Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի «Աւետաբեր» Երգչախումբ. Ս. Ծննդեան Տօնին Նուիրուած Համերգ

Յունուար 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010315_avedՀովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 3 յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան նուիրուած համերգ` կատարողութեամբ թեմի «Աւետաբեր» երգչախումբին, գեղարուեստական ղեկավար` Երուանդ Քէշիշեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Մարիա Յովսէփեան-Քէշիշեանի:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հրայր սրկ. Տաղլեան: Ան շեշտեց, որ Քրիստոսի ծնունդը պէտք է միաձուլուի մարդկային հոգեւոր վերածնունդին հետ, այլապէս ապարդիւն պիտի ըլլայ: Պատահականութեան արդիւնք չէ, որ Քրիստոսի ծնունդը կը զուգադիպի Նոր տարուան  յաջորդող քանի մը օրերուն, որովհետեւ տարուան առաջին օրերէն է, որ մարդ ինքզինք իր հնութենէն պիտի վերանորոգէ, որպէսզի յաջորդ տարին սկսի նոր ոգիով եւ նոր կեանքով:

Այնուհետեւ «Աւետաբեր» երգչախումբը հրամցուց Ս. Ծննդեան  նուիրուած շարականներու փունջ մը` «Այսօր տօնն է Ս. Ծննդեան», «Ծագումն հրաշալի», «Զանճառելի լուսոյ մայր», «Խորհուրդ մեծ», «Գիշերն իջաւ», «Լուռ գիշեր», «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ», եւ այլն:

«Աւետաբեր» երգչախումբի սոյն համերգը իր տեսակին մէջ եզակի եւ որակաւոր էր, որովհետեւ երգեցողութեան կ՛ընկերակցէր կենդանի պատկեր, ուր կը ներկայացուէր Յիսուսի ծնունդը, հովիւներուն եւ մոգերուն այցելութիւնը, փախուստ դէպի Եգիպտոս, մինչեւ Յիսուսի մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռքով: Արդարեւ, երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Երուանդ Քէշիշեան երգ եւ թատրոն միացնելով, կրցաւ Ծնունդի իսկական հոգին փոխանցել ներկաներուն, որոնք մեծապէս ներշնչուած էին «Աւետաբեր»-ի կատարումներով:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պահենք այն, ինչ որ մեզի համար նուիրական ու սրբութիւն է` ակնարկելով քրիստոնէական հաւատքին եւ այդ հաւատքին ընդմէջէն այն բոլոր նուիրական սովորութիւններուն եւ բարքերուն, որոնք մեզ դարեր շարունակ օտարութեան պայմաններուն մէջ պահեր են մաքուր, վճիտ, բարձր եւ առաքինի: «Թող Աստուած իր օրհնութիւնը միածին որդիին միջոցով տարածէ մեր հոգիներուն մէջ, մեր ընտանեկան յարկերէն ներս, մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ մեր ընկերութեան բոլոր մարզերուն մէջ: Կ՛աղօթեմ, որ  Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով երկինքէն երկիր յայտնուող աստուածային շնորհը լուսաւորէ մեզ` տալով  իմաստութիւն եւ հոգեկան քաջութիւն, որպէսզի դիմագրաւենք բոլոր վիճակները եւ այդ կացութիւններուն մէջ պահենք նկարագիր, հաւատք, ոգի ու կամք, որպէսզի կարենանք յարատեւել», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

 

Նախորդը

Արեւելքի Քրիստոնեաները Պաշտպան Ունի՞ն…

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Ղազախստանի  Մայրաքաղաք Ասթանայի Մէջ Գումարուող  Միջազգային Միջկրօնական Համագումարին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Ղազախստանի Մայրաքաղաք Ասթանայի Մէջ Գումարուող Միջազգային Միջկրօնական Համագումարին

Սեպտեմբեր 18, 2025
«Մուսա Լերան 18 Նահատակները»  Եւ «Լեռ Փառապանծ» Միացեալ Գիրքի Գինեձօն
Գաղութային

«Մուսա Լերան 18 Նահատակները» Եւ «Լեռ Փառապանծ» Միացեալ Գիրքի Գինեձօն

Սեպտեմբեր 18, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Մասնակցեցաւ Վատիկանի Մէջ Կայացած 21-րդ Դարու  Նահատակներու Նուիրուած Արարողութեան
Գաղութային

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Վատիկանի Մէջ Կայացած 21-րդ Դարու Նահատակներու Նուիրուած Արարողութեան

Սեպտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?