Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԵՐ ՀԱՅԱՏՈՒՆԿ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ…

August 1, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, «Ազդակ»-ի յուլիս 18-ին տպած «Ս. Աստուածածնայ տօնին նուիրուած ամիս» ազդը հրճուեցուց զիս` ներքուստ եւ արտաքուստ:

Հրճուանքիս մէջ խանդավառ` երիցս կարդացի ծանուցումը, որուն թէ՛ բովանդակութիւնն ու թէ՛ աննախընթացութիւնը կը յանձնեմ ուշադրութեանդ:

«Լիբանանի հայ առաքելալան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, յառաջիկայ 20 յուլիսէն մինչեւ 17 օգոստոս 2011 տեղի պիտի ունենայ Ս. Աստուածածնայ նուիրուած աղօթքի ամիսը, որ կ՛ընդգրկէ Աստուածամօր վերաբերող տօները: Ս. Աստուածածնայ նուիրուած աղօթքի արարողաշարքը պիտի կատարուի ամէն չորեքշաբթի, շաբաթական հերթականութեամբ, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:

Տօնի արարողաշարքին բացումը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 20 յուլիս 2011-ին, որուն պիտի հանդիսապետէ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ Գեղամ արք. Խաչերեան` առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին: Օրուան նիւթն է «Հայ ժողովուրդին ցուցաբերած ջերմեռանդութիւնը Ս. Աստուածածնայ նկատմամբ»: Կը ներկայացնէ Դոկտ. Թամար Տասնապետեան» (Ազդակ, Բշ., Պէյրութ, 18 Յուլիս 2011, էջ 3ե-զ):

Եւ իրապէս, արդէն յուլիս 21-ի «Ազդակ»էն իմացայ անխառն բերկրանքով, թէ «Ս. Աստուածածնայ նուիրուած աղօթքի ամիսը սկսաւ: Շահեկան դասախօսութիւն` «Հայ ժողովուրդի ցուցաբերած ջերմեռանդութիւնը Ս. Աստուածածնայ նկատմամբ» նիւթով»:

Բարիգալուստի խօսքն արտասանողը շեշտած է «Աստուածածնայ նուիրուած ճոխ եւ հարուստ գրականութիւնը»: Ո՛չ միայն «ճոխ եւ հարուստ», այլ նաեւ շեշտելու է յոյժ փարթամ, չափազանց առատ մատենագրութիւնն ու գրականութիւնը` ելած հայ սրտէն, մտքէն, գրչէն:

Բայց մատենագրութենէն եւ գրականութենէն առաջ առկայ են անցեալի մարեմասէր հայ ժողովուրդին հաւատքն ու կեանքը, որոնք կը կազմեն անցամաքելի եւ զուլալ աղբիւրը մեր մարեմական մատենագրութեան ու գրականութեան բազմասեռ արտադրանքին (ասոր մասին ուրիշ առիթով):

Այդ վառ հաւատքին ու գիտակից կեանքին վերադառնալու եւ վերադարձնելու կոչուած է, կը կարծեմ, «Ս. Աստուածածնայ տօնին նուիրուած ամիս» այս հոյակապ նախաձեռնութիւնը, քանի, ինչպէս  սրբազանը կը պատգամէ, «այսօր մեր ժողովուրդին հաւատքը ձեւական է եւ ոչ մէկ ձեւով հաւատքի քրիստոնէական հիմք ունի», անմիջապէս աւելցնելով, որ` բարեպաշտ, հաւատացեալ ապրումը եւ կեանքը ներկայիս գոյութիւն չունին» («Ազդակ», Եշ., Պէյրութ, 21 յուլիս 2011, էջ 3բ), դժբախտաբար:

Եւ ինչպէ՞ս գոյութիւն ունենա՜ր, երբ, ընդհանրապէս, «ժողովուրդին համար սուրբերուն տօնակատարութիւններն այլեւս ոչինչ կը նշանակեն», եւ, յատկապէս, երբ անցեալի մեր նախահայրերու եւ նախամայրերու մարեմահաւատ ու մարեմասէր ջերմ ապրումները ներկայիս կ՛անցնին սառնամանիքէ մը, որուն ցուրտ կլիման միայն չի գար պարզ եւ աշխարհական խաւերէն լոկ…

Անկասկած, որ անհամեմատելի տարողութեամբ բոլոր սուրբերուն մէջ առաջնահերթն ու «հիմնականը Աստուածամայրն է, եւ անոր նկատմամբ հաւատքը եւ բարեպաշտութիւնը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ անհրաժեշտութիւն է» (Ազդակ, էջ 3գ):

Այս անհրաժեշտութիւնը արծարծելու եւ հասկցնելու հրատապ մարտահրաւէրն ընդառաջեց իր նիւթին քաջահմուտ մասնագէտը` դոկտ. Թամար Տասնապետեան, որ հանրածանօթ է մարեմագիր իր բազմաթիւ երկերով ու հրատարակութիւններով:

Հայերուս մարեմականութեան վերարծարծումին եւ վերըմբռնումին համար անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ արդէն մեր առաջին մատենագիրները, ինչպէս` Ագաթանգեղոս, Փաւստոս Բիւզանդ, Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Պետրոս Սիւնեցի, յստակօրէն վկայած են մեր ժողովուրդին մարեմականութեան մասին:

Նոյնպէս անհրաժեշտ է անդրադառնալ, բանախօսին ուղիղ տեսութեամբ, «ժողովրդային հաւատքին եւ արուեստին մէջ Մարիամի ունեցած դերակատարութեան եւ ազդեցութեան», ինչպէս նաեւ` գիտնալ, որ` «Մարիամի մասին գրութիւնները հետզհետէ զարգացած են, որովհետեւ արծարծուող հարցերը Քրիստոսի մասին եղած են, եւ «Որդին ու Մայրը անքակտելիօրէն միացած են» (Ազդակ, էջ 3դ):

Որդիին` Յիսուսի եւ Մօր` Մարիամի անքակտելիութեան զօդն է իրարու հանդէպ երկուքին անհուն եւ անշէջ սէրը, որմէ հեռու ապրողը կը մատնուի կրօնին մէջ անտարբերութեան կամ

հաւատքով կենցաղավարումի մակերեսայնութեան…

Հուսկ, կը շնորհաւորեմ նախաձեռնողը, գործադրողներն ու աջակցողները` բարձր գնահատանքիս մէջ ձայնելով.«Վերադառնա՛նք եւ հաւատարիմ մնա՛նք մեր մարեմասէր ժողովուրդին լուսաւորչատունկ արմատներուն կենսանորոգ»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 28 յուլիս 2011

Նախորդը

ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ԹՈՒՐՔԻԱՅԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ. ԵՐԵՒԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ՀՐԱԺԱՐՈՒԻ ՉԱՐԱԲԱՍՏԻԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻՑ

Յաջորդը

ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ՊԱԹԸՆ ՇԱՀԵՑԱՒ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԱՆՁՐԵՒՈՏ ԿՐԱՆ ՓՐԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.