Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարձքդ Կատա՛ր, Ընկեր Բենօ

December 18, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

1216_penoԱնկախութեան առաջին տարիներն էին… Բուռն, մոլեգին ժամանակաշրջան: Արցախեան ազատամարտ, անկախ Հայաստանի նոր իրականութիւն, պետականութեան կերտում, երիտասարդ, յեղափոխական, սակայն տակաւին պոլշեւիկեան մտածելակերպն ու գործելակերպը ամբողջովին չթօթափած քաղաքական գործիչներ, անկախութեան պայմաններուն մէջ իր դերն ու առաքելութիւնը ճշգրտելու մարտահրաւէրը դիմագրաւող, սփիւռքի մէջ գործելու պարտադրանքէն վերջապէս ազատագրուած եւ Հայաստան վերադարձած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ նաեւ ղեկավար սերունդի նոր հերթափոխով պիտի շարունակէր իր ճամբան. ա՛յս պայմաններուն մէջ, Բենօ Թոնդեան դարձաւ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի անդամ:

Ներքին թէ արտաքին ահաւոր ճնշումներով սերմանուած պառակտումի պայմաններուն մէջ, անհրաժեշտ էր նոր անկախացած, ազատագրական պայքար մղող, տնտեսական ահաւոր պայմաններ դիմագրաւող մեր հայրենիքին մէջ պահպանել ներքին կայունութիւնը` ճակատի վրայ եւ արցախեան խրամատներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կենսագործել արտաքին աշխարհի քաղաքական բեմերուն վրայ միացեալ ուժերով պայքարելու գիտակցութիւնը բոլոր սակարկութիւններէն վեր դասելու դաշնակցական արժէքային համակարգէն բխած սկզբունքը: Բենոն ժամանակի շունչը ճիշդ գնահատեց, ու իր կարեւոր ներդրումով ոչ միայն աւելի մեծ ցնցումներ խնայուեցաւ մեր ժողովուրդին, այլեւ այդ ցնցումները դիմագրաւելու ազգային դիմադրականութիւնը հզօրացաւ:

Բենոյին հետ ճամբայ կտրած Կարօ Արմէնեանը եւս կը վկայէ, որ «ան իր պատասխանատուութիւնները ստանձնեց մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ շատ ճակատագրական պահուն, երբ պէտք էր ծայրէն սկսիլ եւ հեռատեսութեամբ ձեւաւորել եզրերը մեր նոր առաքելութեան: Ընկ. Բենոն վերցուց այդ մարտահրաւէրը անվարան: Յարգա՜նք իր յիշատակին»:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի ընկեր:

 

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» Գեղատիպ Հատորին Շնորհահանդէսն Ու Գինեձօնը

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.