
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր յայտարարեց, որ ինք այլեւս սուրիական տագնապի լուծման համար սուրիական վարչակարգին հետ բանակցութիւններ կատարելու սկզբունքը չի բացառեր:
Ան գերմանական «Զուտ Տէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին յայտնեց. «Բռնարարքներուն վերջ տալու ուղին միայն քաղաքական լուծում գտնելու համար բանակցութեան ճամբով պիտի ըլլայ, նոյնիսկ եթէ ատիկա Ասատի վարչակարգին հետ բանակցութիւններ պահանջէ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերով օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման կարեւոր մէկ բաժինն է, եւ ազգային միութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ անոր դերակատարութիւնը կարելի չէ հերքել:
Ան ըսաւ, որ ահաբեկչութիւնը Սուրիոյ մէջ պարտութիւն կրած է, իսկ Իրան պիտի չարտօնէ, որ Սուրիան այլ Սոմալիի մը կամ Լիպիոյ մը վերածուի:
Միւս կողմէ, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Պարաք Օպամայի վարչակազմը ո՛չ մօտէն, ո՛չ ալ հեռուէն կը գործակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ»` շեշտելով. «Ամերիկեան կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն չկայ, եւ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին շուրջ որեւէ բանակցութիւն պիտի չներառէ Ասատը: Պաշշար Ասատի հետ պիտի չբանակցինք»:
Ան ըսաւ, որ ներկայիս քննարկում տեղի կ՛ունենայ, որ Արեւմուտքին կողմէ մարզուելիք եւ զինուելիք սուրիական ընդդիմադիր չափաւորական ուժերը ինչպէ՛ս կարելի է պաշտպանել, եթէ «ոչ միայն ՏԱՀԵՇ-ի, այլ նաեւ Ասատի ուժերուն կողմէ յարձակումի ենթարկուին»: