Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը, Գրախօսական

December 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Childrens_Bible_Armenian_V_22_4_D_Front-FINALՎերջերս Աթէնք կը գտնուէր Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան տնօրէն դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ դպրոցները այցելելով` բոլոր աշակերտներուն բաշխեց հետաքրքրաշարժ, յատուկ պատրաստուած` «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» գիրքը:

Մանուկի կամ աշակերտի մը համար Աստուծոյ շունչը, աստուածային գոյութեան խորհուրդին ըմբռնումը եւ հասողութիւնը, իր մտքին ու հոգիին մէջ բնակիլը եւ մաս կազմելը, ուսումնական աշխարհին մէջ եւ մանաւանդ նախակրթարանի առաջին տարիներուն որպէս կրօնագիտութեան դաս կը մնան ուսուցման ամէնէն դժուար նիւթը` մնացեալ բոլոր նիւթերուն եւ առարկաներուն կողքին:

«Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» կը փորձէ բոլոր ուսուցողական ծանօթ միջոցներն ու ոճերը օգտագործել, որպէսզի մանուկը իր մտքին եւ յիշողութեան մէջ ունենայ պատմութեան մը ընդհանուր յստակ հասկնալի եւ ըմբռնուած համայնապատկեր մը, որուն տպաւորութեան ուժգնութեան տակ կարենայ գծագրական պատկերով մը ինքզինք արտայայտել իրեն ուսուցուած պատմութեան եւ պատգամին խորհուրդը:

Այս պարագային, մանուկին միտքը պիտի գործէ ոչ թէ միայն սորվելու եւ ըմբռնելու իրեն բացատրուած պատմութիւնը, այլ իր մտածողութեամբ եւ իր ներաշխարհին վրայ ձգած տպաւորութեամբ եւ հասկացողութեամբ պիտի փորձէ գործնականօրէն գծագրական ստեղծագործութեամբ ներկայացնել իրեն աւանդուած պատմութիւնը:

Այս ուսուցողական հարուստ մեթոտով ընկալուած պատմութիւնը ոչ միայն մանուկին յիշողութեան մէջ անմոռանալի տպաւորութիւն կը ձգէ, այլ միեւնոյն ժամանակ անոր ենթագիտակցութեան պաստառին վրայ կը փորագրուի լսածը եւ ուրուագծային պատկերով մը կ’արտացոլայ գծագրութեան ճամբով:

Գիրքը սակաւաթիւ ուսումնական գիրքերէն է, որ այսքան մանրամասն, ուսուցողական դրութեան եւ նրբին մասնագիտացած յատկանիշները ունի` օժանդակելու համար նիւթին ըմբռնումին եւ ընկալման:

Գիրքը ուսուցանողը, նախքան դասագիրքը դասաւանդելու սկսիլը, պէտք է պատրաստած ըլլայ բոլոր անհրաժեշտ օժանդակ իրերը, որոնք յիշուած են գիրքին մէջ:

Գիրքը ունի հրաշալի ու կատարեալ բացատրողական ուղեցոյց-յառաջաբան մը, որ մանուկին եւ օժանդակ անձին «ձեռքէն բռնած»` կ’առաջնորդէ զիրենք Սուրբ Գիրքէն ընտրուած եւ ներկայացուած պատմութեան պատգամին խորհուրդին` ընթերցանութեամբ, բացատրութեամբ, գաղափարներու մեկնաբանութեամբ, յստակացնելով, կրկնելով, հարց ու փորձերով պատմելով եւ մանրամասնելով:

Այստեղ կ’ուզեմ աւելցնել, որ երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ շարադրելը աշակերտին կամ մանուկին միտքը կը տպաւորէ, կը քանդակէ իրեն դասաւանդուած նիւթը, եւ աշակերտը դժուար թէ մոռնայ իր սորվածը:

Երկրորդ` շարադրելը աշակերտին մօտ կը զարգացնէ գրելու ընդունակութիւնը, որ մեծ դեր կը խաղայ մարդկային մտքի աճման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ` իր գործածած լեզուին յառաջդիմութեան մէջ:

Գիրքին բովանդակած պատմութիւնները անկասկած ուսումնասիրուած են Աստուածաշունչի մասնագէտին կողմէ: Ան նկատի առած է այդ ժամանակաշրջանի մարդկային արտաքին եւ ներքին հոգեկան, ընկերային, կենցաղային, աշխարհագրական եւ պատմական մանրամասնութիւնները, կենցաղային վիճակը, նիստ ու կացը եւ վիճակները, որպէսզի կարենար այսպիսի կատարեալ կարճ, ամփոփ շարադրուած եւ դիւրահասկնալի պատմութիւններով գիրք մը պատրաստել:

«Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչ»-ին բացատրական յառաջաբանին մէջ անդրադարձ կը կատարուի գիրքին կարեւորութեան եւ անոր արժէքին:

Գիրքը ուսուցանողը պէտք է կատարեալ պատրաստուած ըլլայ դասաւանդելու զայն այնպէս, ինչպէս որ կը թելադրէ գիրքին դասաւանդելու դրութիւնը:

Նախաբանը կամ վերջաբանը կը յիշատակէ, որ գիրքը «հիմնուած է ակադեմական սերտողութիւններու վրայ»:

Ըստ ինծի, հեղինակը երկար տարիներու ուսումնասիրութիւններու փորձառութիւն ունի, որովհետեւ այսքան մասնագիտացած, մանրամասն ուսուցողական յօրինուած դրութիւն մը կրնայ միայն երկար տարիներու անձնական փորձառութիւններու արդիւնք ըլլալ, այսինքն` մասնագէ՛տ ուսուցողական ոճին, որովհետեւ ան գիտակից է ուսուցողական դժուարութիւններուն եւ գիտէ նաեւ նիւթը մանուկին հաճելի, դիւրաւ ընկալելու ձեւը, որուն շնորհիւ աշակերտը ոչ միայն կը հետեւի դասերուն, այլ ուրախութեամբ կը փնտռէ եւ հաճութեամբ մաս կը կազմէ դասին:

Այս գիրքին կամ, այսպէս ըսենք, կրօնագիտութեան դասագիրքին ուսուցման դրութիւնը ամբողջական է: Բայց եւ այնպէս բոլոր փոքրերը գծելու, այսինքն գիծ քաշելու, գունաւորելու, նիւթի մը մասին պատկեր մը գծելով ու յօրինելու շնորհքը կամ կարողութիւնը չունին: Ուստի, գծագրութիւնը աւելի դիւրացնելու համար, յաւելեալ գիծեր կամ կէտեր պէտք էր ունենային, որպէսզի մանուկը գիծերը միացնելով` կարենար առաջնորդուիլ պատկերին պատմութիւնը ամբողջացնելու:

Բայց եւ այնպէս, այս պարագային, եթէ մանուկը քանի մը գիծեր քաշէ եւ միացնէ, պիտի ունենայ ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացում եւ քաջալերուած պիտի ըլլայ:

Մեծապէս կը շնորհաւորենք եւ կը գնահատենք Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը, տնօրէնութիւնը, թարգմանական աշխատանքը կատարող դոկտ. Արտա Ճէպէճեանը, աշխատակազմը, ինչպէս նաեւ` սոյն գիրքը յօրինող եւ ուսուցողական դրութիւնը պատրաստող եւ յառաջաբանը գրող հոգեւոր արժանաւոր հովիւ Միքայէլ Լանտկրաֆը:

Վարձքերնիդ կատար, բոլորի՛դ, որ մարդկային հոգին զինող, հարստացնող, մարդացնող եւ մանուկին հոգիին մէջ Աստուծոյ գաղափարին կանթեղը վառող Աստուծոյ խօսքին ծառայողներ եղաք:

Դուք շնորհալի եւ պատուաբեր գործ մը կատարած էք:

 

Աթէնք

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Մանկավարժական Միօրեայ Սեմինար «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.