Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Թեկնածու Արձանագրուելու Համար Դիմած Հայերը Կը Հակազդեն Էրտողանի Յայտարարութեան

March 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-20-15_HDP«Տեմոքրաթ Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան թեկնածու արձանագրուելու համար դիմած Ֆիլոր Ուլուք, Մուրատ Մըհչը եւ փաստաբան Տիրեն Ճեւահիր Շեն մեկնաբանած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` «Համաշխարհային պատերազմի 100-րդ տարուան մէջ» նիւթով քննարկման ընթացքին Հայաստանը ու հայկական սփիւռքը մեղադրող յայտարարութիւնը:

Ֆիլոր Ուլուք նշած է, որ Էրտողանի յայտարարութիւններուն մէջ կառուցողական ոչ մէկ խօսք տեղ գտած է: «Եթէ Էրտողան իրապէս կ՛ուզէ, որ այս հարցին լուծում տրուի, ապա պէտք է իրատես ըլլայ», ըսած է ան եւ նշած, որ Հայաստանի արխիւները արդէն իսկ բաց են հանրութեան համար:

Ան նշած է, որ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը տապալման եզրին է, եւ միջազգային ընտանիքի աչքին այլեւս համոզիչ չէ, եւ արխիւներն ու փաստաթուղթերը ֆեթիշացնելով` ելք չունեցողի քաղաքականութիւն կը վարէ:

«Թուրքիան 1915-ի վերաբերեալ իր անճարակութիւնը դրսեւորելու քաղաքականութիւն կը վարէ: Էրտողան աշխարհի չորս կողմը տարածուած հայերու լոպիիստական գործունէութիւնը կը քննադատէ, զանոնք «անամօթութեան» համար կը մեղադրէ, 1915-ի իրողութեան ճանաչման համար սկսուած արշաւը ապարդիւն կը նկատէ, սակայն միւս կողմէ, երբ 1915-ի վերաբերեալ որեւէ բանաձեւ օրակարգի վրայ գայ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը ինք դաշտ դուրս կու գայ եւ կը սկսի ժխտել», ըսած է Ուլուք:

Մուրատ Մըհչը կը նշէ, որ 1915-ին կատարուածը փաստաթուղթերու կարիք չունի, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ ինք փաստ է: «100 տարի է` ժխտման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, հակառակ ատոր` ազգերը գիտեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է այս հողերուն վրայ: Ժխտումն ու չառերեսուիլը բոլորին վնաս կը հասցնէ», ըսած է ան եւ յիշեցուցած, որ տակաւին անցեալ տարի` Ցեղասպանութեան 99-ամեակին, Էրտողան «բարեհաճած էր» ցաւակցական ուղերձ յղել:

Փաստաբան Տիրեն Ճեւահիր Շեն յայտնած է, որ Էրտողանի խօսքերը իրեն խուճապի մէջ գտնուող, վախցող մարդու խօսքեր յիշեցուցած են: «Այդ խօսքերը առերեսուելէ խուսափելու խօսքեր են: Այդպիսի յարձակողական, խնդիրը հասկնալէն հեռու կեցուածքը ուրիշ ի՞նչ մեկնաբանութիւն կրնայ ունենալ», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

«Իրանի Եւ Ռուսիոյ Գործընկերութիւնը Կրնայ Օգնել Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Խարազի

Յաջորդը

Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Վերսկսած Բռնութիւնը Ողբերգական Է»

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.