Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

July 27, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի ուսանողական հաւաքը (ֆորում) կը շարունակուի Երեւանի մէջ: Ան իր աշխատանքները սկսած է 16 յուլիսին եւ պիտի աւարտէ 29 յուլիսին:

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 երկիրներէ աւելի քան 30 ուսանողներ: Անոնք միմեանց ծանօթանալով սկսան ըմբոշխնել հայրենի օդն ու ջուրը, ականատես եղան լաւին ու վատին, եւ երբեմն բարկացկոտ արտայայտութիւններով, երբեմն ալ արցունքոտ աչքերով հաստատեցին, որ հայրենիքը մե՛րն է եւ բոլորս միասին պիտի աշխատինք անոր բարգաւաճման համար: Ֆորումականները կը պատրաստուին հրաժեշտ տալու իրարու` դարձեալ հայրենիքի մէջ հաւաքուելու խոստումով:

Օրական յայտագիրը եւ Ֆորումականներու փորձառութիւնը տեղադրուած է Համազգայինի կայքէջին վրայ` www.hamazkayin.com:

Անոնք այցելեցին Հայաստանի տեսարժան վայրերը, եկեղեցիները, վանքերը, ներկայ գտնուեցան Դաւիթ Յակոբեանի բեմադրութեամբ «Անուշ» թատերգութեան, Նարեկ Հախնազարեանի համերգին` օփերային մէջ: Յայտնենք, որ Հախնազարեան վերջերս Չայքովսքիի միջազգային մրցումի մրցանակակիր հանդիսացած է: Համազգայինի Հայաստանի թատրոնը հիւրընկալելով խումբը բեմադրեց «44 աստիճանի վրայ» թատերախաղը:

Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց` համալսարանի պատմութեան եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Խումբը այցելեց նաեւ Ծաղկաձորի Հայ կաթողիկէ Տիրամայր ճամբարը եւ աննման ու անմոռանալի պահեր եւ փորձառութիւն ապրեցաւ շուրջ 230 պատսպարեալ մանուկներուն հետ, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 6-16 տարեկանի միջեւ:

Դասախօսութիւնները հետաքրքրական եւ արդիական ոճով ներկայացուեցան, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին մասնակցողներուն մօտ եւ անոնց համար նոր հեռանկարներ բացուեցան:

Ֆորումականները հաստատեցին եւ իրենց փափաքը յայտնեցին, որ իւրաքանչիւր հայ ուսանող անպայման մասնակցի Ֆորումին եւ ապրի այն մեծ ու իւրայատուկ փորձառութիւնը, որ ապրեցան իրենք: Արդէն իսկ սկսած են 2012-ի Ֆորումին արձանագրութիւնները: Անիկա տեղի պիտի ունենայ յուլիս 2012-ի երկրորդ կիսուն` Հայաստանի մէջ:

Յայտնենք, որ հայաստանեան մամուլն ու լրատուական միջոցները մեծապէս անդրադարձան Ֆորումի կարեւորութեան եւ կատարած աշխատանքներուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Երեւան, 26 յուլիս 2011

 

Նախորդը

ՊՕՂՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ ՍՐՏԽԱՌՆՈՒՔ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ԵՒ ՄԵՐԺԵԼԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.