Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի երթի մրցումները պիտի սկսին այսօր` երեքշաբթի, 3 մարտին, երբ Ա. խմբակին մաս կազմող Պիպլոս եւ Մութթահետ պիտի մրցին իրարու դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ժիպէյլի մէջ:
Նոյն խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը, Ռիատիի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Նշենք, որ այս յայտագիրը հրապարակուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ: