
Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, որ նախորդ տարի աւարտեց թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը, ըսաւ, որ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր կը համարուի պատմութեան լաւագոյն թենիս խաղացողը:
«Անկասկած, որ ան լաւագոյնն է, որովհետեւ մի՛շտ եւ ամէնուրեք ապացուցած է իր գերազանցութիւնը: Ան տիրացած է բոլոր տիտղոսներուն եւ բացառիկ մրցումներ կը ներկայացնէ իր տարիքին համեմատ: Նալպանտեանի խօսքերը կը մէջբերէ Canchallena կայքը:


