Շանկհայի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան մրցումներուն, ամերիկացի Ռայըն Լոշթէ 200 մեթր անհատական ազատ լողի մրցումներուն աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց` կոտրելով իր իսկ մրցանիշը եւ արձանագրելով 1′ 54″ 00 արդիւնք մը:
26 տարեկան լուղորդը 0″ 10 տարբերութեամբ բարելաւեց 2009-ին Հռոմի մէջ իր իսկ հաստատած մրցանիշը (աշխարհի ախոյեանութիւն):
Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց անոր ազգակից Մայքըլ Ֆելփս (1′ 54″ 16):
Շնորհիւ Ճէյմզ Մակնիւսընի (20 տարեկան), Աւստրալիա 43 երկար տարիներու սպասումէ մը ետք տիրացաւ 100 մեթր ազատ լողի մրցումներուն առաջնութեան:


