Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Կազմակերպութիւններու Կոչը Աշխարհի Առաջնորդներուն. «24 Ապրիլին Թուրքիա Մի՛ Գաք, Գացէ՛ք Երեւան»

Փետրուար 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ դիմած են օտարերկրեայ  ղեկավարներուն, կոչ ընելով չմասնակցելու  Տարտանելի ճակատամարտի 100-ամեակի տօնակատարութեան, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օրը` 24 ապրիլին:

Թուրքիոյ «Մարդկային իրաւունքներու միութեան» այլատեացութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնախումբը, Իզմիրի ասորական եղբայրութեան մշակութային եւ համերաշխութեան շարժումը, «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը, «Զան» ընկերային-քաղաքական տնտեսական հետազօտութիւններու հիմնադրամը միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ  ղեկավարները, լայնածաւալ ջարդերու սկիզբ նկատուող թուականը յաղթանակի տօնակատարութիւններու վերածելով, կ՛անարգեն  ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ կը ստորացնեն անոնց սերունդները, կը հրաժարին զոհերուն պատշաճ յարգանք ցուցաբերելէ: Կազմակերպութիւնները կոչ ըրած են աշխարհի առաջնորդներուն, որ յայտարարեն, թէ իրենք չեն անարգեր ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

«Մենք գիտենք, որ շարք մը պետութիւններ բացէ ի բաց չեն խօսիր 1915-ի ցեղասպանութեան մասին: Բայց կրկին անոնցմէ քիչ մը խիղճ կը պահանջենք եւ կ՛ըսենք. գացէ՛ք Երեւան, ուր իսկապէս ցաւ կայ», մամլոյ յայտարարութենէն ետք ըսած է «Մարդկային իրաւունքներու միութեան» փոխնախագահ Էրեն Քեսքին:

 

 

Նախորդը

Լուքաշեւիչ. «Մոսկուան Մտահոգուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակին Սրումէն»

Յաջորդը

Արցախի Մէջ 25-Ամեայ Զինուոր Մը Զոհուած Է Թշնամիի Կրակոցէն

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?