Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Հայաստան: Հայաստան կեցութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը պիտի մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման պետական յանձնաժողովի նիստին, ինչպէս նաեւ երկու վեհափառ հայրապետները պիտի նախագահեն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման յանձնախումբի ժողովին: