Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Էդուարդ Նալբանդեանի. Ահաբեկիչներուն Դէմ Պայքարը Պէտք Է Ըլլայ Ցեղասպանութիւններու Կանխումով

Մարտ 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10856820_1063310677028461_960306582761726248_oՊայքարը ահաբեկիչներուն դէմ պէտք է ընթանայ  ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ծիրին մէջ: Այս մասին Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային  իրաւունքներու խորհուրդի 28-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած «Աջակցութիւն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու իրաւունքներուն» խորագիրով քննարկումին ընթացքին խօսք առնելով  յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

«Մերձաւոր Արեւելքը կը հանդիսանայ բազմաթիւ  քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու, ներառեալ` քրիստոնէութեան բնօրրան: Ցաւօք, այսօր այս շրջանին մէջ քրիստոնէութեան գոյութիւնը լուրջ վտանգի տակ է: Քրիստոնեայ  փոքրամասնութիւններուն դէմ յարձակումներուն  մասին տագնապալից լուրերը յաճախակի դարձած են: Այս շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն նկատմամբ հալածանքը միայն այսօրուան երեւոյթ չէ: Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները կրնան նկատուիլ իբրեւ անհետացման եզրին յայտնուած ամէնէն խոցելի խումբերէն մէկը` այդպիսով պահանջելով անյապաղ գործողութիւններ` անոնց պաշտպանութեան եւ աջակցութեան համար: Մենք գործ ունինք այսպէս կոչուած Իսլամական պետութեան, Նուսրայի եւ այլ ահաբեկչական խումբերուն կողմէ քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ յանցագործութիւններուն հետ: Բարբարոսները պատերազմ յայտարարած են մարդկութեան դէմ: Պայքարը այդ ահաբեկիչներուն  դէմ պէտք է ընթանայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ծիրին մէջ: Հայաստանը անվերապահ դատապարտած է յիշեալ ահաբեկչական խումբերուն կողմէ իրականացուած ոճրագործութիւնները: Մենք բազմաթիւ առիթներով կոչ ուղղած ենք միջազգային հանրութեան` վճռական քայլեր ձեռնարկելու նոր արհաւիրքին առաջքը առնելու նպատակով: Մենք շարունակաբար շեշտած ենք ահաբեկչական խումբերուն ցուցաբերուող որեւէ աջակցութիւն անյապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ` անդրսահմանային յարձակումներու  համար դրացի երկիրներու տարածքներու  օգտագործումը: Այս առումով Հայաստան լիովին կ՛աջակցի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու լիակատար կատարման»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ 21 մարտ 2014-ին Քայիտային սերտօրէն կապուած ահաբեկչական խմբաւորումները յարձակում գործեցին հիմնականին մէջ հայերով բնակեցուած թուրք-սուրիական սահմանին վրայ  գտնուող Քեսապի վրայ, յարձակման հետեւանքով տեղւոյն բնակչութիւնը հարկադրուած էր լքել բնակարանները: Ծայրայեղական խումբերը պղծեցին եւ աւերեցին Քեսապի հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, նախարար Նալբանդեան նշած է. «Այս տարի ամբողջ աշխարհին մէջ կ՛ոգեկոչուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Սուրիական Տէր Զօրը եւ շրջակայ անապատը դարձան Հայոց ցեղասպանութեան հարիւր հազարաւոր զոհերու մահուան քայլարշաւի վերջին հանգրուանը: Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին սրբավայր էր, որ կ՛ամփոփէր ցեղասպանութեան բազմաթիւ զոհերու մասունքները, կը հանդիսանար յիշատակի ոգեկոչման բազմաթիւ  վայրերէն մէկը: Սակայն Ցեղասպանութեան 100-ամեակին կարելի չ՛ըլլար այնտեղ յարգանքի տուրք մատուցել զոհերու յիշատակին, որովհետեւ 2014 թուականի սեպտեմբերին ահաբեկչական խմբաւորումները քանդեցին եկեղեցին եւ պղծեցին սրբավայրը»:

Նալբանդեան ընդգծած է, որ մշակութային գլուխ գործոցներու կործանումը, որ սովորաբար կը յաջորդէ ցեղային զտումներուն, փորձ է` ջնջելու մարդոց յիշողութիւնը, կործանելու հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հինաւուրց մշակոյթները եւ քաղաքակրթութիւնները: Ըստ նախարարին, այս ոճիրը աղաղակող յիշեցումն է անցեալին մէջ տեղի ունեցած նման բարբարոսական արարքներու, որոնց շարքին է Նախիջեւանի մէջ  հայկական միջնադարեան հազարաւոր խաչքարերու ոչնչացման դէպքերը, երբ ազրպէյճանական կառավարութեան աչալուրջ հսկողութեան ներքեւ հազարաւոր յուշարձաններ ոչնչացուեցան: Նալբանդեան աւելցուցած է, որ այս բարբարոսութեան կապուած Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանութեան միջազգային խորհուրդը յայտարարած է, որ «այս ժառանգութիւնը, որ ժամանակին իր արժէքաւոր տեղը ունէր համաշխարհային ժառանգութեան գանձերու շարքին մէջ, այլեւս չի կրնար փոխանցուիլ յաջորդ սերունդներուն»:

«Ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը հանդիսանայ քաղաքակիրթ աշխարհի հիմնական սիւներէն, այլոց քաղաքակրթական արժէքներուն նկատմամբ անհանդուրժողականութիւնը, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան միտումնաւոր, հետեւողական եւ շարունակաբար վնասումն ու ոչնչացումը պէտք է դատապարտուին ամենայն վճռականութեամբ»,  ընդգծած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Նախորդը

Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութիւնը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ

Յաջորդը

Նալբանդեան. «Պաքու Կրկին Կ՛արհամարհէ Միջնորդներուն Առաջարկները»

RelatedPosts

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?