Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Armsport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ 18 տարեկան լողորդ Վահան Մխիթարեան կը պատրաստուի 19-21 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Թիֆլիսի լողարշաւի միջազգային մրցաշարքին:
Մխիթարեան, որ երէկ մեկնեցաւ Թիֆլիս, իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Եւրոպայի ախոյեանութեան ձախող ելոյթներ ունեցայ, որովհետեւ Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած հաւաքէն ետք նախապատրաստուելու յաւելեալ ժամանակ չունէի: Վրաստան կը մեկնիմ բաւական լաւ մարզավիճակի մէջ: Մրցաշարքին կը մասնակցինք 15 լողորդներով եւ այդտեղ կը յուսանք անպայման լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել»:


