Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՄՄԱՌՈՒ ՏԻՐԱՄՕՐ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ՄԻՔԱՅԷԼ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ

August 1, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ձեռնադրութեան ընթացքին
Երէկ` կիրակի, 31 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Զմմառու Տիրամօր մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Տիրամայր Նարեկի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը:

Արարողութեան նախագահեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը: Արարողութեան աւարտին նորոգ ձեռնադրեալ եպիսկոպոսը տուաւ իր անդրանիկ պատգամը` հայերէնով  եւ արաբերէնով: Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն արարողութեան, նաեւ երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին, որ զինք առաջնորդ կարգած էր:

Միքայէլ եպս. Մուրատեան յայտնեց, որ իր ձեռնադրութեան առիթով ընտրած նշանաբանն է, Ս. Պօղոսի այն խօսքը, որ կը խրախուսէ իր Տիմոթիոս աշակերտը` ըսելով. «Պահէ՛ բարի աւանդը` մեր մէջ բնակող սուրբ հոգիին միջոցով»` աւելցնելով, որ աւանդը կը խորհրդանշէ քրիստոնէական հաւատքի դաւանութիւնը, որով 301-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մկրտեց Տրդատ թագաւորը:

Ան նկատել տուաւ, որ բոլորս ալ կոչուած ենք վկաները ըլլալու այս բարի աւանդին, այս բարի լուրին, այս բարի յոյսին:

Ձեռնադրեալ գերապայծառը հաստատեց, որ առանձին չի կրնար կրել եպիսկոպոսական աստիճանի ծանր լուծը, սակայն հետեւելով Ս. Պօղոսի խօսքին` իր ամբողջ էութեամբ ինքզինք կը յանձնէ Ս. հոգիին թելադրանքներուն ու շնորհին: «Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսն է ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը», հասատատեց Միքայէլ եպս. Մուրատեան` աւելցնելով, որ ինք այս հաւատքով մեծցած է եւ այդ սորված է: «Ես վստահ եմ, որ Զմմառու միաբանութիւնը պիտի շարունակէ իր բարձրաթռիչք երթը Յիսուս Քրիստոսի ճամբուն վրայ` ի ծառայութիւն հայ ազգին, ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ», շեշտեց գերապայծառը եւ եզրափակելով իր խօսքը խնդրեց Տիրոջմէն, որ իրեն պարգեւէ զգաստութիւն եւ զատորոշում` կատարելու համար իր կամքը, որպէսզի վստահելով երկինքի շնորհին, իմաստութեամբ, սիրով եւ սրբութեամբ առաջնորդէ իրեն յանձնուած հօրը դէպի լեռնային արօտավայրերը:

Օծման արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ այս առիթով Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կոնդակը:

 

Նախորդը

«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐՏԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաջորդը

ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ՈՂՋՈ՛ՅՆ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.