Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Հիւսիսային Բեւեռ

December 20, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք ի՞նչ գիտենք Կաղանդ Պապային բնակած վայրին մասին…

1220_pever-11220_pever-21220_pever-5– Հիւսիսային բեւեռը երկրագունդին ամէնէն հիւսիսը գտնուող կէտն է: Հոն ցամաք չկայ, պարզապէս ջուրին մակերեսին վրայ սառոյցի խաւ մը` 2-3 մեթր հաստութեամբ:

– Ոչ մէկը կ՛ապրի Հիւսիսային բեւեռին վրայ. սակայն կան մարդիկ, որոնք կը բնակին հիւսիսային բեւեռին մերձ շրջաններուն` Արքթիքի շրջանակին մէջ:

– Հիւսիսային բեւեռին մէջ ջերմաստիճանը կը խաղայ 0 աստիճանէն (ամառը) -43 աստիճանի (ձմրան) միջեւ:

– Հիւսիսային բեւեռը տարուան կէսը կ՛անցընէ մութի մէջ: Արեւը կը սկսի ծագիլ հիւսիսային բեւեռի վրայ 21 մարտի շուրջ եւ մար չի մտներ մինչեւ մօտաւորապէս 21 սեպտեմբեր: Յաջորդ վեց ամիսներու ընթացքին այդ բեւեռային շրջանին վրայ ամբողջովին մութ պիտի ըլլայ թէ՛ ցերեկին, թէ՛ ալ գիշերը:

– Ալասքայի մէջ գոյութիւն ունի «Հիւսիսային Բեւեռ» կոչուած քաղաք մը: Անոր փողոցները կը կրեն տարօրինակ անուններ` «Սանթա Քլոզ փողոց», «Սէյնթ Նիքոլաս փողոց»: Իսկ անոր փողոցները լուսաւորող լամբերը Կաղանդի գաւազանի ձեւ շաքարներու կերպարանքը ունին:

 

Աշխարհին  Շուրջ

Կաղանդի Կարճ Լուրեր

– Աշխարհի ամէնէն մեծ Կաղանդի պիւշը 1174 մեթր երկարութիւն ունի: Անիկա շինուած է 2012 թուականին, սպանացի խոհարարներու կողմէ:

1220_lourer-1– Գիտէի՞ր, թէ Ճափոնի մէջ, Կաղանդի շրջանին,  բարձր շէնքերու ապակիները լուացող աշխատաւորները երբեմն Կաղանդ պապայի հագուստներ հագած կ՛աշխատին:

1220_lourer-2– Սուտորսան Փաթթնայք հնդիկ աւազի արուեստագէտ մըն է, որ բազմաթիւ վարձատրութիւններ ստացած է իր գործերուն համար: 2013-ին ան շինած է 7.50 մեթր բարձրութիւն եւ 22 մեթր լայնք ունեցող Կաղանդ պապայի եւ Յիսուսի աւազէ արձան մը` աշխարհին մէջ խաղաղութեան մասին արտայայտուելու համար: Հնդկաստանի հիւսիս-արեւելքը` Փուրիի ծովափին վրայ «քանդակուած» այս հսկայական արձանը կարօտած է 1000 թոն աւազի եւ 3 օրուան աշխատանքի` արուեստագէտին եւ անոր 25 օգնական աշակերտներուն համար:

– Ամէն տարուան աւարտին Զուիցերիոյ Սամնաոն քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ  կաղանդ պապաներու աշխարհի ախոյեանութիւնը: Կաղանդ պապաները կու գան աշխարհի զանազան կողմերէն` մասնակցելու համար իւրայատուկ մրցումներու, ինչպէս` ծխնելոյզ բարձրանալ, նուէրները փաթթել, սահնակով նուէրները բաժնել…

1220_lourer-3– Քոքս հսկայական աքուարիումը կը գտնուի Սէուլի մէջ, Հարաւային Քորէա: Դեկտեմբեր ամսուն այդ վայրը այցելողներուն անակնկալ մը կը սպասէ: Հոն Կաղանդ պապան պարզապէս նուէրներ չի բաժներ, այլ կը սուզուի աքուարիումին ջուրերուն մէջ` կերակրելու համար աղկերները:

 

Ձեռային Աշխատանք

Կաղանդի Զարդարանքներ

1.- Կանաչ թագ

1220_tserayin-1Այս իւրայատուկ թագը կրնաս գործածել տան դուռերը զարդարելու համար: Ճերմակ կամ մութ կանաչ խաւաքարտի մը վրայ բաց կանաչ ջրաներկով ձեռքերուդ հետքերը տպէ: Ձգէ, որ չորնան: Ապա ձեռքերուն շուրջէն կտրէ եւ զանոնք իրարու հետ փակցուր` շրջանակ մը կազմելով: Կարմիր ժապաւէնի կտորով մը հանգոյց մը ըրէ եւ զայն թագին վրայ փակցուր:

 

1220_tserayin-22.- Կաղանդի տերեւներու շղթայ

Մութ եւ բաց կանաչ խաւաքարտերու վրայ գծէ եւ կտրէ տարբեր չափերով Կաղանդի տերեւներ: Կարմիր, դեղին, ճերմակ խաւաքարտերու վրայ գծէ եւ կտրէ պզտիկ կլորակներ: Զանոնք փակցուր կպչուն երիզի կտորներով, բարակ պարանի մը վրայ:

 

3.- Ձիւնամարդը

1220_tserayin-3-aՃերմակ խաւաքարտի մը վրայ գծէ պարուրաձեւ կլորակ մը: Ուշադրութիւն. կեդրոնի կլորը պէտք է բաւական մեծ մնայ. անիկա ձիւնամարդին գլուխն է: Պարուրաձեւ կլորակը կտրէ: Սեւ եւ նարնջագոյն ներկերով գծէ ձիւնամարդին աչքերը, բերանը եւ քիթը: Գլուխի կլորակը ծալէ դէպի վեր: Սեւ խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ ձիւնամարդուն գլխարկը եւ թեւերը: Զանոնք փակցուր ձիւնամարդուն վրայ: Գլխարկին վրայ պզտիկ թել մը փակցուր: Պարուրաձեւ կլորակին ծայրէն քիչ մը քաշէ ձիւնամարդին մարմնին ձեւ տալու համար: Ձիւնամարդը պատրաստ է կախուելու Կաղանդի ծառին վրայէն:

1220_tserayin-3-c

1220_tserayin-3-b

 

 

 

 

1220_tserayin-3-e

1220_tserayin-3-d

 

 

 

 

 

4.- Կաղանդի ծառ

1220_tserayin-4Այս ծառերուն համար կրնաս գործածել տարբեր նուէրի թուղթեր կամ պարզապէս գունաւոր թուղթեր: Խաւաքարտի կտորներու վրայ փակցուր այդ տարբեր թուղթերու կտորները: Անոնց վրայ գծէ եւ կտրէ եռանկիւններ: Այս եռանկիւնները լաթակալներու վրայ փակցուր զօրաւոր խէժով մը: Ծառերուն գլխուն փակցուր փայլուն աստղ մը եւ ետեւէն կպչուն երիզի կտորով մը թելի կտոր մը փակցուր: Այս փոքրիկ ծառերը կրնաս գործածել մեծ Կաղանդի ծառիդ վրայ կախելու համար, կամ` պատուհաններն ու դուռերը զարդարելու համար:

Կաղանդ Պապուկներ

1220_tserayin-5Այս Կաղանդ պապուկները շինուած են փայտէ լաթակալներով: Անոնց մէկ երրորդը վարդագոյն ներկէ իսկ մնացած բաժինը` կարմիր: Ձգէ, որ չորնան: Կարմիր խաւաքարտի կտորի մը վրայ գծէ փոքրիկ գլխարկները, իսկ ճերմակ խաւաքարտի մը վրայ` մօրուքները: Զանոնք կտրէ եւ լաթակալներուն վրայ փակցուր: Սեւ մելան մատիտով մը գծէ Կաղանդ պապուկին աչքերը եւ բերանը: Իսկ կարմիր մելան մատիտով մը` անոր քիթը: Այս Կաղանդ պապուկները կրնաս ուղղակիօրէն անցընել Կաղանդի ծառի ճիւղերուն վրայ, կամ` զանոնք շարել սեղանին վրայ:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-111` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-111` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել Կաղանդ պապային համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել Կաղանդ պապային համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ պապային` գտնելու համար իր մոյկերուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ պապային` գտնելու համար իր մոյկերուն հասցնող ճամբան:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1964)

Յաջորդը

Հայկական Հարցը Իր Հունէն Հանելու Եւ Մանրուքի Վերածելու Ապահայկական Փորձ Մը Եւս

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.