«Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումները այդքան ալ բախտաբեր չեղան կարգ մը խումբերու համար, որովհետեւ անոնք դուրս մնացին մրցաշարքէն: Այդ խումբերուն կարգին եղան Տինամօ Քիեւ, Ռէյնճըրզ եւ բնականաբար ուրիշներ:
Տինամօ Քիեւ (Ուքրանիա), որ մինչեւ 2009-2010 տարեշրջանը յաջորդաբար 12 տարեշրջան մաս կազմեց խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս մրցաշարքին, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով դուրս կը մնայ անկէ: Երթին իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած Քիեւ, դարձի մրցումին եւս պարտուեցաւ Ռուպին Քազանէն (Ռուսիա):
Թէեւ Ռէյնճըրզ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մալմոյի հետ (Շուէտ), սակայն նկատի ունենալով, որ երթին իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտուած էր, իր կարգին դուրս մնաց մրցաշարքէն:


