ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր մշակոյթի եւ արուեստի մարզի գործիչներուն նախագահական մրցանակներու յանձնումի արարողութեան ընթացքին քննադատած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամները: Ան ըսած է. «Նայեցէ՛ք անգամ մը, այդ հինգ երկիրներն ալ քրիստոնեայ երկիրներ են, անոնց միջեւ մահմետական երկիր մը կա՞յ: Սուրիոյ մէջ աւելի քան 300 հազար հոգի մեռաւ: Միլիոնաւոր անձեր ստիպուեցան իրենց տուները լքել: Միջազգային ընտանիքն ու Ապահովութեան խորհուրդի այդ հինգ երկիրները յստակ որեւէ քայլ առի՞ն սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու համար»: Ան ըսել կ՛ուզէ, որ այդ երկիրները «քրիստոնեայ» ըլլալնուն համար անտարբեր կը մնան սուրիացի զոհերուն ու տեղահանուածներուն նկատմամբ, որոնք, ըստ նոր օսմանական սուլթանին, միայն իսլամներ են եւ անոնց մէջ քրիստոնեաներ չկան, եւ եթէ Ապահովական խորհուրդի մնայուն անդամներուն շարքին մահմետական երկիր մըն ալ ըլլար` իմա` Թուրքիան, կացութիւնը տարբեր պիտի ըլլար:
Էրտողան իսլամական աշխարհի ղեկավարը ըլլալու իր քաղաքական նպատակէն եւ ընտրական հաշիւներէն մեկնած կը նախընտրէ այդ զոհերն ու տեղահանուածները մահմետականներով սահմանափակել: Ան այդ նոյն տրամաբանութենէն մեկնած յայտարարեց, որ մահմետականները Քոլոմպոսէն առաջ յայտնաբերած են Ամերիկան: Այդ յայտարարութիւնը թերեւս աւելի տրամաբանական թուէր, եթէ ըսած ըլլար, թէ արաբները Քոլոմպոսէն առաջ յայտնաբերած են «աւետեաց երկիրը», սակայն այդ մէկը ըսելը ոչ միայն իր գործին պիտի չծառայէր, այլ հաւանաբար նաեւ ազգային արժանապատուութիւնը պիտի վիրաւորէր: Պէտք է նաեւ նշել, որ եթէ Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները քրիստոնեայ ըլլային եւ կրօնական դրդապատճառներով շարժէին, առնուազն քրիստոնեայ զոհերն ու տեղահանուածները պիտի փրկէին, սակայն մենք տեսանք, թէ Քեսապի ու Մաալուլայի մէջ եւ այլուր անոնք ինչպէս ձեռնածալ մնացին:
Էրտողան նաեւ յայտնած է. «Երբ մեզ տեսնեն, միայն կը շնորհաւորեն սուրիացի տեղահանուածները ընդունելու համար», ինչ որ մտածել կու տայ, որ ան ատոր համար վարձատրութիւն մը կ՛ակնկալէ, եւ յուսախաբ է, որ արեւմուտքցի պաշտօնատարները միայն «աֆերիմ» ըսելով ափով կը դափեն իր կռնակը:


