Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՇՄԱՐ. ԵՐԲ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՐԺԵՒՈՐՈՒԻ ԱՍՄՈՒՆՔՈՂԻՆ ՇՈՒՆՉՈՎ

July 27, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթերցանութիւն մը կը պահանջէ հոգեմտաւոր առողջ տրամադրութիւն: Վէպ մը ըլլայ թէ պատմուածք, կամ արձակ էջեր, անշուշտ կարեւոր է կեդրոնացումը ոչ միայն պատմուածը կամ գրուածը  ըմբռնելու իմաստով, այլեւ` վերլուծական քննարկում մը ունենալու, ուրկէ կու գայ ընթերցուածը արժեւորելու կեցուածքը, սիրելը կամ չսիրելը, գրական ճաշակ մը արտայայտելը:

Ինչ կը վերաբերի բանաստեղծութեան, քերթուածի մը ընթերցումին, այս պարագային հարցը զգացական մթնոլորտի մէջ մնալէ զատ, եթէ անշուշտ քերթուածը քնարաշունչ զարգացում մը ունի, կարելի է զայն արժեւորել նաեւ տրամաբանութեամբ, թէ որքա՛ն մտածել կու տայ գրուածքը, որքա՛ն զգացում կ՛արթնցնէ, կամ ի՛նչ չափով տրտմութիւն, հրճուանք եւ մանաւանդ սէր կը փոխանցէ: Մէկ խօսքով, մարդկային ո՞ր աստիճանի բնոյթ ունի քերթուածը, ընթերցողին հոգին կը շոյէ՞ ենթակայական տրամադրութեամբ:

Լուռ, անհատական ընթերցանութիւնը կրնայ փոխուիլ եւ ստանալ հաւաքական զգացողութիւն, երբ քերթուածը արտասանուի բեմէն, կամ արձանագրուած է ձայնագիր մեքենայի վրայ, ներկայ օրերու գիտութեան ընձեռած բարիքներու օժանդակութեամբ: «Սի. Տի.» կոչուի թէ «Տի. Վի. Տի.», ունկնդրութիւնը կը վերածուի ցնծութեան, յուզական ապրումի, ունկնդրողին ջղային դրութիւնը շոյող, վերացնող, շրջապատի ազդեցութենէն անջատող, խորասոյզ վիճակի փոխադրող: Այս պարագային մեկնաբանութիւնը տուեալ բանաստեղծութեան յոյժ անհրաժեշտ  է, որով կարելի է ըմբոշխնել մատուցուած երկը:

Մեր գաղութին մշակութային կեանքին մէջ օգտաշատ աւանդութիւն մը կար. արտասանական մրցում կը կազմակերպուէր հայկական վարժարաններու շնորհալի աշակերտներու մասնակցութեամբ: Առաւելաբար Համազգայինը ստանձնած էր այս պարտականութիւնը: Բանաստեղծութիւններ կ՛արտասանէին եւ դատական կազմ մըն ալ կ՛ընտրէր լաւագոյն արտասանողները, որոնք կը ստանային նիւթական պարգեւներ եւ այլ նուէրներ: Վերջին տասնամեակին գրեթէ մոռցուած է այս աւանդութիւնը, հետեւաբար ասմունքողներու բացակայութիւնը նշմարելի է:

Հրապարակի վրայ ունինք քանի մը արհեստավարժ արտասանողներ, կամ` ասմունքողներ: Ոմանք անձնական նախաձեռնութեամբ բեմ կը բարձրանան պարբերաբար: Այս շարքին մէջ ունինք Անի Եփրեմեանը, որ բացի ասմունքային նախաձեռնութիւններէ, կը մասնակցի նաեւ մեր ազգային առիթներու նուիրուած ձեռնարկներու գեղարուեստական յայտագրին:

Այս ոլորտին մէջ ներկայութիւն է նաեւ Իրմա Տէտէեանը, որ վաստակ մը ձգած է իր ետին` ասմունքի հրապարակային ձեռնարկներով, ապա «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռէն կը ներկայացնէր բանաստեղծութիւններ` ուրախացնելով բանաստեղծութիւն եւ ասմունք սիրողները:

Ունինք նաեւ քանի մը շնորհալի երիտասարդուհիներ, ինչպէս` Մակի Մկրտիչեան-Տէր Խաչատուրեան, Մարալ Վարդապետեան, որոնք մասնակցութիւն կը բերեն մասնաւորաբար մեր ընկերային-մշակութային ձեռնարկներուն: Կարելի է ունենալ նաեւ այլ անուններ` մեր դպրոցներէն ասմունքի պատրաստուած, բայց անոնք քաջալերանք չունենալով` կը մնան լուռ, հետզհետէ խամրելու արուեստի այս ճիւղին մէջ:

Նախքան լիբանանեան պատերազմը ունեցած ենք տասնեակ մը վարպետ արտասանողներ, բայց 1990-ական թուականներէն ասդին արուեստի այս ճիւղը չէ դալարած եւ չէ պտղաւորուած ակադեմական իմաստով:

Ասմունքը մաս կը կազմէ թատերական արուեստին, երբ մեր թատրոնն ալ ընկրկումներ կ՛ունենայ, հետեւաբար արտասանութեամբ գրականութիւն փոխանցելու միջոցառումներն ալ կը մոռցուին: Մեր փափաքն է, որ վերստին թափ առնէ ասմունքի հրապարակային հանդիսութիւնը, որպէսզի նոր սերունդի մեր տաղանդաւոր զաւակները կարենան արտայայտել իրենց ձիրքերը: Այս կ՛ըսենք մասնաւորաբար նկատի առած գիրք կարդալու անբաւարարութիւնը կամ անտարբերութիւնը: Եթէ մէկ-երկու ժամ ունկնդրենք բանաստեղծութիւն մը` բեմէն արտասանուած, հաղորդակից կ՛ըլլանք անցեալի կամ ներկայի մեր բանաստեղծներուն, գրողներուն ստեղծագործութեան: Առանց աչք յոգնեցնելու կամ կեդրոնացումի պահ մը փնտռելու` կը լսենք ազնիւ խօսքի, հայ գրականութեան գեղեցիկ արտայայտութիւններէն էջեր, որով հաղորդակից կ՛ըլլանք հայ գրականութեան նորութիւններուն:

Այս պարագային կարելի է դիմել արդի գիտութեան ընձեռած դիւրութիւններուն` Սի.Տի.-ով կամ Տի.Վի.Տի.-ով արձանագրուած, եթէ ասմունքող արուեստագէտը նիւթական կարելիութիւնը ունենայ…:

Մեր մշակութային միութիւններուն ճիտին պարտքն է զարգացնել ասմունքի արուեստը եւ կազմակերպել մրցանքներ, որպէսզի կարելիութիւնը ունենաք ծաղկեցնելու մեր գրականութիւնը, եւ ինչո՛ւ ոչ, նաեւ սէր արթնցնելու գիրքի մը նկատմամբ, ընթերցանութեամբ եւ գրականութիւնը մատչելի դաշտի մը վերածելու նախանձախնդրութեամբ:

Արդեօք ժամանակավրէ՞պ է մեր առաջարկը: Երբե՛ք, ո՛ւր կամք, հոն կայ նաեւ` կեանք:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդը

ՀԱՄԱԹՐՔՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՆԴ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴ` ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԵՊՍ. ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ԵՐԱՆԱՑՄԱն ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.