Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատուհաս Մը Եւս

December 22, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Երկրի տնտեսութիւնը պատանդ վերցուցած առանձնաշնորհեալներու ամէնօրեայ թալանը կարծես չէր բաւեր… դրամի արժեզրկումը նոր պատուհաս մը եղաւ հայրենի ժողովուրդի գլխուն, որ ինչպէս միւս չարիքներուն պարագային, այս մէկուն հանդէպ եւս իր ընդվզումն ու ցասումը իրեն մէջ պահել նախընտրեց:

Նոր տարուան սեմին միայն դրամի արժէքի հսկայական տատանումները չեն, որոնք պէտք է զայրացնեն ժողովուրդը ու զայն հանեն փողոց. ի վերջոյ, մարդիկ կրնան պատահածը վերագրել միջազգային իրադարձութիւններու, յատկապէս` Ռուսիոյ դէմ ձեռնարկուած պատժամիջոցներուն: Հարցը, դրամի արժեզրկման սանձումէն ետք,  շուկայի տէրերուն կողմէ ապրանքներու գիները համապատասխանօրէն կարգաւորելու չկամութիւնն է, առիթը մինչեւ վերջ չարաշահելու մոլուցքը:

Նոր տարի է եւ հայ մարդը, հայաստանցին, իր օճախի սեղանը ճոխ դարձնելու համար, ո՛վ գիտէ` ի՛նչ տեսակ զոհողութիւններ կատարած է, իր խնայած վերջին լումաները լոյս աշխարհ հանած ու հեռաւոր բարեկամներէ ստացած նուէր-փոխանցումները (բաւական պակսած` ռուբլիի արժեզրկման պատճառով) երախտագիտութեամբ գործի լծած է: Այս բոլորով հանդերձ, օրէ օր իր գնողունակութիւնը կորսնցուցած քաղաքացին պարտաւորուած է զեղչելու ամանորեայ գնումները եւ համակերպելու քիչով բաւականանալու գաղափարին:

Կը պատկերացնէ՞ք, թէ ուրիշ երկիրներու մէջ այսպիսի տագնապներ ինչպէ՛ս կը դիմագրաւուէին: Մեր մօտ ուրի՛շ է, մեր մօտ մարդիկ ատամները կը կրճտեն, կը զսպեն իրենց զայրոյթը եւ… կ՛որոշեն յաւելեալ տենդով երկրէն փախչելու ճանապարհներ փնտռել:

Հապա ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէին վարչապետին այցելութիւնները Երեւանի մեծ խանութներ եւ անտրամաբանական թանկացումներ թոյլ չտալու անոր սպառնալիքները: Կ՛երեւի պարզապէս իր ամանորեայ գնումներու ցուցակը կ՛ուզէր թարմացնել:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանցի Հրեայ Քարոզիչը (Propagandist) Քարեր Կը Նետէ Հայաստանի Վրայ` Ապակեայ Տունէն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.