Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Դ.- Առ Արհեստն Կատարողական

December 18, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ամփոփում Ա. – Գ.  մասերու.- Այս յօդուածը չորրորդն է այն շարքին, որ փորձեց արժեւորել թարգմանական թատրերգութիւնները ընդհանրապէս եւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին «Աստուածային կատակերգութիւնը»` մասնաւորաբար: Առաջին մասին նիւթն էր լեզուն: Երկրորդ մասը ձեռք առած էր թատրերգութեան ներշնչման աղբիւրները: Երրորդ մասը կը վերաբերէր մեկնաբանութեան գաղափարական երեսին: Այստեղ պիտի փորձեմ արժեւորել արհեստագիտական կողմը:

Լուսաւորչական.- Լուսաւորումէն կը սկսիմ երկու պատճառով: Նախ` ուշադրութիւն հրաւիրելու համար գեղարուեստական զէնքի մը, զոր հայ թատերական ակնարկները առհասարակ կ’անտեսեն: Ապա` այն պատճառով, որ բեմադրիչը լուսաւորութեան մասնագէտ է եւ արհեստը ի գործ դրած էր «Աստուածային կատակերգութեան» բեմադրութեան մէջ:  Արհեստը պատուաբեր կոչում է: Լաւ արուեստագէտները առաջին հերթին լաւ արհեստաւորներ են:

1218_1Լոյսի եւ մութի խաղը կերպընկալ արուեստներու մէջ հազարամեակներու պատմութիւն ունի: Կան ակնբախ նմուշներ մանաւանդ Վերածնունդի գեղանկարչութեան մէջ: Տփաձեւ, դէպի հանդիսատես ուղղուած բեմը (proscenium stage) եւ արհեստական լուսաւորութեան խաղերը համեմատաբար նոր մուտք գործած են թատրոն: Վերջինը դարձաւ 20-րդ դարի սկիզբին, երբ ճարտարագիտութիւնը կարողացաւ իշխել լամբի ուժգնութեան, երանգին, սփռումին եւ այլն: Ոչ զարմանալիօրէն անմիջապէս երեւան եկան արհեստաւոր ռահվիրաներ, որոնք ուսումնասիրեցին լոյսին դերը թատերական իմաստ ստեղծելու գործընթացին մէջ: Առաջին անուններէն էին Ատոլֆ Ափիա եւ Անթոնին Արթօ: (Նկատել լուսանկարի լուսաւորումը): Թուային ճարտարագիտութիւնը այժմ մարզը կը տանի շատ հեռու: Ծայրայեղ գործադրումներ կարելի է տեսնել «Ֆիլմ Նուար»-ի սեւ ու սպիտակ  ժապաւէններուն մէջ:

Սեւ ու սպիտակ էր նաեւ «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթը: Գոյներ տեսանք միայն երկու տեղ. Ա. վաղամեռիկ Լիլիթի շրջազգեստը մեղմ մանիշակագոյն էր (ինչպէս եւ վաղանցուկ մանիշակը), Բ. Եւայի բոցագոյն գլուխը, որ ամբողջ ելոյթի ընթացքին բեմին կիզակէտն էր:

Բեմը ամբողջութեամբ սեւ էր, իսկ զգեստները` սպիտակ: Սեւ էր անշուշտ սատանայի «համազգեստը»: Բեմը ամբողջ ելոյթի ընթացքին մնաց աղօտ: Յաճախ թաղուեցաւ խոր մթութեան մէջ: Լուսարձակներ կը հետեւէին դերակատարներուն: Հրեշտակներ Ա. եւ Դ.-ի վրայ ինկած լոյսը մեղմ, կարմրագոյնէ յանկարծ փոխուեցաւ շանթահարիչ սպիտակի, երբ արարիչը մռլտաց` «Եղիցի՛ լոյս»: Բարի, կը թուի, թէ «Տէր Մելքոնեան»-ը ունի  որոշ մակարդակի թեքնիք կարողութիւն եւ անձնակազմ: Բայց «իմա՞ստը» ինչպէս յուսակտուր կը գոչէ հայրենի դերասանը: Ինչո՞ւ լուսաւորուեցան միա՛յն հրեշտակները: Ինչո՞ւ, օրինակ, ոչ համայն սրահը: Ի՞նչ է աստուածաբանական մեկնաբանութիւնը: Արդեօք երկնային լոյսը բացառապէս քերովբեներո՞ւ մենաշնորհն է, թէ՞ քանի անոնք իբր մաֆիոզներ էին, պէտք էր հասկնալ որ «իշթիրաքը» Cosa Nostra-ի մենաշնորհն է: Յստակ չէր:

Դասագիրքը կ’ըսէ, թէ մթութիւնը հանդիսատեսը կը պահէ անորոշութեան եւ ակնկալութեան մէջ, թէ` խոր մութէն դէպի ուժեղ լոյս յաճախակի անցումները կը պատճառեն լարուածութիւն: «Ես լսեցի մի որոշ ձայն», որ կ’ըսէր. «Ի՞նչ է ասի, եա՜, մէ՛յ մը մութ, մէ՛յ մը լոյս»:

1218_2Այստեղ կարելի է դիտել տալ, որ ճիշդ նոյն պատճառով զաւեշտի բեմը ողողուած կ’ըլլայ միապաղաղ, «արդարօրէն» բաշխուած լոյսով:  Մհեր Մկրտչեանի անուան թատերախումբի «Երկու կին մէկ ամուսին» կատակերգութեան բեմի յառաջամասը լուսաւորուած էր «արդարօրէն» մինչեւ այն պահը, երբ Դանիէլ դատաւոր արձակեց երկնային վճիռը: Կողքի պատկերը ցոյց կու տայ, որ լուսարձակի նշանառութիւնը, շեշտադրումը եւ երանգը կարելի էր բարելաւել: Լուսանկարի վատ որակի  պատասխանատուն իմ քամերաս է: (Տես «Ազդակ»-ի յունիս 26 եւ 27, 2014):

Աղօտ խորապատկերը արհեստականօրէն «կը հեռացնէ» իրերը: Այս գիտական բացատրութիւն ունի: Հեռու առարկաները աղօտ կ’երեւան, որովհետեւ անոնցմէ բխած կամ ցոլացած լոյսի միայն դոյզն տոկոսը կը հասնի աչքին: Մեր ուղեղը «ծրագրուած է» աղօտ լոյսը վերագրելու հեռաւորութեան: Խաբկանք մը, որ կարելի է գործածել բեմը արհեստականօրէն «խորացնելու» համար: Բարի՛:

1218_3Լոյսը կը փոխէ դերակատարներու դիմագիծը: Կողքի նկարին մէջ վերէն տրուած լոյսը շեշտած է արարիչին փոս ինկած այտն ու քիթին եւ կոպերուն շուքերը` այդպիսով անոր տալով աւելի տարեց տեսք: Մինչդեռ Դ. (թերեւս նկարիչի ֆլաշին կողմէ) լուսաւորուած է ցած անկիւնէ (թեզանիքին ներքին մասը լուսաւոր է): Դէմքի շուքերը ինկած են դէպի վեր, եւ եթէ  դերակատարին դէմքը այդքան ողորկ չըլլար, պիտի ստացուէր աւելի ֆիլմ նուարային պատկեր:

Մութ պաստառի վրայ շարժող լուսաւոր կերպարները կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, թէ իրադարձութիւնները կը պատահին դատարկ անջրպետի մէջ, ինչպէս սպիտակ աստղանաւորդներ կը լողան սեւ խորապատկերի վրայ(1):

Կարելի է ըսել, որ լուսաւորումը բեմադրութեան ամէնէն պայծառ երեսն էր:

Բեմայարդարում եւ տարազներ. Բեմը ոչինչով նման էր դրախտի: Աւելի շատ նման էր մութ անջրպետի, ինչպէս վերը նշեցի: Բարի՛: Բեմայարդարումը գրեթէ չգոյ էր: Կար հայելին, որմէ դուրս եկան արարիչն ու սատանան եւ երկու սեւ պահարաններ, որոնցմէ դուրս բերուեցան Ադամն ու Եւան: Հայելիի խորհուրդին մասին նախապէս անդրադարձած եմ: Կարճ ըսած, բեմայարդարումի ամէնէն յատկանշական կողմը անոր չգոյութիւնն էր:

1218_4Արարիչը գրեթէ անզանազանելի էր հրեշտակներէն: Այս ուղղութեամբ ներկայ ելոյթին լուծումը նման է Աշոտ Ադամեանի եւ շատ հեռու` Արքատի Ռայքինէն: Թէեւ Ադամեանի Դեւի սեւ թեւերը կը մատնեն զինք: Նկատել, որ բեմի խորքին կայ դաշնամուր մը: Ռուսական արարիչը ունի կայսերավայել տեսք եւ կը կրէ ականակուռ լուսապսակ: Հագուկապի եւ շպարի մէջ թերեւս դիտաւորեալ կանացիութիւն կայ:

Սատանայի կոճկուած տարազը սխալ տպաւորութիւն կը թողուր: Շատ նման էր չինովնիքի կամ, լաւագոյն պարագային, սպայի: Բայց այդ երկուքն ալ ենթակայ պաշտօնեաներ են: Մինչդեռ սատանան մրցակից ուժ է: Անոր տարազը պէտք էր որ շեշտէր ազատութիւն եւ ինքնակամութիւն, ոչ թէ` կոճկուած ենթարկուածութիւն: Վերջին տեսարանին մէջ ահեղ Դեւի եւ ոչ նուազ հզօր հրեշտակապետի ուսերուն բուսած թեւերը աւելի նման էին թրջուած հաւու փետուրներուն: Ցաւօք, այդ խեղճուկ թեւերը մետասաներորդ ժամու կատարուած հապճեպ ներմուծումներու անյարիր չէին:

Ադամի քուրջերը կը շեշտէին անոր նախնական, առնական տիպարը: Բարի՛: Եւաներու խնամուած շրջազգեստները կը շեշտէին անոնց կանացիութիւնը: Բարի՛: Գողտրիկ «գիւտ» էր Եւայի դաստակին կապուած սպիտակ քուրջը, որ զայն կը մօտեցնէր Ադամին: Լիլիթի դաստակին նման քուրջ կապուած չէր կրնար ըլլալ: Բարի՛: Հասկնալի չէր սակայն, թէ ինչո՛ւ երկրի թշուառ պայմաններուն մէջ սովահար Ադամ եւ Եւա հագած էին պսպղուն գիշերային «սուարէ»-ներ: Անհեթեթի մաքսանենգութիւն մը ե՞ւս:

1218_6Ձայնայինը.- Ճաշակն ու որակը բարձր էին: Ինքնին` շա՛տ բարի: Երաժշտութիւնը «համադրուած» էր զանազան աղբիւրներէ, բայց  իշխող բներգը Էլկարի «Առեղծուածային տարբերակներ» (Enigma Variations) էր: Ընտրութիւնը կրնայ հարցայարոյց ըլլալ: Էլկար խորապէս կը հաւատար կաթոլիկ  եկեղեցիին եւ… ծածկագրաբանութեան (cryptology): Ծածկագրութիւնը կը տեսնուի երաժշտական չափի ընտրութեան մէջ իսկ: Չորս չորրորդ  չափի ընթացքին խմբավարին ցպիկը խաչ մը կը գծէ օդին մէջ: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ բներգի առաջին չորս չափերը եւ անոր ներքեւ ցպիկի շարժումը: Խաչը ակնարկ է Քրիստոսի (որ, ի դէպ, բացակայ էր ելոյթէն): Կայ ակնարկ մինչեւ իսկ Թուրինի հրաշագործ պատանքին(2): Էլկարի ծածկագրութեան մասին տակառներով մելան վատնուած է: Ինչո՞ւ նման հաւատամքա-ծածկագրաբարձ ընտրութիւն, երբ թատրերգութիւնը  հեգնանքով կը մօտենայ իր արարչին: Թէ՞ «Ամէն ինչ օքէյ է», քանի որ հանդիսատեսը երաժշտապատմագէտ չէ:

Ինծի թուեցաւ, որ կային նաեւ պարպըրանման դանդաղ լարային հատուածներ: Սամուէլ Պարպըրի «ատաճիոն» ահաւոր մելամաղձոտ է:  Ոմանք կը կարծեն, որ ատիկա կ’արտայայտէ միասեռականութիւնը թաքցնելու տառապանքը: Այս գործերը կու տան կայուն, «պատկերասրահային» վիճակ:

Բացման տեսարանի աւելի դիպուկ էր: Խոր մթութեան մէջ կը հնչէին ելեկտրոնային ձայներ, որոնք նման էին երկարափող շեփորներու ահազանգին(3): Ահազանգ, որ  ինչպէս եւ լուսաւորութիւնը, կը թելադրէր լարուածութիւն եւ ճակատագրական դէպքերու ակնկալութիւն: Ռուսական ելոյթ մը կը բացուի այլ սափրիչի մը (barber), «Սեւիլի սափրիչ»-ի  անլուրջ նախերգանքով, որ տակաւ կը եղաշրջուի եւ կը լրջանայ:

Հասկնալի չէր, թէ ինչո՛ւ անկիւնադարձային պահեր, ինչպէս` արգիլուած պտուղ ուտելու արարքը, Դ.-ի սպանութիւնը եւ կամ արարիչի ահեղ դատաստանը անցան լուռ եւ մունջ: Ինչո՞ւ Էլկարի երաժշտութիւնը սկսաւ «Կեդրոնական ամպի» ձայնասփռումին հետ: Ինչո՞ւ Ադամի արարչութեան կ’ընկերակցէր Ֆորտեան տիպի գործարանային, մեքենական աղմուկ: Ինչո՞ւ Լիլիթի եւ Եւայի արարչութեան ընկերացաւ միեւնոյն երաժշտութիւնը: Չէ՞ որ Եւա երկրորդ Լիլիթ մը չէր: Ինչո՞ւ գործողութեան մը ընկերակցող երաժշտութիւնը կը յամենար գործողութեան աւարտէն ետք եւ այլն:

Ինչպէս բազմիցս յիշած եմ, բնագիրը երգախառն է: Ադամեանի բեմին վրայ կը տեսնենք «սինթիսայզըր» մը: Ադամ սրինգ կը նուագէ(4): Բնագրի երգերու մեծ մասը «հեղինակային» են եւ «քաղաքական»: Շնորհալի Դ.-ն է, որ զանոնք ըստ պահի պահանջին, կը յօրինէ եւ կ’երգէ`  միաժամանակ նուագելով ձեռնադաշնակ: Այստեղ երգերու բոլորովին զեղչուած են: Բացթողում: Աւելի՛ն. հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ այդ բոլորը փոխարինուած են մէկ ու միակ անտեղի երգով («Ամպեց կորաւ»), որ կ’երգեն Ադամ եւ Միքայէլ: Իսկ Դ. երբեք չ՛երգեր, չ՛ուզեր իսկ ընկերակցիլ: Ինչո՞ւ գլխովին շրջուած են դերերը: Չէ՞ որ Դ.  շնորհալին է իսկ Ա.` ապիկարը: Արդեօ՞ք դերերը այս անգամ եւս յարմարեցուած են դերակատարներու բեմական տուեալներուն: Չէ՞ որ առաջնահերթութիւնը պէտք էր որ տրուէր գործի տրամաբանութեան:

Խաղարկութիւն.- Ինչպէս լուսաւորութիւնը ընդհանրապէս կ’անտեսուի թատերական ակնարկներու մէջ, այնպէս ալ` խաղարկութեան դպրոցի յարուցած հարցերը:

Այս պարագային կը թուէր, թէ հարց կայ, օրինակ,  Զաւէն Պաաքլինիի խաղարկութեան մէջ: Կը թուէր, թէ Պաաքլինի համոզուած չէր իր դերով: Ուրեմն պէտք է շնորհաւորել զինք: Այդ ցոյց կու տայ, որ «գրագէտ» դերասան է: Իրեն բաժին ինկած «թխուած» կերպարը իսկապէս որ համոզիչ չէր: Որպէս փորձառու եւ կարող դերասան` ան ունեցաւ շատ լաւ խաղարկութիւն: Բայց կրնար տալ աւելի՛ն, եթէ դերը իր «սրտովը ըլլար»: Կը պակսէր «վճռակամութիւնը»: Ես սկսայ կասկածիլ, որ ան կը պատկանի սթանիսլաւսքեան դպրոցին(5), ուր դերասանը պէտք է որ «ապրի» իր դերը: Ոչ, օրինակ, պրեխթեան դպրոցին, ուր դերասանը պէտք է որ «անջատուի» իր ներկայացուցած կերպարէն:

Վարդան Ազնաւուրեանի պարագային, նման հարց գոյութիւն չունէր, որովհետեւ բացի կարգ մը անտեղի գռեհիկ սրաբանութիւններէ եւ վերջին հակիրճ տեսարանէն, իր կերպարը հարազատ մնացած էր բնագրին: Ազնաւուրեան ցուցադրեց կենսունակ, արտայայտիչ, գրաւիչ եւի հեճուկս իր ծաւալին` կերպընկալ (փլասթիք) խաղարկութիւն: Պարզ է, որ դերը «իր սրտով էր»: Որոշ հարց կար առաջին տեսարաններուն մէջ, ուր ըստ երեւոյթին, կ’ուզէր արտադրել անմեղ «մանկական» ձայն: Թերեւս պէտք էր գտնել այլ լուծում: Առնական ձայնով անմեղ «մանուկը» կրնար աւելի երգիծական ըլլալ:

Պաաքլինի եւ Ազնաւուրեան զոյգի ամէնէն տպաւորիչ տեսարանը Ադամի «ծնունդին» անմիջապէս յաջորդող ապտակն էր: Հակառակ իր թոյլ տեսքին` Պաաքլինի շատ համոզիչ կերպով ծառացաւ եւ մէկ հարուածով զգետնեց յաղթանդամ Ադամը: Իր կարգին հուժկու Ազնաւուրեան համոզիչ կերպով «զգետնուեցաւ»: Որպէս խաղարակութիւն` շա՛տ բարի, բայց իմա՞ստը: Չէ՞ որ արարիչը սիրող հայր մըն է: Ինչո՞ւ Ադամի եդեմական կեանքը սկսաւ պատիժով (եւ շարունակուեցաւ կողացաւով): Բայց հարց չկայ, չէ՞ որ սրահին մէջ լսուեցաւ թանկագին ծիծաղ:

1218_5Յովսէփ Գափլանեան փորձառու դերասան է: Ունի բեմական ճկուն ձայն եւ մաքուր առոգանութիւն: Հանգիստ էր բեմին վրայ: Եւա միջնորդութեան տեսարանին մէջ ցոյց տուաւ, որ կրնայ բեմը «լեցնել»:  Իրեն բաժին ինկած վախկոտ, ապիկար պաշտօնատարի դերը յաջող կերպարանաւորեց (տես կողքի նկարը): Կարելի է այստեղ նշել, որ բնագրին մէջ միջնորդը Դեւն է, ոչ թէ` հրեշտակապետը: Դեւը անշուշտ պէտք չէր զգար հեռաձայնային ուղղութիւններ սպասելու արարիչէն:

1218_7Արին Յովսէփեան  իր խաղարկութեան շնորհիւ յաջողեցաւ ինքզինք գեղեցկացնել ֆիզիքական տուեալներէն շատ անդին: Ճիշդ ինչպէս որ երկրորդ, «խորամանկ» կնոջ դերը կը պահանջէր: Ունի ակնյայտ հիւմըրի զգացում եւ որոշ մարմնային կերպընկալութիւն: Պէտք է որ աշխատի ձայնի բեմականութեան եւ շեշտադրումի ուղղութեամբ: Արփի Սողոմոնեան ունէր բեմական ներկայութիւն, բայց Լիլիթին կը «խանգարէր» ամօթխածութիւնը: Լիլիթ ցոփ գիշերային աստուածուհի մըն է: Անունը կը սերի արամայերէն «լէյլօ» (արաբերէն` «լէյլ»)  բառէն: Նկատել բուերը եւ Լիլիթի բուավայել ոտքերը կողքի նկարին մէջ: Ա. Իսահակեանի համանուն պոէմը (1921) կու տայ Լիլիթին «մահացու կնոջ» (femme fatale) կերպարը:

Ժան Պեքերեճեանին ձայնը բեմական է, բայց շեշտադրումը կարելի է բարելաւել: Ոճրագործութեան տեսարանը ցոյց տուաւ, որ ատակ է աւելի կերպընկալ խաղարկութեան: Այդ պէտք է գործադրուէր նաեւ այլուր:

1218_8Հրեշտակ Դ., կամ Դեւը  պէտք էր որ ըլլար թատրերգութեան շարժիչ ուժը: Նժդեհ Մկրտչեանի մենագարային (monolithic) անկերպընկալ խաղարկութիւնը այդ չտուաւ: Դիմախաղը փոխանակ սատանայի ուշադիր, քննող ընկալումին, ցոյց կու տար ինքնագոհութիւն, «տեղ մը հասած ըլլալու» մտայնութիւն: Մինչդեռ մեծագոյն դերասաններն անգամ սարսուռ եւ երկիւղ կը զգան բեմ մտնելէ առաջ: Մկրտչեան պէտք էր որ յատկապէս խուսափէր դիմային (face) դիրքէն, որ կերպարին կու տայ մէկ տարաչափական (one dimensional) տեսք, եւ հետեւաբար հանդիսատեսին ենթագիտակցին պարզութիւն ու միամտութիւն կը թելադրէ: Կողքի նկարին մէջ բաղդատել երեք «դեւերու» մարմիններու դիրքերը:

Շարժումները կը հետեւէին դասագիրքին: «Լատինագիր» էին, ձախէն դէպի աջ:  Արգիլուած պտուղի ծառը մտաւ ձախէն: Ադամ եւ Եւա ելան աջէն եւ այլն: Ելոյթին կշռոյթը մեծ մասամբ մնաց միապաղաղ: Խորապատկերի մեղմ ու դանդաղ լարային երաժշտութեան աւելի եւս կը շեշտէր յամր թափը: Առաջին տեսարանի լուսաւորութեան եւ երաժշտութեան թելադրած ակնկալութիւնները չարդարացուեցան: Շարժումը չզարգացաւ դէպի որեւէ գագաթնակէտ (climax):

Վերջաբանը.- Շթոքի թատրերգութիւնը գրուած է ձեռնոց նետելու  համար այդ օրերու «հոգատար» բռնակալութեան: Բնագրին վերջին տեսարանին մէջ Ադամ եւ Եւա իրարու կը զօրակցին եւ կը յաղթահարեն աներեւակայելի դժուարութիւններ: Ադամի վերջին, յաղթական նախադասութիւնն է. «Այլեւս կարելի չէ պատմութեան անիւը կեցնել»:

Ելոյթի վերջաբանին մէջ Ադամ եւ Եւա կը գզուըտին, կը զղջան եւ կ’ուզեն որեւէ գնով վերադառնալ «դրախտ», այսինքն` նախկին վարչակարգին: Եւա իր եւ Ադամին կողմէ բացայայտօրէն կ’ըսէ. «Խնձորները  մեզի բան չեն ըսեր այլեւս»: Արդեօք հրաժարա՞ծ են մտաւորական հետաքրքրութենէ: Իսկ Ադամ կ’եզրակացնէ. «Դրախտը մեր եւ մեր զաւակներուն համար ամենալաւ տեղն է»: Ի՞նչ է այս պարտուողական եզրակացութեան բացատրութիւնը:  Նման պատգամ կ’ենթադրէր ընտրել  բոլորովին ա՛յլ տրամաբանութեան գործ:

Բնագրին վերջաբանը կը ջրէ հեղինակին «ծագումաբանական առասպել»-ը: Ուրեմն մեր նախահայրերը ոչ թէ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու կամք ունեցող տոկուն հերոսներ են, այլ` տկար եւ անսկզբունք վախկոտներ:  Գաղափարական ազատութեան համար տարուած  դառն պայքարը կ՛աւարտի սպիտակ դրօշ պարզելով: Համազգայինը միթէ ա՞յս պիտի ջատագովէ:

Կողմնակի.- Կային բազմաթիւ խօսքեր եւ պատկերներ, որոնք մնացին անհասկնալի կամ, լաւագոյն պարագային, անհեթեթային. ինչո՞ւ, օրինակ, Ադամը, այսինքն ՄԱՐԴԸ պատրաստելու համար պահանջուած կաւը ելաւ Ա.-ի գրպանէն, եւ` այնքան փոքր կծիկ մը, որ հազիւ թէ բաւէր մուկ մը շինելու: Ինչո՞ւ ովկիանոսներ արարելու համար պահանջուած ջուրը (Ահեղ… եւ եղիցի մեկնել ջուրցդ եւ ջուրց)  ելաւ Դեւի գրպանէն զովացուցիչի փոքր շիշի մէջ: Ինչո՞ւ արարիչը խմեց այդ ջուրը փոխանակ պարգեւելու Երկրին: Ինչո՞ւ  ի սէր Մհեր Մկրտչեանի, ինչո՞ւ: Սրահին մէջ նոյնիսկ ծիծաղ ալ չբարձրացաւ: Բացատրութիւնը կրկին կը թուի ըլլալ «անհեթեթի մաքսանենգութիւնը»:

Երբ արարուեցան անասունները, Դ. բոլորը որակեց խոտան (defaut de fabrication): Բայց ո՞ւր է տրամաբանութիւնը: Չէ՞ որ Դ. առաջին ջատագովն էր արարչութեան: Բնագրին մէջ այդ խօսքը կ’ուղղուի միայն նախնական անճոռնի հոյամողէզի մը, որ աքլորի ձայնով կը կանչէ (ուրեմն կը թուի` տեֆօ): Արարիչը կը բացատրէ, թէ այդ անհամաչափ մողէզը հետագային պիտի բնաշրջուի եւ վերածուի գեղեցիկ էակներու, ինչպէս` թռչուններու: Դրոյթը հիմնաւորուած է: Թռչունները (ուրեմն եւ աքլորը) սերած են հոյամողէզներէ: Թարգմանողը չէ հասկցած ակնարկը, հակառակ արարչի յստակ բացատրութեան: Այս գրաճանաչութիւն ցոյց չի տար: Կենդանական աշխարհը (Fauna) ամբողջութեամբ «խոտան» որակելը անհեթեթի անտեղի խցկում է: Ինչպէս նաեւ` ծիծաղաղերսութիւն:

Ինչո՞ւ դեւը անդադար կը հոգար եւ կը խնամէր հրեշտակապետը: Ինչո՞ւ Եւային պաստառը մութ էր: Ինչո՞ւ ամպերը «կը հաշուէին»` փոխանակ համրելու, իսկ սրտեր կը «կտրէին» փոխանակ կոտրելու եւ այլն, եւ այլն:

«Բարեզարդ աւարտ».-  Անկախ ամէն ինչէ, կան երկու շատ գնահատելի եւ ուրախալի կէտեր: Նախ` որ թատերախումբին սկզբունքային մօտեցումը թատրոնին առնուազն մէկ գլուխով բարձր է այն երեք այլ ելոյթներէն, որոնք նոյն շրջանին տեսանք «Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ: Ասիկա ցաւօք, կը ներառէ «Մօրքուրը»: Երկրորդ կէտը «քիմիա»-ն էր, այսինքն` անդամներու միջեւ առկայ համերաշխութիւնը, հասկացողութիւնը եւ սէրը: Ակնբախ էր նաեւ աշխատասիրութիւնը եւ զոհողութեան ոգին: Ասոնք հազուագիւտ գանձեր են: Յուսանք, որ շահարկուին` ընտրելով աւելի խնամուած բեմագրութիւն: Եթէ տեղական պայմանները ներեն, ներկայ կազմը կրնայ վերածուիլ մնայուն թատերախումբի:

 

1.- Լուսնի երկինքը մութ է նոյնիսկ «կէսօրին»: Այդտեղ մթնոլորտ չկայ, որ լոյս ցոլացնէ:

2.- Պարզուեցաւ, որ պատանքը պատրաստուած է խաչելութենէն առնուազն հազարամեակ մը ետք:

3.- Ահազանգի համար կը գործածուին թաւ ձայներ, որովհետեւ անոնք աւելի հեռու կրնան հասնիլ:

4.- Երաժշտութիւնը հաճելի չէր Եւային: Ուրեմն այրը հակուած է արուեստի, իսկ կինը` ո՞չ:

5.- Աւազանի անունով Կոնստանտին Ալեքսէեւ (1863-1938): Ռուս հարուստ վաճառական մը, որ  յեղափոխութեան նախօրեակին հիմնած էր իր թատրոնը եւ թատերական դպրոցը

Նախորդը

Երազանք Պահելու Սովորութիւն

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.