Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսան` Ի Նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Իրաւունքին

March 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor0320195441«Մենք ամբողջութեամբ զօրաշարժի ենթարկուած ենք` կարգաւորելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը եւ պաշտպանելու` այս շրջանին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը», յայտարարած է Եւրոպական հարցերով Ֆրանսայի պետական քարտուղար Հարլեմ Տեզիր:

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 18 մարտին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ, Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժումի (UMP) կուսակցութեան պատգամաւոր Ժան-Քլոտ Մինիոն հարցում ուղղած է երկրի արտաքին գործոց նախարարին, Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապներու լուծման մասին: Կառավարութեան կողմէ հարցումին պատասխանած է Եւրոպական հարցերով պատասխանատու նախարարը: Ան ըսած է. «Ֆրանսան, ինչպէս գիտէք, լիովին ընդգրկուած է Մինսքի խմբակին մէջ, զոր կը համանախագահէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ, գտնելու համար մնայուն լուծում մը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, որուն բնակչութիւնը (հիմնականին մէջ` հայեր) պատերազմի պատճառով չափազանց շատ տառապած է: Ներկայ վիճակը ոչ ոքի շահերէն կը բխի, ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Ազրպէյճանի: Այս պատճառով ալ, հանրապետութեան նախագահը ցանկալով աջակցիլ դիւանագիտական նախաձեռնութեան վերսկսումին, անցեալ տարուան 27 հոկտեմբերին, Փարիզի մէջ գումարեց հայ եւ ազրպէյճանցի նախագահներուն մասնակցութեամբ վեհաժողով մը: Այս հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ մարդասիրական գետնի վրայ վստահութեան առաջին քայլ առնելու` տագնապին ընթացքին անհետացածներու մասին տեղեկութիւն փոխանակելով: Այս քայլը սկսած էր իրականացուիլ: Այս հանդիպումը նաեւ օգնեց Մինսքի խմբակի շրջանակին մէջ նոր թափ հաղորդելու բանակցութիւններուն, որոնք, ինչպէս յիշեցիք, հիմնուած են այսպէս կոչուած Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ, մասնաւորաբար` ուժ չկիրարկելու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ: Վերջին ամիսներուն ընթացքին մեր տեսած լարուածութիւնը կը հաստատէ այդ սկզբունքները կիրարկելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը: Հետեւաբար, Ֆրանսան գործօն կերպով կը շարունակէ հոկտեմբերին սկսած իր ջանքերը:  Հանրապետութեան նախագահը դարձեալ պիտի հանդիպի իր պաշտօնակիցներուն, երբ յառաջիկայ 24 եւ 25 ապրիլին կ՛այցելէ Երեւան եւ Պաքու: Մենք ամբողջութեամբ զօրաշարժի ենթարկուած ենք` լուծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը եւ պաշտպանելու` այս շրջանին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը»:

Արձագանգելով ֆրանսացի նախարարի այս յայտարարութեան` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «Եւրոպական հարցերու նախարար Տեզիրի յայտարարութիւնը Ղարաբաղի ինքնորոշման ի նպաստ` ցոյց կու տայ հարցին մասին Ֆրանսայի կեցուածքը եւ հաստատեց նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի յանձնառութիւնը` հարցին դրական լուծում մը գտնելու կապակցաբար: Նախագահ Հոլլանտի կեցուածքը շատ յստակ է: Ֆրանսուա Հոլլանտի կեցուածքը հիմնուած է արդարութեան հայեցակարգի վրայ եւ մենք ամբողջութեամբ համաձայն ենք այդ մօտեցումին: Յիշենք, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ 15 տարիէ ի վեր Հայ դատի ի նպաստ յանձնառութիւն ունի եւ քայլեր առած է, ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով պիտի գտնուի Երեւան»:

 

 

Նախորդը

Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Վերսկսած Բռնութիւնը Ողբերգական Է»

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. ՀՅԴ-ի Ցուցակը Կը Գլխաւորէ Արթուր Աղաբեկեան

RelatedPosts

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու  Պարագային Հայաստան  Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»
Հայկական

Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պարագային Հայաստան Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»

November 13, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.