Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի պատասխանատուները հրապարակեցին իրենց այն կազմը, որ պիտի սկսի նախապատրաստուիլ Շուէտի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն:
Երկու խումբերը 27 եւ 31 մարտին Թուրքիոյ մէջ պիտի ճակատին իրարու դէմ:
Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այդ 23 մարզիկներէն կազմուած ցանկին մէջ ընդգրկուած են երկու հայ ֆութպոլիստներ` Արմէն Համբարձումեան (Զենիթ Փենզա) եւ Արշակ Քորեան (Վիթես), յայտնեց ArmSport.am: