Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուած Օգնական

December 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

10811468_567355570074538_298510563_nԱշխարհի ամէն կողմ մրցակցութիւն կայ ղեկավար ըլլալու: Ի՜նչ պայքարներ կ՛երթան, ի՜նչ հսկայ գումարներ կը ծախսուին, ի՜նչ դաւեր կը լարուին, ի՜նչ սպառնալիքներ ու մահացու հարուածներ կը հասնին մրցակից կողմերուն. եւ այս բոլորը` փառքի ու իշխանութեան համար, ոսկիի ու կիներու համար…

Ես վստահ եմ, որ աթոռի համար զիրար բզկտողներուն միտքէն իսկ չ՛անցնիր պաշտօնին առընթեր, փառաւորման կողքին, ծառայութեան իրենց բաժինը իրենց հօտին, իրենց պատասխանատուութիւնը` հանդէպ ժողովուրդին, մասնաւորաբար` աղէտներու ժամանակ: Անոնց մտքէն չ՛անցնիր, որ ղեկավար մը միեւնոյն ժամանակ պէտք է ըլլայ թէ՛ աղան, թէ՛ ծառան ժողովուրդին: Պէտք է ըլլայ` խորհրդատուն, ուղեցոյցը, պաշտպանը, ինքնամոռաց զոհուողը, թէ չէ, ի՛նչ ղեկավար:

Տէ ժիւրէ, օրէնքով այսպէս պէտք է ըլլայ, սակայն տէ ֆաքթօ, իրականութեան մէջ այդպէս չէ. կամ` արդար ըլլալու համար ըսենք, ընդհանրապէս այդպէս չէ, փոքր տոկոս մը դրականին ձգելով: Անշուշտ խօսքս աշխարհի մեծ ղեկավարներուն մասին է, քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, նոյնիսկ` կրօնական ոլորտներու:

Իսկ ի՞նչ է կացութիւնը մեր մէջ, մեր սուրիահայ գաղութներուն, այս պատերազմի դժոխային օրերուն: Մեր միութենական թէ կուսակցական ղեկավարութիւնը արդէն երեք տարիէ ի վեր ահազանգային վիճակի մէջ է, իսկական զօրակոչ` պատուհասեալ ժողովուրդին օգնութիւն փութացնելու համար: Առանց մէկ առ մէկ թուելու` բոլորն ալ պատնէշի վրայ են, իրենց կարողութեանց գերագոյն լարումով:

Սակայն, այս բոլորին կողքին, բացառիկ կեցուածք ունեցան մեր երեք համայնքապետները: Անոնք Աւետարանի պատգամներուն իսկական թարգմանիչները դառնալով` այցելեցին ռմբակոծուած  թաղամասերը, սփոփեցին պատուհասուած ընտանիքները, իրենց աղօթքներով յուսադրեցին վիրաւորները, օրհնեցին թաղամասերու պաշտպանները, օժանդակեցին, որ խաղաղ կեանքը վերադառնայ Քեսապ, եւ այս բոլորը` ի գին իրենց հանգիստին, նոյնիսկ` ի գին վտանգներ դիմագրաւելու:

Նստած եմ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ` լսելու համար Շահան սրբազանը, Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա կատարած իր այցելութենէն եւ Էջմիածնի Եպիսկոպոսական ժողովէն ետք: Տարուած եմ իրմով, չեմ լսեր խօսածը: Կը մտածեմ, այս որքա՞ն աւիւն դրած է Աստուած այս մարդուն մէջ: Այս որքա՞ն ուժ կայ ամբարուած այս նիհար մարմնին մէջ, յոգնիլ չգիտցող, դադար չունեցող, անհանգիստ, յարաշարժ, Աստուծոյ եւ ժողովուրդի ծառայ այս մարդուն մէջ:

Այս բոլորին դիմաց, փոխադարձ ի՞նչ ունինք տալիք, բացի մաղթանքէ: Վարձքդ կատար, եռանդդ անսպառ, Աստուած օգնական, սրբազա՛ն հայր:

ԵՐԵՒԱՆ

Նախորդը

Մանկավարժական Միօրեայ Սեմինար «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Պետիկ Հերկելեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.