Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ` ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ

August 3, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յուլիս 20-ին ընդունած է խիստ ձեւակերպումներ պարունակող որոշում մը` պահանջելով, որ Թուրքիան բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները վերադարձնէ անոնց «օրինական սեփականատէրերուն»:

43 կողմ եւ 1 դէմ ձայնով Քոնկրեսի նշեալ յանձնախումբը համապարփակ յաւելուած ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Օտարերկրեայ յարաբերութիւններու լիազօրման որոշումին մէջ` կոչ ընելով արտաքին գործոց նախարարին, որ` «Թուրքիոյ ղեկավարներուն եւ Թուրքիոյ այլ պաշտօնեաներու հետ պաշտօնական բոլոր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին նշէ, թէ Թուրքիան պէտք է`

1) Վերջ դնէ ամէն տեսակի կրօնական խտրականութեան.

2) Թոյլ տայ, որ քրիստոնէական եկեղեցիներու կալուածներուն օրինական սեփականատէրերը կրօնական արարողութիւններ իրականացնեն եւ ընկերային ծառայութիւններ մատուցեն.

3) Օրինական տէրերուն վերադարձնէ քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրեր, նաեւ` վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ կրօնական այլ կալուածներ, ներառեալ` արուեստի գործերը, ձեռագիրները, զգեստները, անօթները եւ այլ իրեր.

4) Քրիստոնէական եկեղեցիներու կալուածներու հոգեւոր եւ աշխարհական օրինական սեփականատէրերուն արտօնէ վերանորոգել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի վայրերը, վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ կրօնական այլ գոյքեր:

Հակառակ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին, թրքական եւ ազրպէյճանական կազմակերպութիւններուն եւ Անգարայի կողմէ ներգրաւուած ու լոպիինկ իրականացնող այլ կազմակերպութիւններու մեծ ջանքերուն, Յանձնախումբին գրեթէ բոլոր անդամները, ներառեալ` Թուրքիոյ ամենաջերմ աջակիցները, քուէարկեցին սոյն օրինագիծի օգտին` Թուրքիան մատնելով ջախջախիչ պարտութեան: Միակ բացասական ձայնը տուաւ Քոնկրեսի անդամ Ռոն Փոլը` իր մեկուսացուած ըլլալու գաղափարախօսութեան եւ ոչ թէ Թուրքիոյ աջակցութեան պատճառով:

Այս գրեթէ միաձայն քուէարկութիւնը զիս չզարմացուց, քանի որ ես երկար ժամանակէ ի վեր կ՛առաջարկէի նման օրինագիծի մը ընդունումը` քաջ իմանալով, որ Քոնկրեսի անդամները չէին կրնար դէմ կանգնիլ կրօնի ազատութեան գաղափարին: Քոնկրեսի յանձնախումբի բոլոր 15 անդամները, որոնք ելոյթ ունեցան նիստին ընթացքին, արտայայտեցին իրենց դրական վերաբերմունքը այս օրինագիծին կապակցութեամբ: Ահաւասիկ անոնց նկատառումներէն որոշ հատուածներ.

– Քոնկրեսի անդամ Հաուըրտ Պըրմըն (Դ., Քալ.), որ առաջարկեց այս օրինագիծը Քոնկրեսի անդամ Տէյվիտ Սիսիլինի (Դ., Ռոտ Այլընտ) հետ միասնաբար, նշեց. «Մենք կը ցանկանք, որ Թուրքիան վերադարձնէ բռնագրաւուած եկեղեցիները քրիստոնեայ համայնքներուն եւ առնուազն փոխհատուցում վճարէ այդ եկեղեցիներուն համար, զորս հնարաւոր չէ վերականգնել… այս ոլորտին մէջ անոնց (թուրքերուն) արարքները երկար տարիներու ընթացքին… եղած են բարբարոսական»:

– Քոնկրեսի անդամ Պրատ Շըրմըն (Դ., Քալ). «Այս օրինագիծը հրատապ անհրաժեշտութիւն է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գողութիւնը, սրբապղծութիւնը եւ քրիստոնէական հնագոյն եկեղեցիներու ու սրբավայրերու նկատմամբ անտարբերութեան պատճառով քրիստոնէական ժառանգութեան համընդհանուր վերացումը կանխելու համար»:

– Քոնկրեսի անդամ Տեն Պըրթըն (Հ., Ինտիանա)` Թուրքիոյ ամենաջերմ աջակիցներէն մէկը. «Ես կողմ եմ օրինագիծի ընդունման: Ես կողմ եմ կրօնի ազատութեան եւ յոյս ունիմ, որ այս օրինագիծը կ՛ընդունուի»:

– Քոնկրեսի անդամ Ճերըրտ Քանըլի (Դ., Վըրճինիա)` Քոնկրեսին մէջ Թուրքիոյ հարցերով յանձնախումբի համանախագահ. «Կրօնի ազատութիւնը ամերիկեան փիլիսոփայութեան մէջ սկզբունք է, եւ անիկա ամերիկեան մեր հիմնական արժէքներէն է: Ես մտադիր եմ կողմ քուէարկել»:

– Քոնկրեսի անդամ Էտ Ռոյս (Հ., Քալ.)` առաջարկուած օրինագիծին հիմքը հանդիսացող թիւ 306 բանաձեւի ներկայացնողներէն մէկը. «Թուրքիան կը համարուի աշխարհի մէջ կրօնի ազատութիւնը լայնօրէն խախտող երկիրներէն մէկը… Ուստի մենք կը յորդորենք Թուրքիան` վերադարձնել այս կրօններէն բռնագրաւուած եկեղեցիներուն բոլոր կալուածները, որոնք, անկեղծ ըսելով, գողցուած էին»:

– Քոնկրեսի անդամ Էլիըթ Էնկըլ (Դ., Նիւ Եորք). «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներէն է, եւ մենք քաջատեղեակ ենք ատոր: Կը ցանկանայի, անկեղծ ըսած, որ անոնք աւելի շատ վերաբերէին իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից, քան ինչ որ կ՛ընեն վերջերս: Անոնք իսկապէս ճանապարհէն շեղած են… Անոնց արտաքին գործոց նախարարը որդեգրած է իսլամականութեան քաղաքականութիւն եւ հեռացած է Եւրոպական Միութենէն, Արեւմուտքէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, ինչպէս նաեւ շատ վատ վերաբերած է (Կազայի) նաւատորմին, Իսրայէլին եւ այլ բաներու նկատմամբ»:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան իր երկրին համար աննպաստ այս որոշումին ընդունումը անպարկեշտօրէն վերագրեց «ծայրայեղական հայերուն»: Ան մոռցած կը թուի ըլլալ, որ թրքական կառավարութիւնը ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը վճարէ լոպիինկ իրականացնող կազմակերպութիւններուն` Քոնկրեսի անդամներուն վրայ ազդելու համար, եւ որ` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի 44 անդամներէն 43-ը, ներառեալ` Թուրքիոյ վստահելի աջակիցները, հնարաւոր չէր, որ քանի մը «ծայրայեղական հայերու» գրպանը ըլլային:

Օրինագիծի ընդունումէն ետք թուրք ղեկավարները հանդէս չեկան յայտարարութեամբ` իրենց ամօթալի ձախողութիւնը ծածկելու համար: Զարմանալիօրէն Հայաստանի կառավարութիւնը եւս ո՛չ մէկ մեկնաբանութիւն ըրաւ: Օպամայի վարչակազմը նոյնպէս լուռ է եւ զերծ մնացած է բացայայտ ջանքեր ցուցաբերելէ` օրինագիծին ընդունումը կանխելու համար, նկատի առնելով Քոնկրեսի բոլոր կողմերուն միահամուռ դրական վերաբերմունքը սոյն հարցին կապակցութեամբ:

Թէեւ հայերը, ասորիները ու Ամերիկայի յոյները շահած են առաջին ճակատումը, սակայն անոնք տակաւին չեն շահած պատերազմը:

Լիազօրման մասին օրինագիծը, սոյն յաւելուածին հետ միասին, պէտք է հաստատուի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին կողմէ: Այսպիսի օրինագիծ մը պէտք է ընդունուի նաեւ ծերակոյտին կողմէ: Այնուհետեւ, երկու Տուներուն միացեալ յանձնաժողովը պէտք է փորձէ համատեղել երկու տարբերակները: Թուրք լոպիինկի մասնակիցները եւ Օպամայի վարչակազմը տակաւին հնարաւորութիւն ունին այս յաւելուածը հանելու ընդհանուր բանաձեւէն: Այս յաւելուածին կողմնակիցները պէտք է զգօն մնան` յորդորելով, որ Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի ներկայացուցիչները քուէարկեն յօգուտ Լիազօրման մասին օրինագիծի յաւելուածին պահպանման:

Թէեւ յաւելուածը իրաւական պարտադիր ուժ չունի, սակայն անիկա բարոյական յաղթանակ է բոլոր անոնց համար, որոնք բարձր կ՛արժեւորեն կրօնի ազատութիւնը, եւ քաղաքական մեծ յաղթանակ է ամերիկահայ համայնքին համար, որ ճակատելով Թուրքիոյ հզօր լոպիին դէմ` ջախջախիչ հարուած հասցուց անոր: Յաւելուածը նաեւ կը բացայայտէ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու ահազանգող իրավիճակը` հիմք նախապատրաստելով այլ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպիսիք են Եւրոպայի խորհուրդը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որ վերականգնման աջակցին:

Սակայն ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմելն է` ստիպելու համար Թուրքիոյ` վերադարձնել քրիստոնէական եկեղեցիներէն բռնագրաւուած կալուածները: Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճանչցած է այդ դատարանին իրաւասութիւնը եւ առանց վիճարկելու իրականացուցած է անոր բոլոր որոշումները:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

«ԱՂԲԱՐԻԿ, ԱՓԻԿ ՄԸ ՋՈՒՐ»

Յաջորդը

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. 2013-Ի ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` ՂԱԶԱԽՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.