
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նազարեան Այցելեց
Մսայլհայի Ամբարտակը
Նախարար Ա. Նազարեան երէկ այցելեց Մսայլհայի ամբարտակը, որուն բացումը կատարուած էր ապրիլ 2014-ին:
Այցելութեան ընթացքին Ա. Նազարեան շեշտեց Մսայլհայի ամբարտակին կարեւորութիւնը` գնահատելով Լիբանանի ամբարտակներուն դերակատարութիւնը` ջուրի խնայողութիւն կատարելու եւ ըմպելի ու ոռոգման ջուր ապահովելու իմաստով:
Ան հաստատեց, որ ամբարտակներու դրութիւնը կարեւոր է Լիբանանի համար` նկատի ունենալով կլիմայի փոփոխութիւնները, որոնք ժխտական անդրադարձ կ՛ունենան Լիբանանի ջրային հարստութեան վրայ:
Մսայլհա ամբարտակը ամէնօրեայ դրութեամբ 30 հազար խորանարդ մեթր ըմպելի ջուր կ՛ապահովէ ամբողջ Պաթրունին` հասնելով մինչեւ Անֆէ: Անոր բարձրութիւնը 35 մեթր է, 450 մեթր երկայնքով եւ ան կրնայ վեց միլիոն խորանարդ մեթր ըմպելի ջուր ապահովել: Կը նախատեսուի, որ ամբարտակի կառուցման աշխատանքները երկու տարիէն աւարտին: