Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նայիրա Զոհրապեան` Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Նոր Նախագահ. Կուսակցութիւնը` Ընդդիմութիւն

Մարտ 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

MHM93817Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան երէկ կուսակցութեան արտակարգ համագումարին ընթացքին յայտարարած է այլեւս աշխուժ քաղաքականութեամբ չզբաղելու, կուսակցութեան նախագահի եւ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարի լիազօրութիւնները վար դնելու իր որոշման մասին:

Բարգաւաճ Հայաստանի նախագահի պաշտօնին համար Ծառուկեան առաջարկած է Նայիրա Զոհրապեանի թեկնածութիւնը, որ նախագահ ընտրուեցաւ քուէարկութենէ ետք:

Զոհրապեան յայտնած է, որ իրեն համար դիւրին չէ ստանձնել նախագահի պաշտօնը, բայց նկատել տուած է, որ միասնական ուժերով կարելի պիտի ըլլայ դժուարութիւնները յաղթահարել եւ յառաջանալ: Նոր նախագահը Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը յայտարարեց ընդդիմութիւն:

Օսկանեան. «ԲՀԿ-ն Չկրցաւ Իրականացնել
Հայ Ժողովուրդի Մեծամասնութեան Ցանկութիւնը»

«Բարգաւաճ Հայաստանին անդամակցութիւնս կը դադրեցնեմ` գիտակցելով անոր անյաջողութեան մէջ պատասխանատուութեան իմ բաժինս», երէկ  յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց  նախկին նախարար, Ազգային ժողովի  պատգամաւոր Վարդան Օսկանեան` պարզաբանելով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամակցութիւնը դադրեցնելու իր որոշումը:

«Իմ որոշումիս պատճառը այն է, որ կուսակցութիւնը չկրցաւ իրականացնել հայ ժողովուրդին, իմ գնահատումովս, բացարձակ մեծամասնութեան ցանկութիւնը` այս հանգրուանին մէջ արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու եւ երկիրը ոչ միայն ծանր վիճակէն դուրս բերելու, այլեւ բարգաւաճման ճիշդ եւ առողջ ուղիի վրայ դնելու», ըսած է Օսկանեան եւ նշած, որ անոնք, որոնք «կը չարախնդան կուսակցութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ, նախ եւ առաջ պէտք է լուրջ մտահոգութիւն ունենան երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական վիճակին  համար: Խնդիրը ոչ թէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնն է, այլ անոր եւ անոր ղեկավարին  նկատմամբ վերջին շրջանին իրականացուած միջոցները: Իշխանական բոլոր լծակներու  կամայական, խտրական եւ  հակասահմանադրական օգտագործումը նախ եւ առաջ մեծ հարուած էր Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան», ըսած է ԲՀԿ-ի նախկին անդամը` նշելով, որ երկրորդ պատճառը, որ աւելի կարեւոր է` այդ գործողութիւնները կոտրեցին հայ ժողովուրդին` երկրին մէջ անյապաղ արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու յոյսը, ատկէ բխող բոլոր հետեւանքներով:

Օսկանեան շնորհաւորած է Նայիրա Զոհրապեանը կուսակցութեան ղեկը ստանձնելու համար` շարունակելով. «Ատիկա, կը կարծեմ, ճիշդ որոշում էր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդին կողմէ: Կուսակցութիւնը ունի գիտակից եւ նուիրուած քաղաքական խումբ, որ, յուսամ, կը շարունակէ պայքարը երկրին մէջ քաղաքական մենաշնորհին դէմ, ինչպէս նաեւ  քաղաքական մթնոլորտի առողջացման համար: Յաջողութիւն կը մաղթեմ իմ գործընկերներուս` իրենց հետագայ գործունէութեան մէջ»:

 

Նախորդը

«Մեզ Կը Մտահոգէ Շփման Գիծին Վրայ Լարուածութիւնը» Կ՛ըսէ Սեքութա

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Քարսըն Քաղաքի Խորհուրդը Մերժած Է Աթաթուրքի Արձանը Տեղադրելու Առաջարկը

RelatedPosts

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023
Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Բերձորի Միջանցքի  Վերաբացման Համար Ուղիներ Կը Փնտռէ
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Դեսպանը Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Որոշումը Չկատարելու Հարցով Կանչուած Է Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In