Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ ՀՄԸՄ Գահիրէի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին

December 5, 2014
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10849185_10152916351384429_597518110_o10849469_10152916357509429_838543677_oՈւրբաթ, 21 նոյեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ՀՄԸՄ Լիբանանը ներկայացնող մարզական պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Գահիրէ` մասնակցելու համար ՀՄԸՄ Գահիրէի հիմնադրութեան 100-ամեակի հանդիսութիւններուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջիկներու երկրորդական երկու խումբեր` իրենց մարզիչները, պասքեթպոլի յանձնախումբի պատասխանատուները եւ վարչութեան ատենապետը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը:

Պատուիրակութիւնը դարձաւ եռօրեայ հիւրը Գահիրէի վարչութեան:

Առաջին օրուան յայտագիրը սկսաւ ուրբաթ, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին` պաշտօնական արարողութեամբ, որուն առաջին բաժինով տեղի ունեցան սկաուտական խոստման արարողութիւններ. գայլիկներ, արծուիկներ, արիներ եւ արենուշներ կարգապահ շարքերով կատարեցին իրենց խոստումը: Ապա խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ Գահիրէ Արարատի 100-ամեակի մարմինը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ՀՄԸՄ Կամք-Աղեքսանդրիոյ վարչութիւնը:

Պաշտօնական բաժինէն ետք տեղի ունեցան պասքեթպոլի երկու մրցումներ. առաջինը` Գահիրէի փոքր տղոց խումբին եւ տեղական-արաբական խումբի մը միջեւ: Մրցումը աւարտեցաւ արաբական խումբին յաղթանակով: Երկրորդ մրցումին Անթիլիասի տղոց խումբը հետաքրքրական ճակատում մը ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ Կամք խումբին դէմ: Երկու խումբերն ալ ունեցան լաւ եւ արագ խաղարկութիւն մը, որ յանգեցաւ լիբանանեան խումբին յաղթանակին: Երեկոն աւարտեցաւ ընթրիքով:

Շաբաթ առաւօտ պատուիրակութիւնը Գահիրէի ՀՄԸՄ-ականներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Գահիրէի հնագիտութեան թանգարանը, ուր աւելի քան երկու ժամ մարզիկները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու Եգիպտոսի փարաւոններու քաղաքակրթութեան եւ արուեստին:

Կէսօրէ ետք անգամ մը եւս պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ ՀՄԸՄ-ի ակումբը, ուր տեղի ունեցան երկրորդ օրուան մրցումները: Առաջին մրցումին Գահիրէի փոքր աղջիկներու խումբը մրցեցաւ եգիպտական խումբի մը դէմ: Երկրորդ հանդիպումին Անթիլիասի աղջիկներու խումբը տաք, արագ եւ զօրաւոր խաղ մը ունեցաւ Գահիրէի մեծ աղջկանց դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ Անթիլիասի յաղթանակով: Երրորդ հանդիպումը Անթիլիասի տղոց եւ Գահիրէի տղոց միջեւ էր: Մրցումը աւարտեցաւ Գահիրէի խումբին յաղթանակով: Իւրաքանչիւր խաղի աւարտին երկու խումբերը կը ստանային մետալներ, իսկ յաղթական խումբը` բաժակ:

Մրցումներուն միջեւ` դադարին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ շրջաններուն, որոնք իրենց կարգին յանձնեցին յուշանուէրներ: Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւս յանձնեց եւ ստացաւ յուշանուէրներ երկու շրջաններէն: Երեկոն աւարտեցաւ ակումբին սրահին մէջ կազմակերպուած խանդավառ խրախճանքով, որուն ընթացքին 100 ամեակի կարկանդակը հատեցին:

Կիրակի ազատ օր էր. Լիբանանէն Եգիպտոս հասած պատուիրակութիւնը չէր կրնար վերադառնալ առանց այցելելու հին աշխարհի հրաշալիքներէն նկատուող բուրգերը եւ անոնց հսկող սֆինքսը: Արդարեւ, խումբը այցելեց բուրգերը, մտաւ անոնց մէջ, յիշատակելի նկարներ ունեցաւ եւ գոհունակ վերադարձաւ:

Կէսօրէ ետք, խումբը Գահիրէի ակումբին մէջ մտերմիկ պահեր անցուց ՀՄԸՄ-ական մարզիկներու, սկաուտներու եւ վարչական պատասխանատուներուն հետ: Միասին ճաշելէ եւ հաճելի պահեր անցընելէ ետք հասած էր մեկնումի պահը: Իրարու հրաժեշտ տուին եւ շուտով տեսնուելու խոստումով ու գեղեցիկ յիշատակներով ուղղուեցան օդակայան…

 

 

Նախորդը

Ռուբէն Նազարէթեան. «Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականը Բարեկամական Խաղեր Պիտի Կատարէ Էսթոնիոյ Մէջ»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.