Երէկ` ուրբաթ, 12 դեկտեմբերին, աւարտեցաւ պայմանաժամը բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց թեկնածութիւնը կ՛ուզէին առաջադրել Նըժմէ ակումբին ընտրութիւններուն:
11 անձեր, որոնք իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին 11 աթոռի համար, մրցակիցի չգոյութեան պատճառով նոր վարչութեան անդամ ընտրուեցան:
Այդ 11 անձերն են` Մոհամետ Ամին Տահուաք, Սալահ Օսէյրան, Ֆուատ Սըննօ, Ժիհատ Արապ, Սաատէտտին Իթանի, Մոհամետ Շաքեր, Պաշիր Հարիրի, Ուալիտ Թըմսահ, Սամի Ուազզան, Պիլալ Տանա եւ Ասաատ Սապլինի:


