Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդհարումներ` Դաշնակցական Երիտասարդութեան Եւ Թուրքիոյ Դեսպանատան Ապահովական Բաժինի Պաշտօնեաներուն Միջեւ

Մարտ 19, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-18-15_Lem-1Երէկ` չորեքշաբթի, 18 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ ԼԵՄ-ականներու եւ ԶՈՄ-ականներու 60 հոգինոց խումբ մը բողոքի ցոյց մը կատարեց Պէյրութի «Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէ» հանրախանութի շարժապատկերի սրահին մուտքին, ուր տեղի պիտի ունենար Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած «Սոն Մեքթուփ» (Վերջին նամակը) թրքերէն ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:

3-18-15_Lem-2Ժապաւէնը կը խօսի Կալիփոլիի ճակատամարտին մասին, որուն 100-ամեակը օգտագործելով, թրքական  արտաքին քաղաքականութիւնը կը փորձէ միջազգային ուշադրութիւնը շեղել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն եւ Թուրքիոյ կատարած ոճիրէն: Բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ կառավարութիւնը անգամ մը եւս ձախողեցաւ: Դաշնակցական երիտասարդներն ու ուսանողները` ԼԵՄ-ականներն ու ԶՈՄ-ականները, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միացեալ տարազով, անգլերէնով եւ արաբերէնով բողոքի պաստառներ բարձրացուցած, ինչպէս նաեւ Էրտողանը քննադատող նկարներով կազմեցին ամուր մարդկային անցք մը եւ քաղաքակրթօրէն հսկեցին շարժապատկերի սրահի մուտքին. անոնք նաեւ հանրախանութին մէջ եղողներուն ցրուեցին ցոյցին մասին բացատրողական թռուցիկներ:

Այս մէկը պատճառ դարձաւ թրքական դեսպանատան ապահովական ուժերուն եւ համակիրներուն զայրոյթին, անոնք ցեղապաշտական կանչեր սկսան արձակել, ապա յարձակեցան խաղաղ ցուցարարներուն վրայ: Հայկական կողմը դիմադրեց թրքական կողմին, մինչեւ որ լիբանանեան ներքին ապահովութեան ուժերը միջամտեցին ու բաժնեցին երկու կողմերը: Այս դէպքին ընթացքին երկու հայ երիտասարդներ վիրաւորուեցան: Թուրք մը ձերբակալուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ` անոր միանալ ուզած այլ թուրք մը: Ոստիկանութիւնը շարժապատկերի սրահի մուտքի դուռը փակելով հայ ցուցարարները բաժնեց թուրք խուլիկաններէն:

Ապա թուրքերը սկսան գոռալ «Էրտողան, Էրտողան», որոնց հայկական կողմը պատասխանեց «Ցեղասպան, ցեղասպան» բացագանչելով: Դաշնակցական ցուցարարները շարունակեցին իրենց անգլերէն կանչերը` գոռալով «Հայոց ցեղասպանութիւն», «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք», «Ոճրագործ Թուրքիա» եւ այլ կարգախօսներ: Անոնց յաջորդեցին յեղափոխական երգեր:

Աւելի քան 2 ժամ տեւած այս ելեկտրականացած ցոյցը մեծ աղմուկ բարձրացուց «Ա. Պէ. Սէ.»-ի մէջ, ուր, հակառակ ապահովական խիստ ներկայութեան, անցորդներ եւ յաճախորդներ միացան բողոքողներուն եւ նկարուեցան բարձրացուած պաստառներուն կողքին: Անոնց միացան նաեւ մեծ թիւով պաշտօնեաներ, որոնք ամբողջ ցոյցին տեւողութեան հետեւեցան դէպքերուն:

Տեղին է նաեւ նշել, որ թուրք դեսպանը որոշ ժամանակուան մը համար բանտարկուեցաւ շարժապատկերի սրահին մէջ` բողոքին եւ դէպքերուն պատճառով: Ան ստիպուեցաւ սպասել, մինչեւ որ հայկական կողմը վերջ տայ ցոյցին եւ առիթ տայ անոր դուրս գալուն: Աւելցնենք, որ լիբանանեան զանազան պատկերասփիւռի կայաններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ ներկայ էին եւ հաղորդեցին դէպքին լուրը:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Պասպուսի անձամբ միջամտութենէն ետք դաշնակցական երիտասարդներն ու ուսանողները` աւարտելով իրենց առաքելութիւնը, լքեցին դէպքին վայրը: Դէպքին ընթացքին արձանագրուած վիրաւորներուն գծով բողոքներ կը ներկայացուին դատական համապատասխան ատեաններուն:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն` «Մորթային Հիւանդութիւններ» Նիւթով

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմինի Արտահերթ Նիստ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?