Շուրջ մէկ տարի առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Գաբիրէլ Չեմպերճեանի, Անթիլիաս հրատարակեց «Նարեկ» Աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին պատճէնը` թուագրուած 1000 օրինակներով միայն, որոնք հնադարեան ձեռագիրին համապատասխանող արծաթապատ իրենց կազմով` շքեղ ու թանկարժէք օրհնութիւն դարձան ցարդ բազմաթիւ հայ տուներու:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքին ի նպաստ կատարուած այս սքանչելի հրատարակութեան մասին արտայայտուելով` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Նարեկ»ը հայուն հաւատքի երկրորդ գիրքը եղած է ու կը մնայ` Աստուածաշունչ մատեանէն ետք: Անոր հրաշագործ կարողութիւնը նկատի ունենալով, միշտ երկիւղածութեամբ մօտեցած է մեր ժողովուրդը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հոգեկան ճենճերումները ամփոփող այս հատորին: Անոր հնագոյն ձեռագիրին պատճէնահանումը այսօրուան արհեստագիտութեան կատարելագործուած միջոցներով, իսկական օրինակին հարազատ վերարտադրումն է, որ իր արծաթապատ շքեղ կազմով տիրական ներկայութիւն դարձած է բազմաթիւ հայ օճախներու մէջ»:
Քանի մը տասնեակ օրինակները, որոնք ի պահ դրուած կան վեհարանին մէջ, վստահաբար շուտով պիտի գտնեն իրենց տէրերը` երթալով հայ տուներուն մէջ` ամբողջացնելու համար մեր ազգի մեծագոյն սուրբերէն Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ներկայութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ տարածելու բարի աշխատանքը:


