Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱԾ ԶՐՈՅՑԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՐԱՖՖԻ ՍԻՍԼԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼՈՒ «ՀԱՅ ՖՈՒՏ»Ի ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

March 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր տարեկան առաքելութեան համաձայն, «Հայ ֆուտ» այս տարի եւս Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային 9 վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ Արհեստից վարժարանին իր տարեկան հասոյթէն տրամադրեց 60 միլիոն լիբանանեան ոսկի:

Այս առիթով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ «Հայ ֆուտ»ի յանձնախումբի անդամ Րաֆֆի Սիսլեանի հետ, որ նկատել տուաւ, թէ «Հայ ֆուտ»ը տարուէ տարի յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ գործի, որակի եւ հասանելի դառնալու տեսակէտէն: Ներկայիս խոհանոցին մէջ կը գործեն 16 կիներ` իրենց պատասխանատու Ալիս Մարկոսեանի հսկողութեան տակ, եւ ունի 2 վարորդ, որոնք պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ ապրանքները կը փոխադրեն:

Սիսլեան նկատել տուաւ, որ 2010 տարեշրջանին «Հայ ֆուտ»ի պաշտօնէութիւնը պաշտօնապէս ապահովագրուած է եւ «Հայ ֆուտ»ի գործունէութիւնը դարձած է պաշտօնական` ելեւմուտքի նախարարութեան կամ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (տաման) հասկացողութեամբ: Սիսլեան շեշտեց, որ յանձնախումբը ներկայիս կը նպատակադրէ ընդլայնել «Հայ ֆուտ»ի խոհանոցը, որովհետեւ մեծ քանակութեամբ պահանջ կայ եւ արտադրութիւնը հազիւ կը բաւէ` աւելցնելով, որ եթէ ընդլայնի խոհանոցին գործունէութիւնը, շատ հաւանական է, որ շուկայի վրայ աւելի պիտի պահանջուի «Հայ ֆուտ»ի արտադրութիւնը:

Ան շեշտեց նաեւ, որ իրենք շուկայէն շահ չեն ակնկալեր, այլ կը փափաքին, որ ազգային, հայկական միութիւնները, հաստատութիւնները դիմեն «Հայ ֆուտ»ին եւ իրենց ձեռնարկներուն ընդմէջէն քաջալեր հանդիսանան «Հայ ֆուտ»ի արտադրութիւններուն: Ան կոչ ուղղեց բոլորին անվարան յիշելու «Հայ ֆուտ»ը: Սիսլեան յայտնեց, որ այս տարի «Հայ ֆուտը» պիտի բոլորէ իր հիմնադրութեան 8-ամեակը` նկատել տալով, որ անիկա սկզբնական շրջանին որոշ դժուարութիւններ ունեցաւ, սակայն ներկայիս որոշ հանգրուան մը կտրած է, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ լաւագոյնին հասած է, այլ` տակաւին պէտք է ձգտի դէպի աւելի լաւը, գեղեցիկն ու համեղը եւ ընդարձակէ ճաշացուցակը:

Սիսլեան ընդգծեց, որ «Հայ ֆուտ»ի ճաշացուցակը հիմնականին մէջ հայկական է, սակայն երբեմն այդ ճաշացուցակին մէջ կը ներառուին լիբանանեան ճաշատեսակներ: Անդրադառնալով վաճառման վայրերուն` Սիսլեան յայտնեց, որ «Հայ ֆուտ»ի արտադրութիւնները ներկայիս կը վաճառուին մօտ 10 սուփըրմարքեթներու մէջ, ինչպէս օրինակ` «Աուն», «Սփինիս» եւ այլն: Ան յայտնեց, որ յանձնախումբի անդամները` Զաւէն Պոյաճեան, Հիլտա Պայրամեան եւ ինք, ջանք չեն խնայեր մօտէն հետեւելու «Հայ ֆուտ»ի աշխատանքներուն, հաշուապահութեան, որ համակարգչային է, եւ բոլոր պէտքերուն` աւելցնելով, որ իրենք ժամանակակից հաստատութեան մը կ՛աշխատին վերածել զայն: Ակնարկելով վայրին` Սիսլեան յայտնեց, որ յանձնախումբը պիտի ընդարձակէ հաստատութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ ծրագիրներ կը մշակէ, որպէսզի ընդարձակուի անոր գործունէութիւնը:

Ան շեշտեց, որ «Հայ ֆուտ»ը տարեկան 18 միլիոն լիբանանեան ոսկի կը վճարէ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանին իբրեւ վարձք` աւելցնելով, որ «Հայ ֆուտ»ը այդ վայրին մէջ հաստատուած է, որպէսզի վարժարանն ալ օգտուի անոր վարձքէն, հակառակ անոր որ վայրին պայմանները իբրեւ խոհանոցային աշխատանքի պայմաններ աննպաստ էին:

Անդրադառնալով վարժարաններուն տրամադրուած գումարներուն` Սիսլեան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր տարի վերելք կ՛արձանագրուի եւ վերջին 4 տարիներուն ընթացքին գումարը 10 միլիոնէն բարձրացած էր 20 միլիոն լիբանանեան ոսկիի, ապա 50 միլիոնի, իսկ այս տարի արդէն` 60 միլիոնի:

Եզրափակելով իր խօսքը` Սիսլեան անգամ մը եւս փափաք յայտնեց եւ կոչ ուղղեց բոլոր միութիւններուն քաջալերելու «Հայ ֆուտ»ի խոհանոցը: Ան նաեւ շեշտեց, որ «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն» հանդիսասրահին եւ «Հայ ֆուտ»ի գործակցութիւնը պէտք է աւելի սերտանայ եւ գաղութը գիտնայ, որ այդ շքեղ սրահին դիմաց ունի «Հայ ֆուտ»ի ճաշի սպասարկութիւնը:

Նախորդը

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ. «ՎԻՎԱՍԵԼ ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ «ՂԵԿԱՎԱՐՄԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ

Յաջորդը

ԱՏՐԻԱՆՕ ԼՔԵՑ Ա. ԷՍ. ՌՈՄԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.