Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Արցախի Մնայուն Ներկայացուցիչը Արձագանգած Է Ազրպէյճանի Դեսպանի Նամակին

January 31, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

13015_NY-timesԱմերիկեան հեղինակաւոր «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի պատասխանը Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանի նամակին:

Աւետիսեան նամակին մէջ կը նշէ. «Ազրպէյճանի դեսպանը կը թուի թէ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներուն անտեսելու մարդկային  իրաւունքներու եւ ազատութիւններու դէմ շարունակական արշաւը Ազրպէյճանի մէջ: Փոխարէնը ան ուշադրութիւնը սեւեռած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին վրայ, որ կը մնայ անլոյծ Ազրպէյճանի վրէժխնդրական նկրտումներուն պատճառով»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» նախապէս Ազրպէյճանին ուղղուած հերթական կարծր քննադատութիւն ուղղած էր` հիմնուելով «Ուիքիլիքս»-ի մէջ տեղ գտած շարք մը աղաղակող հրապարակումներու վրայ:

Ազրպէյճանցի դիւանագէտը իր պատասխան նամակին մէջ ամերիկեան թերթին հրապարակած յօդուածը անհիմն անուանած է:

Դեսպան Սուլէյմանով առաջարկած է. «Աւելի կառուցողական եւ իրական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ պէտք է աշխատիլ, հոգալ մարդասիրական կարիքները հարիւր հազարաւոր բռնի տեղահանուածներուն,որոնք Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներու  բռնագրաւման զոհերն են»:

Ղարաբաղի պաշտօնական ներկայացուցիչը իր նամակին մէջ գրած է. «Ըստ երեւոյթին, վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի դէմ արիւնալի յարձակումներու աճին միջոցով Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ ե՛ւ ներքին, ե՛ւ  միջազգային ուշադրութիւնը շեղել իր երկրին մէջ ազատութիւններու եւ այլակարծութեան նկատմամբ ճնշումներէն: Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը պէտք է գիտակցի, որ այդպէս միայն կը խորացնէ միջազգային հանրութեան հետ անջրպետը եւ կը յետաձգէ շրջանային խնդիրներու լուծումը: Ազրպէյճան պէտք է դադրեցնէ երկրին մէջ առկայ թերութիւնները արդարացնելու նպատակով պատրուակներու, որոնց շարքին զինուորական սադրանքներու օգտագործումը: Ժողովրդավարական Լեռնային Ղարաբաղի գոյութիւնը կ՛ապացուցէ, որ իրական ժողովրդավարութիւնը կարելի է նոյնիսկ  արտաքին յարձակումի մնայուն սպառնալիքի պայմաններուն մէջ»:

Ռոպերթ Աւետիսեան կ՛աւելցնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը եւ ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած իշխանութիւնը շահագրգռուած են շրջանի բոլոր պետութիւններուն, որոնց շարքին դրացի  Ազրպէյճանի մէջ խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատումով»:

 

Նախորդը

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Խորհուրդի Ժողովը Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Տեսթիճի Կը Սպառնայ Իշխանութեան Գալու Պարագային Երկրէն Արտաքսել 100 Հազար Հայ

RelatedPosts

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ  Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով`  Ազրպէյճանի Տարածքով
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով` Ազրպէյճանի Տարածքով

January 20, 2026
Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

January 20, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.