Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Լիքուտ Յաղթանակ Արձանագրեց

Մարտ 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-18-15_IsraelԻսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն համաձայն, Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութիւնը ապահոված է Քնեսեթի 120 աթոռներէն 29-ը, Եիցհաք Հերցոկի ղեկավարած Սիոնական միութիւնը` 24, իսկ Արաբական միացեալ ցանկը` 14, նկատառելի չափով գերազանցելով իսրայէլեան մնացեալ կուսակցութիւններն ու ընտրական համախմբումները: «Ապագայ կայ»-ն ապահոված է 11 աթոռ, «Բոլորս»-ը` 10, «Տունը»-ը` 8, «Շաս» ու «Եհոտաթ Հաթորաթ»` իւրաքանչիւրը 7, «Իսրայէլը մեր տունն է»` 6, իսկ ձախակողմեան «Մերեց» կուսակցութիւնը` 5:

Նեթանիահու յայտարարեց, որ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն ընթացքին պիտի կազմէ ուժեղ եւ կայուն կառավարութիւն մը: «Հակառակ բոլոր նախատեսութեանց, Լիքուտի ղեկավարութեամբ ազգայնական ճամբարին համար մեծ յաղթանակ մը արձանագրեցինք», ըսաւ ան:

Լիքուտ կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իսրայէլեան յաջորդ նախարարաց խորհուրդին մաս պիտի կազմեն «Հրէական տուն»-էն Նեֆթալի Պինեթ, «Բոլորս» կուսակցութենէն Մոշէ Քահալոն, «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութենէն Աւիկտոր Լիպերման, «Շաս»-էն Արիէ Ատրահի, իսկ «Ետիհոթ Թաուրաթ»-էն Եաքոպ Լիցման եւ Մոշէ Կաֆնի:

Հերցոկ իր կարգին յայտարարեց, որ ընտրութեան արդիւնքը պիտի արտօնէ, որ Իսրայէլի յաջորդ վարչապետը ինք ըլլայ եւ իր կարելին պիտի ընէ Իսրայէլի մէջ իսկական ընկերային կառավարութիւն մը կազմելու համար:

Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայեպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ իսրայէլեան հասարակութիւնը պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի «երկու պետութիւն» լուծումին դէմ քուէարկեց` աւելցնելով, որ պաղեստինցիք պիտի աշխուժացնեն Միջազգային քրէական դատարանին մէջ իրենց դիւանագիտական արշաւը:

Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ իր կարգին ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու «երկու պետութիւն» լուծումին աջակցութիւնը շատ յստակ է` նշելով, որ միայն այդ լուծումը ապահով Իսրայէլի մը կ՛առաջնորդէ:

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմինի Արտահերթ Նիստ

Յաջորդը

Զինեալներ Յարձակում Գործեցին Թունուզի «Պարտօ» Թանգարանին Դէմ

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?