Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻՈՅ «ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ» ԿԱՄ` ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

July 29, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները նախ անցեալ շաբաթ անցան կարեւոր ժամանակաշրջանէ մը, բարձր մակարդակի հանդիպումներով, որոնք թագադրուեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի խորհրդակցութիւններով` թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Տիկին Քլինթընի ներկայութենէն միայն երկու օր ետք, զօր. Տէյվիտ Փեթրաուս, որ Աֆղանիստանի մէջ գործող ՕԹԱՆ-ի ուժերու հրամանատարն էր, ապա Սի. Այ. Էյ.ի նոր պետը նշանակուեցաւ, Անգարա ժամանեց Աֆղանիստանէն Պերլին մեկնելու ճամբուն վրայ:

Այս հանդիպումներէն առաջ Ճեֆրի Ֆէլթման (բարձրաստիճան ամերիկացի դիւանագէտ մը, որ պատասխանատու է Միջին Արեւելքի հարցերու, մասնաւորաբար «Արաբական գարնան») եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու համանախագահեց նիստի մը` քննարկելու համար շրջանային զարգացումները եւ համակարգելու համար իրենց քաղաքականութիւնները: Բացի ատկէ, Ռոպերթ Հոլթմարց` տնտեսութեան, ուժանիւթի եւ երկրագործութեան հարցերու փոխ նախարար եւ Ռիչըրտ Մորնինկսթար` յատուկ պատուիրակ Եւրասիոյ ուժանիւթի հարցերուն ամբողջ շաբթուան ընթացքին հանդիպումներ ունեցան իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը նկարագրութեամբ, այդ շաբաթը այն ժամանակաշրջանն էր, երբ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները վայելեցին «բարձրագոյն ներգրաւուածութիւն»: «Ասիկա շատ արդիւնաւէտ էր յարաբերութիւնները ճիշդ ուղիի վրայ դնելու առումով, հակառակ այն հանգամանքին, որ տակաւին կան որոշ խնդիրներ երկու երկիրներու միջեւ», ըսաւ պաշտօնատարը:

Տարբեր չափերով, ուղղութիւններով, Քլինթընի Պոլսոյ բանակցութիւնները կրնան համեմատուիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի 2009-ին Թուրքիա այցելութեան, որ առաջին շրջագայութիւնն էր երկրէն դուրս, իր նախագահ ընտրուելէն ետք: Մէկ տարբերակումը այն է, որ Թուրքիա այժմ աւելի ուժեղ եւ աւելի ազդեցիկ դերակատարութիւն ունի իր սեփական շրջանին մէջ` աւելցնելով իր ռազմավարական կարեւորութիւնը Ուաշինկթընի աչքին: Այլապէս, Օպամա գրեթէ ամէն շաբաթ հեռաձայնային զրոյց պիտի չունենայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի հետ` Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ Արաբական գարնան ամէնէն եռեւեփող օրերուն:

Թուրք դիւանագէտներու համար երկու երկիրներու քաղաքականութիւնները Արաբական գարնան զարգացումներուն հանդէպ` կը համընկնին գրեթէ 85 առ հարիւրի: Ասիկա կարեւոր վկայութիւն մըն է երկու երկիրներու տենչանքին, փառասիրութիւններուն ձեւաւորելու համար շրջանային զարգացումները: Բան մը, որ փաստուած է Լիպիոյ պարագային:

Անկասկած, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու կորիզը, առանցքը տեղափոխուած է աւելի շրջանային հարթութեան վրայ, բան մը, որ շատ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու համար` հաշտուելու իսլամական աշխարհին հետ 11 սեպտեմբերի հետեւանքներուն վերջ տալու քայլով մը:

Այս առումով, Միացեալ նահանգներ պիտի շարունակեն Թուրքիան տեսնել իբրեւ կարեւոր գործընկեր: Փոխարէնը Ուաշինթըն կը շարունակէ ակնկալել Թուրքիայէն, որ առաւել նպաստէ իր` Ուաշինկթընի համաշխարհային ծրագիրներու իրականացման, օրինակի համար` ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային պաշտպանութեան ծրագիրին:

Հաւասարապէս կարեւոր է Միացեալ Նահանգներուն համար` տեսնել արագ բնականոնացումը թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն: Ասոնք Միացեալ Նահանգներու երկու հիմնական ակնկալութիւններն են Թուրքիայէն:

Եթէ այս առաջնահերթութիւնները, գերակայութիւնները անլսելի մնան, զարմանալի կ՛ըլլայ տեսնելը Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը Թուրքիոյ` Կիպրոսի հարցով Եւրոպական Միութեան դէմ Անգարայի հնարաւոր յառաջիկայ պայքարին մէջ, մօտիկ ապագային:

Այս հոլովոյթը Թուրքիոյ համար «Եւրոպական գարնան» վերածելու համար կարիք չկայ անդրադառնալու, թէ որքա՛ն կարեւոր է Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու կայունութիւնը:

Ատիկա կրնայ օգտակար ըլլալ բոլոր առնչակից կողմերուն` այս հարթութեան վրայ կարդալու, մեկնաբանելու Թուրքիոյ վերջին հաղորդակցութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ:

ՍԵՐՔԱՆ ՏԵՄԻՐԹԱՇ

«Հիւրրիյէթ»

Նախորդը

ԿՈՉ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ

Յաջորդը

«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՀԵՏ» (Հեղինակ` ՄԻՆԱՍ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ)

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։