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այն միտքին, որ 100-ամեակը  լաւագոյն առիթն է  աշխարհին փոխանցելու ոչ թէ  բացասական, այլ դրական ազդակներ:

Ամփոփելով, Արմէն Ռուստամեան  ըսած է, որ իր մօտ տպաւորութիւն կայ, որ պարոն Տէր Պետրոսեան ժամանակի ընթացքին չհետեւելով համաշխարհային զարգացումներուն, հայ ժողովուրդի` միշտ պահպանող իղձերուն եւ  նպատակներուն, անընդհատ կը փորձէ խոչընդոտել անոնց իրականացումը:

«Երբ ինք յղում կը կատարէ Հռչակագիրին, ատիկա շատ լաւ է, որ կը յիշէ Հռչակագիրը, բայց մենք ալ կը յիշենք, թէ որքան ինք կը խոչընդոտէր, որ ատիկա ընդունուի 90 թուականին: Իսկ ատիկա կը սկսի անկէ, որ մենք պէտք է հայ ժողովուրդին  միասնական կամքը իրականացնենք եւ այդ կամքին հակառակ չգործենք: Ամբողջ իր այդ գրութիւնն ու մօտեցումները նոյն` հին տեսակէտներն են, բայց ատիկա իսկապէս անգամ մը եւս  կ՛ապացուցէ, որ ան կը գործէ հայ ժողովուրդին իղձերուն եւ նպատակներուն հակառակ», ըսած է Ռուստամեան:

Ան նշած է, որ լաւ է, որ Տէր Պետրոսեան քիչ մը  փոխած է դիրքորոշումը, որովհետեւ անցեալին  կ՛ըսէր, որ Ցեղասպանութիւնը չի կրնար ըլլալ հայաստանեան արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ, հիմա կ՛ըսէ` «անկիւնաքարը պէտք չէ ըլլայ»:

Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ ի զուր Տէր Պետրոսեան կը փորձէ ապահովագրել որոշ վտանգներէ, քանի որ «Թուրքիա մնայուն վտանգ է, քանի չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը»:

«Պարոն Տէր Պետրոսեան չէ հասկցած, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը շատոնց արդէն երկկողմ յարաբերութիւններու հարցէն բարձրացած, դարձած է միջազգային օրակարգի հարց: Ասիկա չ՛ուզեր տեսնել: Այնպէս, ինչպէս ատիկա չ՛ուզեր  տեսնել Թուրքիան: Շատ նման են անոնց մօտեցումները: Շատոնց արդէն այս հարցը կը նկատուի մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Ի՞նչ կը նշանակէ` մոռնանք», հարցուցած է Արմէն Ռուստամեան:

Ատիկա, ըստ անոր, հակագիտական եւ  հակահայկական մօտեցում է:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Վարչապետին Գլխաւոր Խորհրդականը 1915-ը Կը Ճանչնայ Իբրեւ Ցեղասպանութիւն

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Զինուորական Յենակէտերէն Մէկուն Վրայ Հայ Զինուորական Ծառայող Մը Զոհուած Է

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է  Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը,  Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

Յունիս 12, 2025
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ,  Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ, Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»

Յունիս 12, 2025
Փաշազատէ. «Հայ Առաքելական Եկեղեցին  Վրէժխնդրական Քարոզ Կ՛ուղղէ,  Իր Ժողովուրդը Դէպի Աղէտ Կը Տանի»
Հայկական

Փաշազատէ. «Հայ Առաքելական Եկեղեցին Վրէժխնդրական Քարոզ Կ՛ուղղէ, Իր Ժողովուրդը Դէպի Աղէտ Կը Տանի»

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?