ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ չճանչցուած պետութիւններու Եւրոպայի ախոյեանութեան կայացման վայրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ ConIFA-ին կողմէ:
Այդ ախոյեանութիւնը այժմ տեղի պիտի ունենայ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ` Այլ Աֆ Մեն (Անգլիա) կղզիին փոխարէն:
Այս փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ Մեն կղզիին մէջ չեն կրնար ապահովել բոլոր համակիրներուն տեղափոխութիւնը:
Նշենք, որ 13-21 յունիս 2015-ին տեղի ունենալիք Եւրոպայի այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին: