Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկահայութեան Թանգարանի Նախագիծի Առաջարկները Կ՛ընդունուին

December 15, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0000AGCCՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Արեւմտեան Ամերիկայի միացեալ յանձնախումբը չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 10-ին յայտարարեց, թէ սկսած է ընդունելու Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին նախնական նախագիծերը:

Հետաքրքրուած ճարտարագէտները կրնան դիմել [email protected] հասցէին` ստանալու համար իրենց դիմումնագիրները, որոնք պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 14 յունուար, 2015:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբը պիտի քննէ ներկայացուած առաջարկները` անոնցմէ ընտրելով 5-ը, որոնցմէ պիտի խնդրուի պատրաստել մանրամասն նախագիծներ: Յանձնախումբը կը ծրագրէ ապրիլ 24, 2015-էն առաջ ընտրել Ամերիկահայութեան թանգարանը կառուցող ճարտարապետը կամ ճարտարապետական հիմնարկը:

Կը նախատեսուի կառուցել 30 հազար քառակուսի ոտք տարածք ունեցող շէնք մը, որ թանգարանին կողքին պիտի ունենայ ցուցադրութեանց համար երկու սրահներ, թատերասրահ մը, դասարաններ եւ ուսումնասիրութեանց յատուկ գրադարադան մը, ինչպէս նաեւ` ստորգետնեայ կանգառ: Թանգարանի մուտքին պիտի կառուցուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան մը, որուն կառուցման մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի հրապարակուին:

Յիշեցենք, որ նոյեմբեր 4-ին Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց «Բացառիկ բանակցային համաձայնագիր» կնքել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբին հետ, քաղաքին «Սիվիք օտիթորիըմ»-էն հարաւ եւ Հանրային համալսարանին դիմաց գտնուող 1.7 արտավար տարածքը նշեալ ծրագիրին վարձու տալու համար:

Ծրագիրին նպատակն է Քալիֆորնիոյ հայութեան պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող բարձրորակ թանգարան մը հաստատել Կլենտէյլի մէջ: Նահանգը արդէն իսկ հարուստ է բնիկ ամերիկացիներու, սպանախօսներու, ափրիկեցի ամերիկացիներու, չին ու ճափոնցի ամերիկացիներու, հրեաներու եւ Ողջակիզման, իտալացի եւ քորէացի ամերիկացիներու եւ այլ հաւաքականութեանց յատկացուած թանգարաններով, որոնք Քալիֆորնիա այցելողներուն կը ծանօթացնեն նահանգին մէջ ապրող տարբեր ժողովուրդներու պատմութիւնն ու անոնց մշակութային հարստութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Արեւմտեան Ամերիկայի միացեալ յանձնախումբին մաս կը կազմեն շրջանի հայկական քաղաքացիական եւ կրօնական կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները:

Նախորդը

Մասարա

Յաջորդը

11 Դեկտեմբեր 1946. ՄԱԿ-ը Որդեգրեց Ցեղասպանութեան Դատապարտումի Որոշումը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.