Երէկ` հինգշաբթի, 4 դեկտեմբերին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի խաղերուն ընթացքին Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ իր դաշտին մէջ հիւրընկալեց Մինեսոթա Թիմպըրուըլզը. դաշտին տէրերը 85-77 արդիւնքով յաղթական դուրս ելան այս խաղէն:
Սակայն այս խաղին խորհրդանշական կէտը այն էր, որ այս յաղթանակին շնորհիւ Սիքսըրզ ընդհատեց ախոյեանութեան սկիզբէն շարունակուող պարտութիւններուն շարքը, որ հասեր էր 17 խաղերու եւ մէկ քայլ մնացեր էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան հակամրցանիշին հաւասարելու:
Յայտնենք, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ ամէնէն երկար պարտութեան խաղերու շարքը կը պատկանի Նիւ Ճըրզի Նեց (ներկայիս` Պրուքլին Նեց) խումբին, որ 2009-2010 տարեշրջանին պարտուեր էր 18 յաջորդական խաղեր:


