Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Մորթըն Օլսըն քանի մը օր առաջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն ետք պիտի լքէ իր այս պաշտօնը:
65 տարեկան Օլսըն միջազգային ֆութպոլին մէջ ազգային խումբերուն հետ ամէնէն երկար աշխատած մարզիչներէն մէկն է:
Ան 2000-էն ի վեր Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչն է:
Դանիական լրատուամիջոցները նաեւ հաղորդեցին, որ Դանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը այժմէն իսկ կը պատրաստուի նոր մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսելու: