Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար եւ միջազգային իրաւարար Փաշիկ Ալաւերդեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանէն ծանրաբարձ մը եւս իր մասնակցութիւնը բերէ Չինաստանի Շենցզեն քաղաքին մէջ 12-22 օգոստոսին տեղի ունենալիք Համաշխարհային ամառնային ուսանողական խաղերուն:
Այս խաղերուն Հայաստանի ծանրաբարձութեան ուսանողական խումբին մաս կազմող վեցերորդ մարզիկը պիտի ըլլայ Հայաստանի ծանրաբարձութեան բաժակակիր Սամուէլ Գրիգորեան:
Իսկ մնացեալ հինգն են` Աղասի Աղասեան (77 քկ), Արամ Անտրիկեան (85 քկ), Նորայր Վարդանեան, Վարդան Դաւթեան (94 քկ) եւ Հայկ Յակոբեան (գերծանր դասակարգ):


