Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջ Ակռաներ Ունենալը Կարեւոր Է

December 13, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1213_agra-1Ակռաները մեր կեանքին մէջ անհրաժեշտ են: Անոնք ուտելիքները կը բզկտեն, որպէսզի մենք կարենանք զանոնք դիւրութեամբ կլլել եւ մարսել: Անոնք կ՛օգնեն նաեւ խօսելու: Եւ վերջապէս, անոնք մաս կը կազմեն մեր անձնաւորութեան. երբ մենք գեղեցիկ ակռաներ ունենանք, մեր ժպիտն ալ գեղեցիկ կ՛ըլլայ:

Մենք պէտք է շատ հոգ տանինք մեր ակռաներուն, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ անոնք էմայով` մեր մարմինին ամէնէն տոկուն նիւթով ծածկուած են, անոնք դիւրաբեկ են: Իւրաքանչիւր ճաշէ ետք անոնք յարձակումի կ՛ենթարկուին ուտելիքի մնացորդներով սնանող մանրէներուն կողմէ: Ցնցում մը կրնայ զանոնք կոտրել: Անոնք գանձեր են, որոնք պէտք է պահպանել:

***

Պատմութեան Ընթացքին

– Նախապատմական մարդիկը մեզի չափ ակռաներ ունէին, սակայն անոնց ծնօտը` աւելի մեծ էր: Անոնց ակռաները աւելի մեծ էին եւ ունէին աւելի խրթին ձեւ:

– Մինչեւ այսօր մարդիկ կը մտածէին, թէ ակռայի փտութիւնը սկսած է, երբ մէջտեղ եկած է երկրագործութիւնը մօտաւորապէս 11,000 տարիներ առաջ:

– Սակայն, ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն: անոնք մէջտեղ եկած են 4000 տարիներ առաջ:

– Այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ խոզկաղին, խոզակ եւ զօրաւոր պատեանով պտուղներ կ՛ուտէին: Այս չորս պտուղները շաքարով հարուստ են: Ասիկա կը յառաջացնէր փտութիւն, վէրք եւ բերանի գարշահոտութիւն:

– Գիտնականները այս բոլորը գիտեն, որովհետեւ անոնք գտած են 15,000 տարուան ոսկորներու մնացորդներ` Մարոքի քարայրներէն մէկուն մէջ: Հոն գտնուած բոլոր ակռաները փտած էին:

– Ասիկա փաստ մըն է, որ վայրի բոյսերն ալ երկրագործութեան արտադրած բոյսերով ուտելիքներուն նման գէշ են ակռաներուն համար:

***

Աղտոտ, Ծուռ Կամ Կտրուած Ակռաներ

1213_agra-2Ակռային վրայ կը կազմուի ուտելիքի մնացորդներու եւ մանրէներու խաւ մը: Այս մնացորդներով սնանելով` մանրէները կ՛արտադրեն թթու մը, որ կը կրծէ ակռային էմայը եւ փղոսկրը: Ասիկա փտութիւն կը յառաջացնէ: Այս հիւանդութիւնն է, որ ակռան կը փճացնէ:

– Այս վնասակար խաւին դէմ ստոյգ զէնքերն են` առտու եւ իրիկուն 2 վայրկեան ակռաներու խոզանակումը, ֆլիւորով ակռայի դեղ, ակռայ մաքրելու դերձան եւ բերան ցօղուելու դեղ:

1213_agra-3– Երբեմն մեր վերջնական ակռաները ծուռ կը բուսնին: Հետեւաբար պէտք է զանոնք իրենց տեղը դնել: Ասոր համար մօտաւորապէս 10-12 տարեկանին կարգ մը երեխաներ ակռայի «մեքենայ» կը դնեն:

– Երբեմն ակռաները բուսնելու բաւարար տեղ չեն ունենար ոսկորի հարցի մը պատճառով: Վերի ծնօտը իբրեւ կափարիչ կը բանի: Եթէ ան չմեծնայ, վարի ակռաները այդ «կափարիչին» տակ բանտարկուած կը մնան:

– Իսկ երբ պատահի, որ մեր ակռան կոտրուի, կարելի է զայն փակցնել: Սակայն պէտք է զայն անմիջապէս կ՛ամ կաթի մէջ, կա՛մ նոյն անձին լորձունքին մէջ պահել եւ ատամնաբուժին երթալ:

– Բազմաթիւ լուծումներ գոյութիւն ունին: Ակռան կարելի է դարձեալ «ցանել», վերանորոգել յատուկ նիւթով մը, կամ` ինկած կտորը փակցնել:

 

Տարիներու Ընթացքին

1213_agra-5 1213_agra-46-12 տարեկանին միջեւ կաթի ակռաները կը թափին եւ անոնց փոխարէն` կը բուսնին վերջնական ակռաները: Չափահաս տարիքին մենք կ՛ունենանք 32 ակռայ` 16 հատ վերը, 16 հատ վարը:

1.- Մօտաւորարէս 6 տարեկանին` 4 աղօրիները: Անոնք ուտելիքները կը տրորեն:

2.- Մօտաւորապէս 7 տարեկանին` կեդրոնական 4 կտրող ակռաները` հերձատամները:

3.- Մօտաւորապէս 8 տարեկանին` կողմի 4  հերձատամները:

4.- Մօտաւորապէս 9-10 տարեկանին` 8 նախաղօրիները, որոնք կը փոխարինեն կաթի աղօրիները:

5.- Մօտաւորապէս 11 տարեկանին` 4 շնատամները: Անոնք ուտելիքները կը փրցնեն:

6.-  Մօտաւորապէս 12 տարեկանին` 4 երկրորդ աղօրիները:

7.- 18-25 տարեկանին միջեւ` իմաստութեան 4 ակռաները:

 

Անասուններու Սուփըր–Ակռաները

Անասունները արտակարգ ակռաներ ունին: Ասիկա բնական է. առանց ակռայի` անոնք չեն կրնար ուտել: Առանց ուտելու` կարելի չէ ապրիլ: Ակռաները անոնց համար էական են:

1213_anassoun-1ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍը ունի մօտաւորապէս 72 սուր ակռաներ: Անոնք չեն ծառայեր ծամելու, այլ` որսերը բռնելու: Ամէն երկու տարին անգամ մը անոնք կը նորոգուին: Վարի կողմէն երկու աւելի բարձր ակռաներ բերնէն դուրս կը ցցուին, նոյնիսկ երբ անոր բերանը գոց է:

ՇԱՆԱՁՈՒԿն ալ լաւ զինուած է: Ան ունի մօտաւորապէս հարիւր ակռայ, որոնք կը նորոգուին անոր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ակռայի շարքերը կը յառաջանան, երբ կը սկսին մաշիլ գլորուող գորգի մը նման:

– Միւս բոլոր կրծողներուն նման, նապաստակն ալ ունի մեծ ակռաներ, որոնք անդադար կը բուսնին. ամէն շաբաթ` 2 մմ: Կրծելով` անոր ակռաները կը մաշին:

1213_anassoun-2– Նոյնն է պարագան ձիուն: Անոր ակռաները անդադար կը բուսնին: Եթէ անոնք գէշ կերպով մաշին կամ շատ բուսնին, անոր համար դժուար կ՛ըլլայ ծնօտը գոցել: Հետեւաբար ան լաւ չի կրնար ծամել եւ կրնայ մարսողութեան ծանր հարցեր ունենալ:

– Ամէնէն մեծ ակռաները փիղին ակռաներն են. անոր փղոսկրները կրնան մինչեւ 3 մեթր երկայնք ունենալ: Անոնք կտրող ակռաներ են: Ան ունի նաեւ չորս աղօրի ակռաներ` բոյսերը տրորելու համար: Անոնք միայն մէկ անգամ կը փոխարինուին, երբ կը մաշին:

1213_anassoun-4ԾՈՎԱՓԻՂն ալ ունի երկար ակռաներ: Շնատամները անոր կը ծառայեն կառչելու եւ սառոյցին վրայ տեղափոխուելու:

– Ամէն մարդ գիտէ, թէ հաւերը ակռայ չունին: Սակայն ճուտիկը ունի մանր ակռայ մը` կտուցին ծայրը, իր ծնունդին: Ան շատ կարծր, փոքրիկ ուռեցք մըն է, որ անոր կարելիութիւնը կու տայ հաւկիթը կոտրտելու: Ապա անիկա կ՛անհետանայ:

 

Ատամնային Մրցանիշ

 

1213_mrtsanich-1Ամերիկացի Վալ Քովփաքով կտրած է աշխարհի ամէնէն շատ ակռայի դեղի տուփիկներու հաւաքածոյի մրցանիշը: Ան ունի աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքած տուփիկներ` Ճափոնէն, Քորտայէն, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն եւ Ռուսիայէն:

Իսկ գիտէի՞ք, թէ ան ի՛նչ կ՛աշխատի: Այո՛, անշուշտ, որ ան ատամնաբուժ է: Իր յաճախորդները կրնան տեսնել այս իր հաւաքածոն Ամերիկայի Ճորճիա նահանգին մէջ գտնուող անոր ատամնաբուժարանին մէջ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ Պապային` գտնելու համար իր կորսուած եղջերուին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ Պապային` գտնելու համար իր կորսուած եղջերուին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել` իւրաքանչիւր հորիզոնական եւ ուղղահայեաց, ինչպէս նաեւ 3x3 տուփիկներուն մէջ դնելով 1-9 թիւերը:
Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել` իւրաքանչիւր հորիզոնական եւ ուղղահայեաց, ինչպէս նաեւ 3×3 տուփիկներուն մէջ դնելով 1-9 թիւերը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1964)

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Միօրեայ Միջմիութենական Սեմինար Եւ Զարգացման Մրցում

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.