Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ շարունակուող Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի չորրորդ լիագումար նիստը վարող, Եւրանեսթի ներկայացուցիչները նախքան երէկուան նիստը շարունակելը նշած են. «Այսօր մեզի հետ չէ մեր յարգարժան գործընկերը` Վահան Յովհաննիսեան, որ մեծ ներդրում ունեցած է Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի կայացման գործին մէջ` միատեղելով արհեստավարժութիւնը, հմայքը, սկզբունքայնութիւնը եւ իմացականութիւնը»: Նիստին մասնակիցները վայրկեան մը լռութեամբ յարգած են Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակը: