Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 28-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

July 27, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիզպոնի հինգին յիշատակը յարգողները

Հայութեան ազգային եւ յեղափոխական պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ գիրերով իտէալապաշտութիւն փորագրած, անձնուիրութիւնը գործնականի ու կենդանի տիպարի վերածած, հայ ազգն ու Հայ դատը ամէն բանէ վեր, վեհագոյնը նկատած հինգ հայ սրտերուն` Արայի, Սագոյի, Սեդոյի, Վաչէի եւ Սիմոնի նահատակութեան 28-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 26 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամներ, ԼԵՄ-ականներ եւ ԶՈՄ-ականներ ԼԵՄ-ի կեդրոնէն քայլարշաւով ուղղուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր բոլոր ներկաները Լիզպոնի տղոց շիրիմին վրայ ծաղիկներ զետեղեցին եւ մոմեր վառեցին, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հինգ նահատակ հերոսներուն հոգիներուն համար:

Երիտասարդական-ուսանողական քայլարշաւին մասնակիցները
Փաթրիսիա Խորշիտեան

Բացման խօսքը արտասանեց Փաթրիսիա Խորշիտեան, որ յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայութեան նկարագիրին հիմնական մէկ մասը հանդիսացող պայքարելու հաստատակամութեան, փոթորիկներուն ու անարդարութիւններուն դէմ ծառանալու վճռականութեան, ազգին ու դատին համար մահն իսկ արհամարհելու քաջութեան: Ան նշեց, որ թէեւ հայոց պատմութեան մէջ մեծ եղած են հայութեան դէմ յայտնուած մարտահրաւէրները, փոթորիկները, սակայն մեր ազգը կրցած է շրջանցել այդ բոլորը, տէր կանգնիլ իր սկզբունքներուն ու գաղափարներուն եւ ապացուցել, որ եթէ խօսքով կարելի չեղաւ պաշտպանել հայկական իրաւունքներն ու Հայ դատը, ուրեմն զինեալ պայքարը պիտի ըլլայ միակ լուծումը: Փ. Խորշիտեան դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի հինգ տղաքը իրենց քաջարի արարքով վճռեցին խորտակել համայն աշխարհին կանգնեցուցած լռութեան պատը եւ հայկական հարցին իրազեկ դարձնել բոլորը: Գերմարդկային ուժով օժտուած տղաքը յաջողեցան հայութեան ձայնը լսելի դարձնել աշխարհով մէկ` բանալով ճամբան Հայ դատի բարձրագոռ արձագանգին:

Մերօրեայ մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով` Փ. Խորշիտեան յիշեց թուրքին կողմէ շարունակուող տարբեր բնոյթի սպանդն ու ոճրագործութիւնը, սփիւռքահայութեան գոյապայքարը` հաստատելով, որ Հայ դատը տակաւին լուծման կը սպասէ եւ բոլորիս պարտքն է շարունակել Լիզպոնի տղոց բացած ուղին, որովհետեւ Արան, Սիմոնը, Սագոն, Սեդրակն ու Վաչէն կենդանի օրինակներ են, որոնց ներուժով կը պոռթկան մեր սրտերը:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցաւ Հայ դատի անցած ուղին` մինչեւ մերօրեայ մարտահրաւէրները, որոնց դիմագրաւման համար կոչ կ՛ուղղուէր կազմակերպուելու ու ուժեղանալու ներքին ճակատի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքաբար հարուածել թշնամիին:

Քրիստին Սրապոնեան եւ Հրակ Փափազեան
Կարօ Փամպուքեան

Անկէ ետք Քրիստին Սրապոնեան ասմունքեց, իսկ Հրակ Փափազեան տուտուկի վրայ նուագով ընկերակցեցաւ ասմունքին:

Օրուան բանախօսն էր Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ շեշտը դրաւ լիզպոնեան շունչով զօրանալու եւ Լիզպոնի տղոց կտակը յարգելով անոնց սխրագործութեան ուղին շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ: Վկայակոչելով Սարգիս Զէյթլեանն ու երիտասարդութեան նկատմամբ անոր ունեցած մեծ վստահութիւնը` բանախօսը հաստատեց, որ ազգի հիմնական ներուժը, ապագայի երաշխիքը երիտասարդութիւնն է, որ պէտք է լաւապէս կազմաւորուի քաղաքական եւ ազգային իմաստով, օժտուի յեղափոխականութեամբ, որպէսզի ատակ ըլլայ Լիզպոնի հինգին արժանի ժառանգորդը կոչուելու:

Ըստ Կ. Փամպուքեանի, Լիզպոնի գործողութեամբ ցնցուեցաւ աշխարհը, խորտակուեցան լռութեան պատնէշները, ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ հայութիւնը առաւել հզօրացաւ, կառչեցաւ իր սկզբունքներուն, հաւատք ունեցաւ իր ուժերուն նկատմամբ: Ան նշեց, որ Լիզպոնի անձնազոհները վստահ էին, որ իրենց ուղին շարունակողներ պիտի ըլլան, որ պիտի գան սերունդներ` հայապահպանման եւ հայրենանուիրման իրենց առաքելութեան ջահը կրելու: Ըստ բանախօսին, Արային, Սիմոնին, Սեդրակին, Սագոյին եւ Վաչէին համար հայը հայ պահելը, հայկականութիւնը ամէն բանէ վեր դասելը կարեւոր հանգամանք էր, որովհետեւ այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ շարունակել Հայ դատի պայքարը` կերտելու նորանոր յաղթանակներ:

Սերոբ Յակոբեան

Կարօ Փամպուքեան ըսաւ, որ մեր նահատակ տղոց դիմաց մենք հաշուետու ենք, պէտք է մենք մեզի հարց տանք, թէ որքանո՞վ պահեցինք անոնց կտակը, որքանո՞վ հաւատարիմ մնացինք զոհաբերութեան ոգիին, որքանո՞վ արժեւորեցինք անոնց անձնազոհութիւնը: «Այս մասին մտածելէ ետք պէտք է գործել, որպէսզի տղոց յիշատակը բարձրաճակատ կարելի ըլլայ ոգեկոչել», նշեց ան:

Խօսքը երիտասարդներուն ուղղելով` օրուան բանախօսը կոչ ուղղեց զգաստութեան, դուրս գալու թմբիրէն, վերանորոգուելու լիզպոնեան ներուժով եւ հաւատքով, պայքարելու օտարամոլութեան եւ համաշխարհայնացման դէմ, ըլլալու յանդուգն կեցուածքներու տէր եւ միշտ օրինակ ունենալու Լիզպոնի նահատակ հերոսները:

Յիշատակի ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Սերոբ Յակոբեանի կողմէ Լիզպոնի տղոց նուիրուած երգով եւ «Վէրքերով լի»ով:

Նախորդը

ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Յաջորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.