Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ազգային Քաղաքականութեան Իրաւ Փրաքսիսի Եւ Զայն Ազնուացնող Վիճարկումի Մասին *

Փետրուար 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այս աշխարհի մէջ անպատեհութիւնը այն է, որ
տխմարները ինքնավստահ են եւ խելօքները
բեռնաւոր են տարակոյսներով:

Ֆ. Նիցչէ

 

Քաղաքական Փրաքսի՞ս, Թէ՞ Ցուցական Խտիղ

 

1977-ին եւ 1999-ին երկու տարբեր յօդուածներ գրած էի խորագրով նշուած զիրար լրացնող հարցերու մասին: Տարիները կ՛անցնին, տեղքայլը կը շարունակուի` դերակատարները փոխուին թէ մնան: Պատմութիւնը ընթացքը կը շարունակուի:

Ազգերը իրենց վարած քաղաքականութեամբ պատմութիւն կը գրեն: Այդ քաղաքականութիւնը կրնայ ըլլալ իրենց կամքէն անկախ, կամ իրենց նախաձեռնութեամբ: Իրենց կամքէն անկախ, այսինքն` ենթարկուելով իրադարձութիւններու ճնշման, հետեւելով անոնց, հակազդելով: Պատմութիւն կերտող քաղաքականութիւնը կը կատարուի պատմութենէն ստացուած լոյսով եւ հեռանկար ունեցող նախաձեռնութեամբ: Ազգերը կը տեւեն այս երկրորդ որակի քաղաքականութեամբ, որ անհատներէ, ժամանակին տուրք տուող շահախնդրութիւններէ եւ փառասիրութիւններէ, ամբոխավարական դատարկաբանութիւններէ եւ կարգախօսներէ  վեր գտնուող  քաղաքական փրաքսիսն է:

Մեր ծերացած մոլորակը Վոլթերի վէպ «Քանտիտ»-ի նկարագրած աշխարհներու լաւագոյնը չէ: Ականատես ենք տեւաբար խախտող հաւասարակշռութիւններու: Համաշխարհային, կամ ներազգային (ոչ միայն հայկական) իրարանցումները, զորս կը կոչենք քաղաքականութիւն, որ յաճախ կը շփոթուի դիրքապաշտութեան հետ, եթէ ուզենք իրականութիւնները տեսնել` անհանգստանալու եւ անհանգստացնելու գնով: Քաղաքականութիւնը մարդոց այն արարքն է, որ կը բնորոշուի կառավարելու-ղեկավարելու, իրաւունք, արդարութիւն եւ հաւասարակշռութիւն հաստատելու  միտումով: Եթէ դրախտը մոլորակի վրայ ըլլար, ոչ ոք պահանջ պիտի զգար քաղաքականութիւն խաղալու: Բայց նաեւ կը տեսնենք, որ հակառակ ամպագորգոռ ճառերու եւ յայտարարուած շռնդալից արժէքներու, որոնց անունով քաղաքականութիւն կը վարուի, ոչ միայն հարցերը չեն լուծուիր, ոչ միայն պատերազմները չեն կասիր, ոչ միայն անօթութիւնը չ՛անհետանար, բռնագրաւումներ եւ կողոպուտ չեն կասիր, այլ կ՛աճին, կը դառնան զանգուածային: Այս` մոլորակային չափերով, փոքրիկ երկիրներու եւ համայնքներու մէջ: Կարդալ ամէն օր լրատուամիջոցներու փսխած լուրերը, որոնք այլեւս մեր քունը չեն փախցներ, սովորական դարձած են, թմրեցուցիչի վարժութեան պէս, addiction: Ընկերութիւնը ինքզինք վարժեցուած է ապրիլ առակագիր Լաֆոնթենի վանականին պէս` առանձնանալով պանիրի խոշոր շերտի մը մէջ: Փորձեցէ՛ք շողանկարել (radioscopie) աշխարհի մեծերը եւ պզտիկ մեծերը:

Հարց կու տա՞նք, հակառակ լսուածին եւ ըսուածին, որ քաղաքական առաջնորդութիւնները իրապէս կը հիմնուին մարդոց, աշխատաւորներու, ժողովուրդներու եւ ազգերու արդար ակնկալութիւններուն վրայ: Ըսուածէն եւ լսուածէն ետք, արարքները, արդիւնքները եւ մարդիկը կը պատահի՞, որ գնահատենք առարկայական վերլուծումով: Հոս կը գտնուի մտաւորականութեան (ոչ դիւանակալ) քաղաքական փրաքսիս-ը, ընդհանրապէս, բայց նաեւ Խորենացիին սահմանած մեր փոքր ածուի պարագային: Երբ այս առարկայական վերլուծումը եւ անոր հետեւող անսքող գնահատումը կը բացակային, անկարելի կ՛ըլլայ յառաջդիմութիւնը, բնութեան եւ մարդկութեան արտադրած բարիքներու շահագործումը կը դադրի հաւասարապէս ծառայելէ մարդկութեան, եւ կը կեդրոնանայ հետզհետէ փոքրացող մենաշնորհեալներու շրջանակի մը մէջ: Երբեմն պէտք է խորհիլ այն մասին, թէ անհատներ ինչպէ՞ս, ո՞ր աշխատանքով, միլիառներու տէր կը դառնան: Չեմ խօսիր բարոյականի մասին. ի՞նչ ընելու համար: Բարոյականութիւնը յարմար բառակոյտ է ճառերու համար:

Բայց հակառակ այս յոռետեսութեան, որ աւելի խոշորացուած կը թուի փոքր ժողովուրդներու պարագային, մարդիկ ստիպուած են ընտրութիւն կատարել` որպէս պարտականութիւն, կամ այդ կը պահանջուի շրջապատին կողմէ` որպէս մասնակցութիւն հաւաքական, համայնքային կամ ազգային կեանքին, ի հարկէ միշտ յաւելեալ արդարութեան համար` ընկերային կեանքի բոլոր մարզերէն ներս:

Այս պահանջին պէտք է ընդառաջել, զայն պահել առանց ենթարկուելու ամբոխավարական կարգախօսներու, նպատակ ունենալով ոչ թէ անհատական շահախնդրութիւնները, պահելով քննադատական իրատեսութիւնը, առանց ստրկանալու, այլ` ծառայելու համար գլխագրուած Մարդուն, անոր ազատութիւններուն, իրաւունքներուն, միշտ մեկնելով իմաստասէրին այն մտածումէն, որ ուրիշի իրաւունքը մեր պարտականութիւնն է: Այս վերաբերումը պէտք է պահանջել նաեւ անոնցմէ, որոնք կոչ կ՛ընեն մեր վստահութեան (քուէին կամ աղմկարարութեան) մեզ առաջնորդելու համար:

 

Պատշաճի՞լ, Ընդունի՞լ, Թէ՞ Մերժել Ներկայ Կացութիւնը

 

Մեր ժողովուրդին ներկայ կացութիւնը, որպէս անմիջականութիւն, կարծէք խեղդուած է պատմութեան եւ յուշ-յիշատակի մահաքունի մէջ` առանց հեռանկարի եւ ապագայի տեսիլքի:

Աղմուկի ինքնավստահութեամբ կ՛առաջնորդուինք` մենք մեզի ներշնչելով այդ զգացումը, այդ ձեւով ազգային ապագայ կրնանք կերտել: Օրինակ, յայտնի անձնաւորութեան մը մեր ուսին տուած ափի հարուածը կը նկատենք ապագայի կառուցում, Բաբելոնի բոլոր լեզուներով մեր եւ ուրիշներու կողմէ ըսուածները եւ գրուածները կը համարենք յառաջդիմութիւն, առանց առարկայական կերպով ճշդելու` ո՞ւր հասնելու համար: Տասնամեակներէ ի վեր հաճոյախօսութիւնը եւ մխիթարական զեղումները կը շփոթենք հայոց իրաւունքի վերականգնման հետ: Այդ կը տրուի, քանի որ այդ կ՛ակնկալենք, կարծէք աւելին կը խանգարէ մեր հանգիստը, պատշաճեցումները:

Կարծէք դադրած է հարց ըլլալէ մեզի համար, հետեւաբար նաեւ` մեր բարեկամներուն եւ աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածներուն, որ ազգ մը դատապարտուած է (եւ այսօր ինքզինք կը դատապարտէ) ապրելու միջազգային մեղսակցութիւններու եւ լռութիւններու  պարտադրած անհորիզոն կացութեան մէջ: Կացութիւնը ժողովուրդի մը, որ անհետացման համար ցեղասպանութեան ենթարկուած էր եւ այսօր հայրենահանուածի իր կացութեան պատճառով դատապարտուած է անհետացման` մշակութասպանութեամբ (ethnocide):

Ներկայի յուշագրական-յուշախօսական  աղմուկը կրնայ սիրտ հովացնող ըլլալ, բայց ազգի իրաւունքի վերականգնման քաղաքականութեան ընթացքին ի՞նչ նպաստ կը բերէ կամ պիտի բերէ:

Գեղեցիկ խօսքերը գեղեցիկ են, կը զմայլինք, այդքան: Սոկրատ իմաստուն էր, երբ կ՛ըսէր, թէ ես ոչ աթենացի եմ ոչ ալ յոյն, այլ` աշխարհաքաղաքացի**: Բայց հակառակ ըսածին` Սոկրատ խօսեցաւ եւ գրեց յունարէն, ո՛չ չինարէն, ո՛չ մոնկոլերէն: Աշխարհաքաղաքացին ՄԱՐԴն է, գլխագրուած, որուն մէջ է ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆը, իր առաքինութեամբ եւ իրաւունքով, իր աստուածաշնչական իմաստով, ոչ անցագրային կամ բազմաքաղաքացիական: Անոնցմով ո՛չ կարելի է բաւարարել իրաւազրկուածը (եթէ ինքնութիւնը եւ հոգին չէ կորսնցուցած), ո՛չ ալ ՄԱՐԴ ըլլալու գիտակցութիւնը պահած անձը: Յղփացածները պէտք է դադրին բարոյախօսութիւն ընելէ, եւ փարիա ըլլալու կացութեան դատապարտուածները պէտք է դադրին լսելէ այդ բարոյախօսութիւնը, ինչպէս, օրինակ, իրաւաբանական թեզի մը մէջ արտայայտուած այն միտքը, որ պէտք է ներել եւ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, եւ դարձնել էջը:

Բոլոր բնոյթի իրաւազրկուածները, ժամանակակից ընկերութիւններու մէջ, ուղղակի եւ անուղղակի պարտադրանքով, դատապարտուած են, օրինակ` հայերը, ԵՐԿՈՒՈՒԹԵԱՆ: Ոմանք դեռ կը գիտակցին, ուրիշներ կը մոռնան, կը խրին ծագումով հայ, բայց այս կամ այն ըլլալու ինքնադրժումի մէջ: Երկուութիւն` անոր համար, մանաւանդ երբ կայ արմատներու եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւն, կարելի չէ այլ ըլլալու անհրաժեշտութենէն հրաժարիլ: Ուրկէ` երկուութեան զգացումը, զոր ոմանք կը փորձեն յաղթահարել դատարկաբանութիւններով, կամ կը կարծեն յաղթահարել պղպջակային խօսքերով, բարբաջանքով, իրենք զիրենք եւ շրջապատը խաբելով, երբ կ՛ըսեն, որպէս նոր օրերու գերմարդ, որ հարիւր տոկոսով հայ են եւ հարիւր տոկոսով անգլիացի, ֆրանսացի, ամերիկացի, ռուս: Եւ կը ծափահարուին: Դեռ ըսող չեղաւ` նաեւ հարիւր տոկոսով թուրք:

Եթէ դադրի նաեւ այս երկուութիւնը, նոյնիսկ եթէ անոր մէջ հայն ու հայութիւնը դառնան չնչին տոկոս, երեւոյթը կը դառնայ անտարբերութիւն, լքում եւ իր անունը չըսող ինքնադրժում: Եւ նկատի ունենալով մեր մոլորակային տարտղնումը, մենք աստիճանաբար կը կորսնցնենք մեզ ազգի անդամ դարձնող եւ իրարու կապող ազդակներ, աւազանի անունէն մինչեւ լեզու, մշակոյթ, իրաւազրկուածի գիտակցութիւն` ենթարկուելով սպառողական ընկերութեան ճնշման եւ համաշխարհայնացման:

Ուղղակի եւ անուղղակի պարտադրանքով ստեղծուած ապազգային այլազանութիւններու ենթահողին վրայ (մշակոյթներ, քաղաքակրթութիւններ, լեզուներ) ազգ կը պահուի՞: Միշտ կարելի ոտքի քնացնող կարգախօսներ պոռալ, որոնք ազգային ապագայի չեն ծառայեր, այլ` դիրքերու եւ շահերու պաշտպանութեան: Դեռ կը մխիթարուինք հայրենակցական եւ զգացական հայրենասիրութեան մթնոլորտին մէջ զիրար գտնելով: Իսկ վաղուան հեռանկարներուն համար յուշի-յիշատակի եւ յուզումներու թափահարումներուն մէջ տեղ չկայ:

Ինչո՞ւ զարմանալ, եթէ հաւկուրութենէ չենք տառապիր, որ ճահճացում կայ:

Հրավառութիւններէ ետքի հեռանկարի պէտք ունի ազգը, որ վերհամայնքային, վերկուսակցական, վերկառավարական ըմբռնում է, եթէ այդ չենք մոռցած: Անհրաժեշտ իրատես դատումներ ընել, ըստ այնմ գործել, որպէսզի անշահ եւ անվաղորդայն կրկնութիւններէ կարելի ըլլայ խուսափիլ:

 

Տեսականը Եւ Վարդապետականը Անմիտ Են Առանց Ազգի
Պատմութեան, Մշակոյթին Եւ Կացութեան Ըմբռնումին

 

Այսօրուան եւ վաղուան նախաձեռնութիւնները, բնական է, ժամանակի ոգիով կ՛արտայայտուին, կը բանաձեւուին ժամանակակից արժեչափերով, լուսանցքի վրայ չենք կրնար մնալ,  անոնք այդ ձեւով ըմբռնելի կ՛ըլլան, ե՛ւ մեր, ե՛ւ մեր շրջապատին կողմէ: Սակայն անոնց բովանդակութիւնը եթէ զանց առնէ մեր պատմութիւնը Խորենացիէն մինչեւ այսօր, Վահագնի ծնունդի բանաստեղծութենէն մինչեւ Դանիէլ Վարուժան, Պարոյր Սեւակ եւ Պերճ Զէյթունցեան եւ միւսները, կը խրինք կարգախօսային շատախօսութեան մէջ, ինչ որ պատահելու ընթացքի մէջ է, քանի ազգի անդամները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հետզհետէ կը դառնան հակամշակոյթ, թերեւս ժամանակ մըն ալ անձնատուր ըլլալով տեսակաւոր շօ-բիզնեսային երջանկութիւններու, քաղաքական եւ թամ-թամային: Թերեւս միայն այսքանին կարողութիւնը ունինք այլեւս, ափսո՜ս:

Ներածուած տեսութիւնները սոսկ զաւեշտ կ՛ըլլան` առանց ազգային պատմութենէն եւ մշակոյթէն ստացուած իրաւ խորքի: Այս իրողութիւնը յաճախ կ՛անտեսենք: Այսինքն հայը տեղի տուած է այլ շատ մը բաներու առջեւ, իր հոգեկան տարածքը բնակեցնելով անհարազատով:

Հայ ազգի անդամութիւնը ինքնուրոյն յանձնառութիւն է, ի միջի այլոց կացութիւն չէ մեր զանազան հեռաւորութիւններուն եւ հեռացումներուն ճանապարհին վրայ: Ազգը որպէս այդպիսին վերակերտելու խնդիր ունի յանձնառու հայը: Այս յանձնառութիւնը չի շփոթուիր սոսկ քարոզչութեան եւ հայասիրութեան հետ, ինչ որ այսօր հայկական սփիւռքներու աղմուկը կը բնորոշէ: Դեռ այդպէս չէինք կէս դար առաջ, երբ կար ամբողջական Հայաստանի եւ հայրենադարձութեան առաջադրանքը, նոյնիսկ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Իրարանցում չենք ստեղծեր, երբ Հայաստանի վիճակագրական սպասարկութիւնները կը հաղորդեն բնակչութեան աճող նուազումը: Ընդհակառակն, (չ)իմաստութեամբ հասկացողութեան ոգի կը ցուցաբերենք ինչ-ինչ պատճառներով, որոնք ազգի լինելութեան չեն առնչուիր:

Ֆեթիշ տարուան յայտարարութիւնները եթէ ազգի անդամի ակնոցով դիտենք, պիտի զարմանանք մեր ապրած եւ ակնկալած բաւարարութեան զգացումներուն համար: Այսպէս, այդ հաւաքական եւ շրջանային յայտարարութիւններուն մէջ չենք հանդիպիր ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆի կամ ԲՌՆԱԳՐԱՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆի, այդ պարագային ի՞նչ պէտք է զետեղել ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ գլխուն տակ: Չենք հանդիպիր ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ բառին, որ ամայացող Հայաստանի եւ պատմութեան չար անիւը շրջելով ազատագրուած ԱՐՑԱԽի բնակեցման եւ վերաբնակեցման հիմնախնդիրն է: Իսկ անորոշ սահմաններով ՀԱՏՈՒՑՈՒՄը նենգ դաշնագրերու վերանայման պիտի առաջնորդէ՞:

Հանդէսներ, երգահանդէսներ, ցուցահանդէսներ, հրատարակութիւններ եւ ցոյցեր ընելու համար ՖԵԹԻՇ ՏԱՐԻն սպասելու պէտք չէինք ունեցած: Կրնանք միշտ ըսել, որ հարիւրէն վերջ հարիւր մէկն ալ կայ, եւ շարունակելի® բայց ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ աղէտը ինչպէ՞ս պիտի սրբագրուի: Վերաբերում ունի՞նք:

Հարիւրամեակը ազգային որակի եւ ազգային ոգիի վերականգնման յեղափոխութեան առիթ պէտք էր որ ըլլար: Իսկ անցելապաշտութեամբ յեղափոխութիւն չ՛ըլլար: Զանգուածները իրենք պահանջատէր պիտի ըլլային այդ յեղափոխութեան, անորակին եւ ոգեկանութեան պակասին կուրծք տալով, մերժելով, դատապարտելով, փոխանակ հարիւրամեակն ալ վերածելու սակաւապետական հանդիսութեան, ինչպէս կ՛ըսուի օլիկարխական հանդիսութեան:

Ազգային քաղաքականութեան նոր փրաքսիսը պէտք է սահմանել` առանց մսկոտութիւններու, առանց թեթեւսոլիկ ճապկումներու, լուսանկարուելու աժան անմահութեան: Եթէ հայոց հողային հարցը Ցեղասպանութեան ճանաչման անգոյն քաղաքականութեան հետապնդումով փոխարինուի, ծառայութիւն չենք մատուցաներ ազգին:

Իսկ եթէ մեր ՀԻՄՆԱԿԱՆ հողային հարցը կ՛անհանգստացնէ մեր բարեկամները եւ մեր ջոջական-էսթեպլիշմընթային ճապկումները, կա՞նգ պիտի առնենք:

Պիտի շարունակե՞նք զուարճանալ յարդի բոցով եւ անոր վրայ փչելով, խորհելով, որ այդ բոցը խարոյկ կ՛ըլլայ:

Երբեմն կը խորհիմ, գրած եմ ալ, որ եթէ վաղը այդքան ցանկացուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը յայտարարէ Ամերիկայի նախագահը, ի՞նչ պիտի պատահի, ի՞նչ պիտի ընենք յաջորդ օրը: Ֆրանսան այդ ճանաչումը որպէս օրէնք հրապարակեց: ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ սառցալեռը մազաչափ տեղէն շարժեցա՞ւ, յառաջխաղացք ունեցա՞ւ, բռնագրաւած Հայաստանէն թիզ մը հող վերադարձուեցա՞ւ Հայաստանի:

Վիճարկում բառը կախարդական է, քիչ մըն ալ կը նմանի երաժիշտ-յօրինող Պիզէի Առլեզիէնին***, որուն մասին կը խօսուի, բայց ան չի յայտնուիր: Ներազգային կեանքի մէջ մենք վարժուած ենք վարդապետն ասաց-ի ապաշնորհ ընթացքով առաջնորդուիլ: Վիճարկում-հարցադրում յաճախ գայթակղութիւն կը համարուին, ինչ որ կը յառաջացնէ լճացում:

Եթէ ունենանք համազգային բանիմաց եւ որակաւոր վիճարկում, առանց տիրոջ եւ ծառայի, գերադասի եւ ստորադասի, յաւելեալ իրաւունքի վերաբերումի, այլ` յաւելեալ պարտաւորութեան, հաւանօրէն կարելի կ՛ըլլայ ճահճացումէ դուրս գալ եւ ընդգրկուիլ դրական յառաջխաղացքի մէջ, որպէսզի մեր վաղը այսօրուընէ լաւ ըլլայ:

Այդ լաւին համար հարկ է ստեղծել որակի եւ գաղափարի ծառայելու պայմանները` լուռ մեծամասնութիւնը դուրս բերելով իր ընդարմացումէն եւ զայն բարձրացնելով գիտակից մասնակցութեան, ինչ որ տեղի կրնայ ունենալ անսքող վիճարկումի հրաշքով:

Բառերը չարչարելով եւ խօսքը մոմիայի վերածելով` ապագայ չի կերտուիր:

 

6 փետրուար 2015, Նուազի-լը-Կրան

 

 

* “L’ennui dans ce monde, c’est que les idiots sont sûrs d’eux et les gens sensés pleins de doutes” … (Nietzsche).

**”Je ne suis ni Athénien, ni Grec mais un citoyen du monde” (Socrate).

*** L՛Arlesienne, Bizet.

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակաշրջանին Նահատակուած Եւ Մահացած Հայ Մարզիկները

Յաջորդը

«Ականատեսը». Ապրում Էին Կարսում, Ինչպէս Դրախտում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?