Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Մոսկուա, մասնակցելու 6 փետրուարին տեղի ունենալիք Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին:
Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի դռնփակ տեսակցութիւնը Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ: