Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳ ՄԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ԱՐՏՕՆԵԼ ՔՄԱՀԱՃ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԵՐՈՒ ՀԱՇՈՒՈՅՆ

August 3, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1990-ական թուականներու առաջին տարիներուն պաշտօնավարած նախկին նախարարի մը վերջերս ըրած յայտարարութիւնները միտքիս մէջ յառաջացուցին հետեւեալ հարցումը. «Ինչպէ՞ս ազգ մը կրնայ յանուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի` սեփական շահի վրայ հիմնուած քմահաճ քաղաքականութիւններ կիրարկել արիւնահեղութեան հաշուոյն»:

Հանգուցեալ նախագահ Թուրկութ Էօզալի ժամանակաշրջանին փոխ վարչապետի պաշտօն վարած եւ տնտեսութեան նախարար Էքրեմ Փաքտեմիրլի, թրքական օրաթերթերու ըսաւ, թէ կառավարութեան վերջերս բացայայտած քաղաքականութիւնը, որ կը վերաբերի ահաբեկչութեան (օրինակ` ՔԱԿ-ի) դէմ պայքարին մէջ ոստիկանական ուժերու համապարփակ օգտագործումին, ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մըն է:

«Աշխարհի այլ վայրերու մէջ բանակները չեն կրցած յաջողիլ հրոսակային կռիւներու ընթացքին: Թրքական զինուորականութիւնը եւս գիտէ ասիկա, բայց կ՛ընդդիմանայ ՔԱԿ-ի դէմ կռիւին մէջ արհեստավարժ ոստիկաններու օգտագործումին:  Ասոր պատճառը այն է, որ զինուորականութիւնը կ՛ուզէ զերծ մնալ խիստ հսկողութենէ, մասնաւորաբար` իր հաշիւներու եւ ծախսերու հսկողութենէն,  ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ներկայացնելով դարձաւ պատերազմի նմանող կացութիւն մը», ըսաւ Փաքտեմիրլի, որ նաեւ տնտեսութեան նախկին նախարար էր:

Բայց անատակ քաղաքական գործիչներ, որոնք անկարող էին ապահովելու շատ քաղաքականացած թրքական զինեալ ուժերու քաղաքացիական ժողովրդավարական կառավարումը, հիմնական պատասխանատուն են ՔԱԿ-ի դէմ շարունակուող կռիւին: Այս պատերազմի ամէնէն ծանր կողմերէն մէկը այն է, որ ատիկա մղուած է ոչ արհեստավարժ զինուորագրուածներով, եւ ատոր իբրեւ հետեւանք` ցարդ 50 հազար զոհ կայ: Իսկ վիրաւորներուն եւ մնայուն հաշմանդամներուն թիւը անյայտ է:

Անցեալ տարի Ճեմիլ Չիչեք, այն ատեն փոխ վարչապետ, այժմ` խորհրդարանի նախագահ, յայտարարեց, որ ՔԱԿ-ի դէմ պատերազմը վերջին 28 տարիներուն արժած է մէկ միլիառ տոլար:

Այդուհանդերձ, Թուրքիոյ  ընտրուած քաղաքական գործիչները ՔԱԿ-ի դէմ պայքարելու համար ցարդ չեն որդեգրած ճիշդ ռազմավարութիւնը, որ մնացած է չմարզուած զինուորական ծառայութիւն ընողներուն, եւ անոնք` թրքական զինեալ ուժերու մշակած վնասակար քաղաքականութեան առաջնորդութեամբ:

ՔԱԿ-ի կողմէ 14 յուլիսին քրտաբնակ Տիգրանակերտ նահանգի մօտ կատարուած յարձակումէն (որուն պատճառով 13 թուրք զինուորներ եւ ՔԱԿ-ի 7 անդամներ սպաննուեցան) ետք է միայն, որ կառավարութիւնը մղուեցաւ բացայայտելու` ՔԱԿ-ի առնչուող ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր նոր ռազմավարութիւնը:

Սակայն թրքական կառավարութեան այն բացայայտումը, որ յատուկ մարզուած ոստիկանութիւնը ապահովութեան ուժերուն հետ պիտի կռուի ՔԱԿ-ի դէմ գիւղական շրջաններուն մէջ, կրնայ ստեղծել որոշ յոյս մը, թէ արհեստավարժներու երկարաժամկէտ օգտագործումը կրնայ մեղմել այս անվերջանալի նուազ սաստկութիւն ունեցող պատերազմը:

Թէեւ ասիկա պէտք է կատարուի այն պայմանով, որ ոստիկանութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ պիտի գործէ օրէնքի գերակայութեամբ:

ՔԱԿ-ի դէմ կռիւին մէջ ոստիկանական յատուկ գործողութիւններու խումբերու օգտագործումը գիւղական վայրերու մէջ, ոստիկանութեան ընդհանուր հրամանատարութեան  կողքին, տեսականօրէն` փոխկապակցուած թրքական զինեալ ուժերու, դադրած էր 1990-ականներու երկրորդ կէսին: Ասիկա, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պարտականութիւնը ունեցող շարք մը ոստիկաններ, համագործակցաբար քանի մը պաշտօնատարներու, մասնակցեցան կազմակերպուած յանցագործութեանց: Այդ ատենէն ի վեր յատուկ մարզուած ոստիկանական խումբերը միայն քաղաքներուն մէջ պատասխանատու են ապահովելու կարգն ու կանոնը, որուն շարքին` ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:

Հակաահաբեկչական ոստիկանական ստորաբաժանումները կը հաշուէին շուրջ 11 հազար, երբ անոնք ապահովութեան ուժերուն հետ միասնաբար պատասխանատու էին գիւղական վայրերու մէջ: Կը հաղորդուի, որ վերջերս այս թիւը նուազած է 6500-ի:

Ոստիկանական խումբերու յաջողութեան համար, եւ որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլայ ՔԱԿ-ի դէմ պայքարը, նաեւ անհրաժեշտ է, որ ոստիկանական ուժերը ամբողջութեամբ ներքին գործոց նախարարութեան վերահսկողութեան տակ ըլլան:

Ասիկա` այն պատճառով, որ ոստիկանական միաւորները, բաղկացած մեծ մասամբ զինուորագրուածներէ, ինչպէս` թրքական զինեալ ուժերու 90 առ հարիւրը, չի հետեւիր ներքին գործոց նախարարութեան հրահանգներուն, որովհետեւ բանակին հակակշիռին տակն են:

Ասոր իբրեւ հետեւանք` ոստիկանութեան եւ ապահովական ուժերու միջեւ գոյութիւն ունի իշխանութեան կատաղի պայքար եւ անվստահութիւն, որ կը տկարացնէ կարգ ու կանոն հաստատելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու Թուրքիոյ ջանքերը:

Ներքին սպառնալիքներու վնասազերծումը, որ կ՛իյնայ ներքին գործոց նախարարութեան իրաւասութեան տակ, գործնապէս չի կիրարկուիր: Կազմակերպութիւն մը, որ պատասխանատու է հանրային կարգ ու կանոնի ապահովման եւ ներքին ապահովութեան, ինչպէս նաեւ` Ոստիկանական ընդհանուր հրամանատարութիւնը, ապահովական ուժերն են, որոնք մաս կը կազմեն ներքին գործոց նախարարութեան: Ոստիկանական ընդհանուր հրամանատարութեան պատասխանատուութեան ծիրը դուրս է ապահովական ուժերէն եւ կը կայանայ գիւղական վայրերու մէջ, քաղաքներու սահմաններէն դուրս, ինչպէս նաեւ` այն վայրերուն մէջ, ուր ապահովական ուժեր չկան: Ոստիկանական ընդհանուր հրամանատարութիւնը պատասխանատու է պահպանելու կարգն ու կանոնը ամբողջ Թուրքիոյ տարածքի 91 առ հարիւրին վրայ: Հասարակական կարգի այս սպասարկութիւնը յատկացուած է բնակչութեան մէկ երրորդին:

Գիւղական վայրերու մէջ ապահովական ուժերը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործածելը կրնայ նաեւ ճամբայ հարթել, երկար ժամանակի վրայ, ներքին ապահովական պարտականութիւններէ զինուորականութեան հեռացումին քաշուելուն:

Բայց այս նոր ռազմավարութիւնը չի կրնար գործել, եթէ պետութեան իմաստութիւնը խիզախ, համարձակ միջոցներ չստեղծէ քրտական հարցին գտնելու համար քաղաքական լուծում մը, որ իր կարգին պիտի նուազեցնէ ՔԱԿ-ի ահաբեկչութիւնը:

ԼԱԼԷ ՔԵՄԱԼ

«Թուտէյզ Զաման»

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱՅԻ ՉԵՐՔԵԶՆԵՐԻ ԱՐԴԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐԻ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

ԻՐԱԿԱ՞Ն ՅԱՆՑԱՊԱՐՏԸ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.